ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՄԱՐ

«Եկեղեցի» բառը կը նշանակէ «հաւաքոյթ»։ Ուստի այս բառը կը գործածուի, ժողովուրդի մը ընդհանրապէս կրօնական բնոյթով համախմբումը ցոյց տալու նպատակով։ «Եկեղեցի» բառը գործածուած է նաեւ Հին Կտակարանի մէջ՝ «ընտրեալ ժողովուրդին Աստուծոյ շուրջ համախմբումի» նշանակութեամբ, այդ հաւաքականութեան իմաստով։

«Եկեղեցի» բառը յունարէն՝ «դուրս կանչել» բառէն սերած է։ Քրիստոսի հաւատացած մարդոց առաջին հասարակութիւնը ինքզինք «Եկեղեցի» կոչելով, այս համախմբումին ժառանգորդ կը ճանչնայ ինքզինք։ Եւ անոր մէջ, Աստուած Իր ժողովուրդը կը համակոչէ աշխարհի բոլոր ծայրերէն։ Իսկ յունարէն «Գիրիագի» եզրը, որմէ կը սերին «church», «kirche» բառերը, կը նշանակէ «տէրունի՝ որ Տիրոջ կը պատկանի»։

«Եկեղեցի» բառը, քրիստոնեայ լեզուով կամ ըմբռնումով, ցոյց կու տայ ծիսական համախմբումը, բայց նաեւ տեղական հասարակութիւնը կամ ընդհանրական հաւատացեալներուն ամբողջ հասարակութիւնը։ Այս երեք նշանակութիւնները իրականին մէջ իրարմէ անբաժանելի են։ Ուստի «Եկեղեցի»ն կ՚ապրի Քրիստոսի Խօսքով եւ Մարմինով եւ այսպէս ի՛նքն եւս կը դառնայ Քրիստոսի Մարմինը։ Արդարեւ, Եկեղեցին «փարախ»ն է, որուն միակ եւ անհրաժեշտ մուտքը Քրիստո՛սն է։ Եկեղեցին նաեւ հօտն է, որուն մասին Աստուած կանխօրօք յայտարարեց, թէ Ի՛նք պիտի ըլլայ անոր հովիւը, որուն ոչխարները իրենց գլխուն մարդկային հովիւներ ունենալով հանդերձ, յարատեւօրէն առաջնորդուած եւ սնուցուած են «Բարի Հովիւ»էն եւ հովիւներու Իշխան՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որ Իր կեանքը տուաւ Իր ոչխարներուն համար, քանի որ Ան «Քաջ Հովիւ»ն է։

«Եկեղեցի»ն նաեւ «մշակուած արտ» է՝ Աստուծոյ դաշտը. (Ա ԿՈՐՆ. Գ 9)։ Եւ այս դաշտին վրայ կ՚աճի հինաւուրց ձիթենին՝ որուն սուրբ արմատը նահապետները եղան եւ որուն մէջ կը կատարուի եւ պիտի կատարուի հաշտութիւնը Հրեաներուն եւ Հեթանոսներուն։ Ան ցանուեցաւ երկնաւոր Այգեպանին կողմէ իբրեւ ընտրեալ որթատունկ մը։ Քրիստոս Ի՛նքն է ճշմարիտ Որթատունկը, Ի՛նքն է, որ կեանք եւ բեղմնաւորութիւն կու տայ ոստերուն, այսինքն մեզի, Եկեղեցիով մենք կը մնանք Քրիսոտսի մէջ եւ առանց Անոր՝ մենք ո՛չինչ կրնանք ընել։

«Եկեղեցի»ն յաճախ կոչուած է նաեւ Աստուծոյ «շէնք»ը։ Տէրը Ինքզինք բաղդատեց «կառուցողներէն մերժուած վէմ»ին՝ որ անկիւնաքար եղաւ։ Արդարեւ, Եկեղեցին կառուցուած է այս հիման վրայ, առաքեալներուն ձեռքով եւ այս հիմէն կը ստանայ իր հաստատութիւնը եւ միակցութիւնը։ Այս շինութիւնը գեղազարդուած է բազմատեսակ անուններով, զոր օրինակ՝ «տուն Աստուծոյ», որուն մէջ Անոր «ընտանիք»ը կը բնակի, «բնակարան Աստուծոյ»՝ Հոգիով, «բնակութիւն Աստուծոյ»՝ մարդոց մէջ, եւ մանաւանդ «սուրբ Տաճար» ներկայացուած, քարաշէն սրբավայրերով, որ սուրբ Հայրերուն գովաբանութեան առարկան է. իսկ ծիսակատարութեան մէջ արդարօրէն բաղդատուած է «սուրբ Ոստան»ին՝ նոր Երուսաղէմին։

Արդարեւ, երկրի վրայ հաւատացեալներ՝ Եկեղեցիին մաս կը կազմեն իբր շէնքին շինութեանը ծառայող «կենդանի» եւ «բանաւոր» քարեր։

Յովհաննէս տեսիլքի մէջ կը տեսնէ այս սուրբ Ոստանը (ոստան=թագաւորանիստ քաղաք, մայրաքաղաք, գլխաւոր քաղաք), որ աշխարհի վերանորոգման ժամանակ կ՚իջնէ երկինքէն՝ Աստուծոյ քովէն, պատրաստ՝ իր փեսային համար զարդարուած հարսի պէս. (ՅԱՅՏՆ. ԻԱ 1-2)։

Վերջապէս, «Եկեղեցի»ն կը կոչուի նաեւ «Վերին Երուսաղէմ» եւ «մեր մայրը» (ԳԱՂ. Դ 26), (ՅԱՅՏՆ. ԺԲ 17)։ Ան նկարագրուած է անարատ Գառնուկին իբրեւ անարատ «Հարս»ը՝ զոր Քրիստոս սիրեց եւ որուն համար Ինքզինք զոհեց՝ սրբացնելու համար զայն. (ԵՓՍ. Ե 25-26), զոր Իրեն միացուց անքակտելի համաձնութեամբ եւ չի՛ դադրիր զայն սնուցանելէ եւ խնամելէ. (ԵՓՍ. Ե 29)։

Եկեղեցւոյ ծագման խորհուրդը կը կայանայ այն ճշմարտութեան մէջ, թէ՝ Աստուած՝ Հայրը ուզեց Քրիստոսի՝ Որդիին բոլոր հաւատացողները կանչե՛լ, որպէսզի Սուրբ Եկեղեցին կազմեն։

Ուստի Եկեղեցին նախապատկերուած ու ծրագրուած է աշխարհի սկիզբէն իսկ։ Ան հիմնուած է վերջին ժամանակներու շրջանին, յայտնուած է Սուրբ Հոգիին հեղումին շնորհիւ, իսկ դարերու վախճանին՝ իր լրումին պիտի հասնի իր փառքին մէջ։

Ուրեմն Եկեղեցին՝ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ գոյութիւն ունեցող եւ Քրիստոսի գալուստով իրականացած եւ Սուրբ Հոգիի շնորհիւ յայտնուած Ամենասուրբ Երրորդութեան կողմէ հաստատուած խորհուրդ մըն է։

Կղեմէս Աղեքսանդրացի սապէս կը բացատրէ Եկեղեցւոյ խորհորդը. «Ինչպէս որ Աստուծոյ գործող կամքը աշխարհ կը կոչուի, նոյնպէս ալ մարդը փրկելու Անոր դիտաւորութիւնը եկեղեցի կը կոչուի»։

«Աստուծոյ ժողովուրդ»ին համախմբումի գործը կը սկսի այն պահէն, երբ մեղքը կը քանդէ մարդոց հաղորդութիւնը Աստուծոյ հետ եւ մարդոց իրարու միջեւ։

Այս իմաստով, Եկեղեցւոյ համախմբումը Աստուծոյ հակադարձութիւնն է մեղքին առաջացուցած վիհին դէմ։ Այս վերամիացումը կ՚իրականանայ ծածկաբար բոլոր ժողովուրդներուն մէջ. (ԳՈՐԾ. Ժ 35)։ Եւ Աստուծոյ ժողովուրդին համախմբումին հեռաւոր պատրաստութիւնը կը սկսի Աբրահամի կոչումովը՝ որուն Աստուած կը խոստանայ, թէ ինք մեծ ժողովուրդի մը հայրը պիտի ըլլայ։

Արդարեւ, անկ է որ Որդին ժամանակներու լրումին, Իր Հօր «փրկութեան ծրագիր»ը իրականացնէ. ա՛յս է պատճառը Անոր առաքելութեան։ Ուստի Քրիստոս Իր Եկեղեցիին սկիզբ դրաւ, քարոզելով երջանկաբեր աւետիսը, որ Աստուածաշունչին մէջ դարերէ ի վեր խոստացուած «Աստուծոյ Արքայութեան» գալո՛ւստն է։ Այս պատճառով, Եկեղեցին պատմութեան մէջն է, բայց միաժամանակ պատմութենէն գերիվեր է. միմիայն «հաւատքի աչք»ով է որ կարելի կ՚ըլլայ Եկեղեցւոյ տեսանելի իրականութեան մէջ միաժամանակ տեսնել աստուածային կեանքով առլի հոգեղէն իրականութիւն մը։

Եկեղեցին տեսանելի «ամբողջութի՛ւն» մըն է՝ ի սպաս բոլորին՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ յայտնութի՛ւն մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 24, 2017, Իսթանպուլ  

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017