ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…
Կեանքի մէջ մարդուս առաջնակարգ նպատա՛կն է՝ «երջանիկ ըլլալ»։ Արդարեւ, մարդուս բոլոր ջանքերը, աշխատութիւնները ի վերջոյ կը կեդրոնանան այդ միակ նպատակին վրայ, եւ անոնք կ՚ուզեն երջանիկ ըլլալ, երջանիկ ապրիլ եւ երբ հասնին երջանկութեան՝ տեւական ըլլայ անիկա, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ մշտնջենաւո՛ր վիճակը պատէ ամբողջ կեանքը։ Ահաւասիկ մարդուս ամբողջ աշխատանքը՝ զբաղումը այս նպատակին շուրջ կը դառնա՛յ։
«Երջանիկ կ՚ըլլային մարդիկ», կ՚ըսէ Միյնեէ, «եթէ անոնք իրարու հետ միաբանէին, եթէ ոմանք իրենց ունեցած շատէն մաս մը զոհէին եւ ոմանք ալ բաւականային սիրով եւ յօժարակամ իրենց չունեցածովը, բարեփոխութիւններ, այլափոխութիւններ բարեկամօրէն եւ հաշտութեամբ, համաձայնութեամբ տեղի կ՚ունենային, եւ պատմիչը ամենեւին պահանջքը չէր ունենար ո՛չ ծայրայեղ զեղծումներ, ո՛չ անիրաւութիւններ եւ ոչ իսկ թշուառութիւններ յիշելու, իր միակ պաշտօնն ու պարտականութիւնը պիտի ըլլար ցուցնել, թէ՝ մարդկութիւնը աւելի՛ խոհեմ, աւելի՛ ազատ եւ աւելի՛ երջանիկ եղած է»։
Միյնեէի այս բացատրութիւնները մեզի կը յիշեցնէ կարեւոր երկու բան, որ այնպէս կը կարծուի, թէ երջանկութեան հիմնական միջոցներն են։
Նախ՝ չափաւորութիւն, որ կ՚ենթադրէ պարզութիւն, բաւարարութեան զգացում։ Այն որ գիտէ չափ ու սահման, գիտէ կշռել, եւ ըստ այնմ շարժիլ, փափաքներուն, կիրքերուն սանձ մը դնել, եւ հաւասարակշռել զանոնք պատեհ ու անպատեհ ըլլալու ստուգանիշով։ Կշիռի երկու նժարներու վրայ կը գտնուին՝ կիրքեր, անսահման փափաքներ, եւ նաեւ՝ խոհեմութիւն, բաւարարութիւն, գոհացում։
Եւ երբ մարդուս հոգիի կշիռին վրայ հաւասարակշռուած են այս երկու նժարները՝ ահաւասիկ, այդ կը նշանակէ, թէ ան երջանի՛կ է, գոնէ երջանիկ ըլլալու համար ապահով քայլեր առած է։
Երկրորդ՝ Ղուկաս Աւետարանիչի, Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ՝ Յիսուսի վերագրուած այն խօսքը, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը», (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Իր ամենալայն իմաստով՝ տա՛լ, այսինքն զոհել, զոհուիլ, ողորմիլ, սիրել, գթալ եւ այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնք կ՚ազնուացնեն մարդկային հոգին՝ երջանկութեան պատճառ կ՚ըլլա՛ն։
Սա կը նշանակէ՝ որ նիւթականէն զոհողութիւն ընել, նիւթական արժէքներու շատ չկառչիլ, այլ եւ մանաւանդ քիչով բաւականանալ, գոհանալ եւ շատը տալ, բաժնել անոնց՝ որ պահանջքը կը զգան կենսական կարգ մը նիւթերու, որ ինք աւելիովը ունի։
Եւ այս կ՚ենթադրէ՝ համակրական հասկացողութիւն, այսինքն մէկու մը դիմացինին նման խորհելու, զգալու, անոր պէս տեսնելու կեանքը, ուրիշին ցաւերը, վիշտերը հասկնալ, տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն անդրադառնալ։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ, թէ՝ «կուշտը անօթիին վիճակը չի հասկնար»։ Ահաւասի՛կ հոս է բանալի սկզբունքը՝ հասկնալ ուրիշին վիճակը՝ անոր նեղութիւնները, անդրադառնա՛լ եւ կարեկցիլ, մասնակցիլ անոնց, եւ ո՛չ միայն անդրադառնալ, այլ եւ ձեռք երկարել՝ օգնել, իրմէ տալ, զոհել եւ այս կերպով հաւատարիմ մնալ իր մարդկային կոչումին, վեր պահել մարդուն արժանապատուութիւնը, արժէ՛քը։ Ուրեմն, երջանիկ ըլլալ ինչպէս պարտաւորութիւն մըն է, երջանիկ ըլլալու ճամբան ալ՝ այդ բնական եւ աստուածատուր պարտականութեան հաւատարիմ ըլլա՛լն է։
Այո՛, այս իմաստով տալը աւելի՛ երջանկաբեր է քան առնելը։ Եթէ մարդ կուշտ է, որեւէ պակասութիւն չունի, բայց իր ընկերը, դրացին կամ ոեւէ մերձաւորը անօթի է եւ կարօտ կենսական բաներու, այլեւ կարելի՞ է երջանիկ ըլլալ ունեցածներուն առատութեամբ, յորդ ու զեղուն շտեմարաններով եւ ամբարանոցներով։ Մարդ ո՜րքան անտարբեր ու անխիղճ ըլլալու է, որ եթէ իր մէկ մերձաւորը՝ ընտանիքի անդամ, բարեկամ, դրացի եւ ոեւէ մէկը, անօթի է, հիւանդ եւ կարեկցութեան կարօտ եւ ինք չունենայ որեւէ կարօտութիւն, որեւէ պահանջք եւ ասոր համար ինքզինք երջանիկ զգայ, երջանկութիւնը արտայայտէ՝ առանց նկատի ունենալու իր մերձաւորին կարօտութիւնը, պահանջները, տկարութիւնն ու թերութիւնը։
