ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՊԱՏԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»
Երէկ յետմիջօրէին, Պետրոս Շիրինօղլու այցելեց Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Ան ընդունուեցաւ կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց այս զրոյցը, որու ընթացքին Շահին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Շիրինօղլուն։ Նախապէս արդէն յայտնի էր, որ այս ժամադրութիւնը տրուած էր՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հարցերու քննարկման համար։ Ուստի, զրոյցի օրակարգը յայտնի էր, իսկ բովանդակութեան մասին Պետրոս Շիրինօղլու հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Պարոն կուսակալի անձին մէջ նախ մեր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք պետական պատկան մարմիններուն, որոնք մեր համայնքի սպասումներն ու փափաքները նկատի ունենալով, բարեացակամութեամբ աշխատանք կը տանին պատրիարքական ընտրութեան խնդրին վրայ։ Պարոն կուսակալին կողմէ մեզի փոխանցը-ւած պատգամները, ընդհանուր առմամբ, ամբողջ մը կը կազմեն անցեալ շաբաթ Արտաքին գորքոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մեզի ըսուածներուն հետ։ Այսինքն, պատկան իշխանութիւններուն մօտեցումը զարգացած է՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը որպէս տեղապահ ճանչնալու ուղղութեամբ։ Մեր նկատառման այս փուլին յստակօրէն կը յանձնուի, որ պետութիւնը կ՚աջակցի ո՛չ թէ անձերու, այլ հաստատութիւններու։ Ներկայ վիճակին մէջ մենք կրնանք յուսադրուիլ, թէ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան շուտով պիտի կարենանք ձեռնարկել, պատրաստակամութիւն մը զգալի է՝ համապատասխան արտօնութիւններու տրուելուն ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, դրական վերաբերմունքով հանդերձ, վերջին օրերու մեր շփումներէն կը հետեւցնենք, թէ գործընթացի շարունակութեան վերաբերեալ ամբողջական ու վերջնական պատկերացում մը չէ ձեւաւորուած նաեւ պետական մարմիններուն մօտ։ Կը կարծեմ, թէ ամէն ինչ կը յստականայ աստիճանաբար։ Պարոն կուսակալէն հրաժեշտ առինք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր կողմէ մեզի յատկացուած սուղ ժամանակին համար»։