ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր յետմիջօրէին կը ժամանէ քաղաքս։ Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ պաշտօնական զեկոյցով մը տեղեկացուցած էին, որ Նորին Սրբազնութիւնը կը դիմաւորուի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէ իր երդումը։ Ընդհանուր առմամբ Գումգաբուի մէջ կը տիրէ մեծ եռուզեռ։ Արդարեւ, Նորին Սրբազնութեան քաղաքս ժամանումը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացը։ Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկայ շրջանին թափ առնեն ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի գալուստին առթիւ այսօր համայնքային մամուլին մէջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Սոյն յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։ Պետրոս Շիրինօղլու այս առթիւ կ՚ողջունէ Նորին Սրբազնութեան գալուստը եւ մեր ամբողջ համայնքին կոչ կ՚ուղղէ՝ համախմբուիլ անոր շուրջ եւ իրարու դէմ կանխակալ կարծիքները մէկ կողմ թողլով կեդրոնանալ բուն նպատակին վրայ, որն է պատրիարքական ընտրութիւնը։ Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուած է, որ թրքահայութիւնը ալեկոծեալ շրջանէ մը վերջ բեկումնային պահու մը հասած է պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Ան շեշտած է, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ տարեմուտին տրուած խոստումին հետ ուղիղ հեմեմատութեան մէջ՝ 16 Ապրիլ 2017 թուականի հանրաքուէէն անմիջապէս վերջ պատկան իշխանութիւնները հնարաւորութիւն ունեցած են առաջնահերթօրէն անդրադառնալու մեր համայնքի խնդիրներուն։ Այս մթնոլորտին մէջ հասունցած պայմաններուն զուգահեռ՝ պատկան մարմինները տուած են այն ազդանշանը, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ճանաչում պիտի ունենայ՝ որպէս տեղապահ։
Իր յայտարարութեան մէջ Շիրինօղլու ընդգծած է, որ այս զարգացումը պէտք է հաւաքական ձեռքբերումի մը վերածուի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Անցեալ շուրջ ինն տարիներու բեռը թօթափելու եւ նոր եռանդով մը համայնքային կեանքը բնականոնացնելու ճանապարհին իւրաքանչիւրին կը վիճակի ծանր պատասխանատուութիւն մը։ Շիրինօղլու կը յիշեցնէ, որ ցարդ ապրուած ալեկոծումներով հանդերձ տակաւին բուն ընտրութեան գործընթացը չէ սկսած։ Ուստի, բոլոր պառակտումները մէկ կողմ թողլով պէտք է համախմբուիլ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին շուրջ։ Սա անհրաժեշտութիւն մըն է Պատրիարքական Աթոռի կայունութեան համար։ Հաշուի առնելով անցեալ ինն տարիներու անձնուրաց ու մաշեցուցիչ պարտականութիւնը՝ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ պէտք է դրսեւորել յարգանք ու երախտագիտութիւն։ Մեր համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն ու մեր համայնքի բոլոր խաւերուն եւ անդամներուն վիճակած պատասխանատուութիւն մըն է՝ յառաջիկայ շրջանին խրախուսել մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն ներդաշնակութիւնը։
Ըստ Շիրինօղլուի, այսօր այլեւս աւելի քան երբեք հաւանական է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին թափ ստանալը՝ պետական իշխանութիւններու հետ զուգորդուած ու մեր աւանդութիւններուն համապատասխան ձեւով։ Թէեւ ընտրական բոլոր գործընթացները անխուսափելիօրէն մրցակցութեան մթնոլորտ մը կը պարփակեն իրենց մէջ, սակայն Շիրինօղլուի խօսքերով՝ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դրսեւորել նոր տագնապներէ խուսափելու համար։ Ներառեալ նախաձեռնակ մարմնի մը կազմաւորումը, Պետրոս Շիրինօղլու անհրաժեշտ նկատած է յառաջիկայ բոլոր փուլերը թափանցիկութեամբ եւ փոխադարձ վստահութեամբ յառաջ տանիլը։ Մեր համայնքի հասարակաց յայտարարը պէտք է ըլլայ՝ առողջ ձեւով պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկելը։ Հետեւաբար, նախընտրական գործընթացն ալ մեր համայնքի բոլոր շրջանակներուն պէտք է ներշնչէ առաւելագոյն վստահութիւն, պէտք է ցոլացնէ ժողովուրդի կամքին նկատմամբ յարգանքը։ Առանց այս գործընթացին լայնախարիսխ մասնակցութիւն մը ապահովելու՝ դժուար թէ կարելի ըլլայ լայն զանգուածներէն ակնկալել աւելի մեծ պատասխանատուութիւն։
Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ այլ ուշագրաւ կէտ մը։ Արդարեւ, ան այս փուլին յարմար կը դատէ փորձառու աշխարհական գործիչներու ալ հնարաւորինս մասնակցութեան ապահովուիլը՝ Պատրիարքարանի գործունէութեան։
Շիրինօղլու յայտարարութիւնը աւարտին հասցուցած է յաջողութեան մաղթանքներ յղելով տեղապահ Սրբազան Հօր։