ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Գանատայի դեսպան Ճոն Ռոլանտ Քիւրիի հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ու դեսպանը անդրադարձան Գանատայի կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս գանատահայ համայնքի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ սերտ համագործակցութեան։
Բաց աստի, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Գանատայի դեսպան Ճոն Ռոլանտ Քիւրիի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Գանատայի «Հայկական առեւտրային ցանց»ի նախագահ Վահրամ Պիրճանեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարն ու դեսպանը անդրադարձան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ հարցերու։ Որոշուեցաւ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կարգ մը նախաձեռնութիւններով հանդէս գայ, որպէսզի Հայաստան-Գանատա տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը աւելի մատչելի դառնայ հանրութեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024