ՊԱՐԹԵՒԻ ՆՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի սի­րուած մե­ներ­գիչ Պար­թեւ Կա­րեան յա­ռա­ջի­կայ շաբթուան սկիզ­բին հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը։ Պար­թե­ւի հա­մեր­գը նա­խա­տե­սուած է «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղա­րուեստի կեդ­րո­նին մէջ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Պար­թե­ւի ե­րաժշ­տու­թեան հա­մա­կիր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նեն այս հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին ան դար­ձեալ իր ու­րոյն ո­ճով պի­տի մեկ­նա­բա­նէ եր­գա­ցան­կի գոր­ծե­րը։ 

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017