Այս պատճառով կ՚ըսենք, թէ՝ ճշմարիտ երջանկութիւնը իրերօգնութեան՝ համակրական հասկացողութեան մէ՛ջ է։
Անգամ մըն ալ տեսնենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «երջանկութիւն»՝ որուն մասին այսքան կը խօսուի, եւ կեանքին նպատակը կը համարուի, գոնէ աշխարհային ժամանակաւոր կեանքին համար։
«Երջանկութիւն»ը, ինչպէս ըսինք, մարդկային իղձ մը, դիտաւորութիւն մըն է, որ հասարակաց է ամէն մարդու համար։ Երջանկութիւն չուզող, երջանկութեան չձգտող մարդ կարելի՞ է երեւակայել՝ կերպը, հասկացողութիւնը կամ աստիճանը ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ ամէն մարդ կ՚երեւակայէ երջանկութիւնը եւ կը ձգտի անոր։ Մարդուս բոլոր աշխատանքը, ջանադրութիւնը, կիրքը կը հիմնաւորուին վերջապէս երջանկութեան վրայ, վերջնական նպատա՛կն է ան մարդուս համար, եթէ հաշուի չառնուի միջանկեալ, երկրորդական նպատակներ։
Մարդուս վերջնական նպատակն է ան։
Արդարեւ, մարդը իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումով բարոյական եւ բարձր բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, ան ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս ամէնուն ընդմէջէն ան կը նշմարէ իր աննիւթական հոգիին նշանները եւ անշուշտ, պահանջները։
Յոյսը եւ երջանկութիւնը ունին ներքին կապ մը՝ որ կ՚ամբողջացնեն զիրար եւ այս պատճառով՝ յոյսին կը յաջորդէ երջանկութիւնը։ Յոյսը աստուածատուր այն առաքինութիւնն է, որով մարդս կը բաղձայ իբր իր երջանկութիւնը ունենալ՝ վստահութիւնը դնելով այն յոյսին, որ խոստումներն են Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիին շնորհներուն։ Ուստի երջանկութեան հասնելու միջոցը՝ յուսալ, վստահիլ եւ հաւատարիմ մնալ է աստուածային խոստումներուն։
Ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն անչափ ու անսահման փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ։ Հոս պէտք է նշել, թէ՝ երջանկութեան լրումն է՝ երանութիւնը։
Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Աստուած տեսնելու Խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն։ Աստուածաշունչի լեզուով, տեսնելը՝ ունենա՛լ է։ Աստուած տեսնողը, արդէն ընդունած է ամէն բարիք, ամէն երանութիւն, զոր կարելի է պատկերացնել»։
Արդարեւ, Քրիստոսի ճանապարհին համառօտութիւնը՝ երանութիւններն են, միակ ուղին՝ դէպի յաւիտենական երջանկութիւնը՝ որուն կը տենչայ մարդուն սիրտը տեւապէ՛ս։ Ուստի հաւատքի կեանքին մէջ կարեւո՛ր է ամբողջական պայծառութեամբ եւ անկեղծութեամբ յայտնել ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ որ կ՚առաջնորդեն մարդս երանութեա՛ն։
Երանութիւնը կը համապատասխանէ մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։
Եւ այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի. Աստուած Ի՛նք դրած է զայն մարդուն սրտին մէջ՝ որպէսզի քաշէ զինք Իրեն՝ որ միա՛կ կարողն է լիացնելու զինք։ Եւ վերջացնենք Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերով. «Մենք ամէնքս անտարակո՛յս կ՚ուզենք ապրիլ երջանիկ, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկա՛յ մէկը որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած»։ Եւ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս կը խոստովանի. «Արդեօք ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Որովհետեւ Քեզ փնտռելով, Աստուա՜ծ իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ Քեզ փնտռեմ որ ապրի հոգիս, քանի որ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմո՛վ»։
Ուրեմն իրական երջանկութիւնը զԱստուած փնտռել, Անոր անդրադառնալ չէ՞. իսկ երանութիւնը՝ զԱյն գտնել, միանալ Անոր։ Քանի որ ճշմարտապէս «Միայն Աստուած յագուրդ կու տայ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 19, 2017, Իսթանպուլ