ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ի վերջոյ քաղաքս ժամանելով Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարեց իր ուխտը եւ պաշտօնապէս կոչուեցաւ իր առաքելութեան։ Սա դէպի պատրիարքական ընտրութիւն անկիւնադարձային պահ մը կը համարուի։ Շուրջ ինն տարուան ալեկոծեալ, լարուած շրջանէ մը վերջ Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին համապատասխան գործընթացը մեկնարկած է անշրջադարձելիօրէն։
Երկար ժամանակ վերջ մեր համայնքը համակուած է լաւատեսութեամբ եւ շօշափելի հիմքեր գոյութիւն ունին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին սկիզբը դնելու համար։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն։ Կիրակի երեկոյեան Նորին Սրբազնութիւնը պիտի ուղեւորուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ պիտի գումարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Իր հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի մեկնին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ 6-9 Յունիս թուականներուն նախատեսուած այս ժողովին տեղապահ սրբազան հօր նշանակումով Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պիտի մասնակցին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ մեր ազգայիններէն Թորոս Աբիկ եւ Տիգրան Ալթուն։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի անցնի Քէօլն, ուր պիտի նախագահէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Յաջորդ շաբաթավերջին նախատեսուած այս երկօրեայ ընդհանուր ժողովին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան առաջնորդի իր լիազօրութիւնները մեծաւ մասամբ պիտի փոխանցէ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին։ Այս վերջինը ներկայիս Նորին Սրբազնութեան հետ կը գտնուի քաղաքիս մէջ եւ շատ հաւանական է, որ ապագային ստանձնէ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը։
Երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած անմիջական ձեւաչափով զրոյցին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնեց, թէ այս բոլորէն վերջ Յուլիսի կէսերուն կը նախատեսէ վերջնականօրէն գալ Իսթանպուլ ու շուտով ձեռնամուխ ըլլալ պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքներուն։ Մինչ այդ, ան տեղեկացուց, որ ներկայ տարեվերջին վերջնականօրէն պիտի լքէ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը։