ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Ա -

Մարդիկ, որ ընդհանրապէս հպա՜րտ երեւիլ կը փորձեն, ինքնահաւան ու մեծամիտ, արդեօք կը մտածե՞ն իրենք իրենց մասին, թէ իրապէ՛ս հպարտանալու համար ի՞նչ առաւելութիւն ունին ուրիշներու նկատմամբ։ Արդարեւ, եթէ ունին իսկ, պէ՛տք է գիտնան նաեւ, թէ ուրիշներ ալ իրենց նկատմամբ առաւելութիւններ ունին։ Այս իմաստով, մարդկային կեանքը առաւելութիւններու ներդաշնակութիւն մըն է՝ մէկուն պակասը, մէկ ուրիշին առաւելութեամբ կը լրանայ։

Երբ այս խորհրդածութիւններով տարուած՝ համեստ գրադարանիս ակնարկ մը նետեցի, նշմարեցի Թովմա Ա. Քհնյ. Շի-կահերի «Ս. Գիրքէն Ցոլքեր ու Ցօղեր» քարոզգիրքը եւ սկսայ թղթատել՝ ո՜վ գիտէ քանիերորդ անգամ է որ կը թղթատէի, յանկա՛րծ նշմարեցի այն՝ որուն մասին կը մտածէի։ Բարեպատեհ առիթ մըն էր տեսնել Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի, հպարտութեան մասին յօդուած-քարոզը, որ հրատարակութիւնն էր՝ Պոլսոյ Քահանայից Միութեան «Եօթն Մահացու Մեղքեր» հատորին բովանդակութեան, 1931 թուականին։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Տէր Հայրը հպարտութեան մասին։

Յօդուածը կը ներկայացնենք նո՛յնութեամբ, հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

«Պիղծ է առաջի Տեառն, ամենա՛յն մեծամիտ» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 30)։

Հպարտութիւնը մահացնող մեղքերու կարգին դասուած է Ժամագիրքի զղջման բանաձեւին մէջ։ Հոս մեր խօսքին առանցքը պիտի կազմէ. լոկ, յիշատակեալ բանաձեւով դատապարտուած հպարտութիւնը եւ ո՛չ այն վսեմ, ազնուացնող հպարտութիւնը, զոր կը զգայ մարդ արդարապէս, իր կատարած բարձր, վսեմ մէկ գործին առթիւ, հոգեկան անխառն զգացմամբ զեղուն ու օծուն։

Ուրեմն, այս փոքրիկ նախաբանէն վերջ, անցնի՛նք մեր նիւթիւն։

Մարդկային կեանքի չարիքներէն մի՛ն է մեծամտութիւնը, լա՛ւ եւս, մեծագոյնը՝ արմատը չարիքին, որ կ՚աճի, կ՚արգասաւորի իր մահահոտ պտուղներով, երբ նա մուտ գտած, տեղաւորուած ու տարրացած է մարդուս նկարագրին մէջ։

 Մարդկային որքա՜ն աղէտներ խնայուած պիտի ըլլային, եթէ կարելի ըլլար ջլատել անոր ուժը, կտրել անոր վիզը, նման թունաւոր օձի մը, ամէն անգամ, երբ կը ցցէ նա իր գլուխը, իր մաղձն ու ժահրը դուրս թափելու համար խոնարհ ու խաղաղ սրտերու անդաստանին մէջ։ Ընկերական բարւոք փոխյարաբերութեան մը արգելիչ, քանդիչ նկարագիրն է հպարտութիւնը. սխա՛լ հասկցուած «Ե՛ս» մը։

Արդարեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, անհատակա՛ն թէ հասարակա՛կան, իւրաքանչիւրս կը հանդիպինք շաղակրատ անձերու, որոնք հաճոյք կը զգան իրենց «ես»երուն գովքը հիւսելով, իրենց ըրածն ու չըրածը պանծացնելով։ Երբ իբրեւ աշխարհի մարդ, գովեստ մ՚ալ դուն շռայլես, ստացած կ՚ըլլան անո՛նք իրենց վարձքը, աւե՛լի եւս կը փքանան։ Բայց երբ թոյլ չի՛ տար քու նկարագիրդ, ստացած դաստիարակութիւնդ՝ ստելու, կեղծելու, ա՛յն րոպէին արդէն թշնամի կ՚ըլլաս իրենց, որոնք «որ ո՛չ ընդ իս է, հակա՛ռակ իմ է», աւետարանական խօսքը թիւր կը մեկնաբանեն։

Չէ՞ք հանդիպած այնպիսիներու, որոնք ամէն խօսքի մէջ՝ խօսք մը, ամէն խորհուրդի մէջ՝ խորհուրդ մը ունենալ կը յաւակնին, հոգ չէ թէ համոզում, սկզբունք եւ տարրական հասկացողութինւ իսկ չունենան։ Իրենց յայտնած գաղափարներուն հակա՛ռակը արտայայտել՝ կը փոքրացնէ իրենց սխալ ըմբռնած «ես»ը, մինչդեռ հեզը, իմաստունը՝ պիտի ուզէր օգտուիլ ուրիշներու ալ գաղափարէն։

Չէ՞ք դիտած այնպիսիներ, որոնք իրենց անձն իսկ՝ -թող ընտանիքն ու զաւակները- կառավարելու կարողութենէն եւ շնորհէն զուրկ ըլլալով հանդերձ, կը մեծամտին զքե՛զ քաշել իրենց ետեւէն, զքե՛զ առաջնորդել։

Դիտած չէ՞ք անմիտ հարուստներ, որոնց միակ ապաւէնն՝ իրարու վրայ դիզած ոսկիներն են, կը սոնքան կեանքի մէջ ու կը սպասեն որ բախտազուրկներ՝ խունկով եւ մոմով դիմաւորեն եւ ողջունեն զիրենք։ Անոնք բարձրագլուխ կը խօսին իրենց նմաններուն հետ, կարծես «փոքրիկ լեռներն ալ իրե՛նք ստեղծած ըլլային», ինչպէս կ՚ըսէ ժողո-վըրդական պատկերաւոր խօսք մը։

Հարկ կա՞յ երկարելու շարքը այսպիսիներուն։

Նման նկարագիրներ, մեր շուրջ յածող ճշմարիտ աղէտներ են։

Ի՜նչ յոռի բան է անձնատուր ըլլալ մեծամտութեան կիրքին, որ կը գերէ, կը սպաննէ հոգւոյն ամենէ՛ն շնորհալի առաքինութիւնը խոնարհութիւնը՝ կը դատարկացնէ հոգին ու կ՚այրիացնէ զայն։ Չէ՞ որ «խոնարհ հոգին չ՚արհամարհեր զԱստուած»՝ սրբութիւնը, ճըշ-մարտութիւնը, խլէ՛ ու զա՛տէ հոգին՝ իր այդ զարդարանքէն ու բարձրացո՛ւր հո՛ն հպարտութեան ամբարտակը, առաջնորդած պիտի ըլլաս զայն անսուրբ, ո՛չ-ճշմարիտ եւ անարդար ուղղութեան։

Կա՛նգ առ այս երեք բառերուն վրայ, այո՛, հպարտը իր քայլերը կ՚առաջնորդէ անսուրբ տեղեր, կը բթացնէ իր միտքը, կը կուրցնէ իր դատողութիւնը, կը խաւարեցնէ իր հոգին, երբ անհրաժեշտութիւն մը կը զգայ գոհացում տալու իր «Ես»ին։ Նա կը յանդգնի նոյնիսկ, ինքզինք նկատել «սրբակրօն, ճշմարտասէր, արդարադատ», ու իր դիմացինը ընդհակառակն՝ երբ այդ կը պահանջէ իր ամբարտաւան շահը։

Անսուրբ, կեղծ, անարդար, բարոյական կեանքի այս երեք վատագոյն արատները կը զարհուրեցնեն մարդը, ինչպէս նա պիտի ահաբեկէր երեքգլխեան վիշապէ մը։

Իմաստուն մարդը, իմաստուն անձը կը խորշի, մանաւանդ կը պժգայ սնապարծութենէ, օրինակ առնելով աշխարհի վրայ երեւցած Մեծ Իմաստունէն, որ կը յանձնարարէր իր երախտաւորեալներուն «մէկո՛ւ բան մը չըսել»ու սնապարծութեան դէմ, գերագոյն դասը կու տար։

Հպարտութիւնը ուրեմն, արդարապէս, կոչուած է «մահա՛ցու մեղք», որ կը խանգարէ, կ՚աւերէ ներդաշնակ կեանքը ընկերութեան մէջ, որ իր թոյնը կը սրսկէ անհատական, ընտանեկան եւ հասարակական կեանքի հորիզոնին վրայ։ Մինչդեռ խոնարհութիւնը իր զուարթարար եւ կենսատու ցօղով, պիտի զովացնէր, ուռճացնէր մարդուս էութիւնը, ինչպէս արշալոյսի շաղիկը՝ գարնան անուշաբոյր ծաղիկը։

Ս. Գրոց իմաստունը, իրաւամբ՝ մեծամիտը «պիղծ» մը կը նկատէ Աստուծոյ առջեւ։

Ո՜, գարշելի, աղտոտ, անսուրբ արարած մ՚է հպարտը, իրեն շունչ, միտք եւ հոգի տուող «Պարգեւատու»ին առջեւ։ Դա՛ռն է այս վիճակը։ Դա՛ռն է այս վճիռը եւ անբեկելի, պատգամ մ՚է ան աստուածային՝ մեծ իմաստով յայտնաբերուած։

Հակառակ վճռին ահաւորութեան, մեծամիտը չի՛ սոսկար բարձրութիւններէ արձակուած այդ պատգամէն, որ հզօր, շանթահարիչ կա՛յծ մ՚է բարոյական, ամէն վայրկեան իր հոգին խոցող ու հրկիզող, մինչդեռ պիտի ահաբեկէր նա՝ նիւթական պատժի մը դիմաց, կամ բանտի մը դրան սեմին։

Հպարտը, իր մտքի կուրութեամբ, չ՚երկնչիր «Սողոմոնեան» այս վճիռէն, չէ՞ որ բարոյական մահացու հարուածները չեն վնասեր իր մսազանգուած կառուցուածքին, հոգ չէ թէ՝ կը դատարկանայ իր հոգին, կը սեւնայ կամ խիճերով կը լեցուի…։

- Պիտի շարունակուի այս շահեկան յօդուածը յաջորդով՝ օգտաբեր ըլլալու մաղթանքով, քանի որ ընդհանրապէս բաժին ունի՛նք հպարտութեան ա՛խտէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 19, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017