ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին երէկ առնուեցաւ անկիւնադարձային ու գործնական կարեւոր քայլ մը։ Այսպէս, կազմուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը, որու կազմին մէջ կը գտնուին փորձառու յայտնի ազգայիններ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը։ Այսպէս, Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուեցան համայնքային մարմիններու ղեկավարներն ու Կրօնական ժողովի անդամները։ Ժամը 17.00-ին աղօթքով սկսաւ խորհրդակցութիւնը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Օրակարգի մասին տեղեկութիւններ տալէ վերջ ան ընդգծեց, որ ընտրուելիք նախաձեռնարկ մարմնին կազմը պիտի ներկայացուի պետական պատկան մարմիններուն։
Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու թրքերէն ելոյթի բնագրին ամբողջական թարգմանութիւնը ներկայացուած է յարակից սիւնակին մէջ։
Նորին Սրբազնութեան խօսքէն վերջ ճշդուեցան քուէախոյզներ, որոնք էին. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ միեւնոյն ժամանակ ատենադպիրն է Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանին։
Դռնփակ ժողովը միջոց մը ընդհատուեցաւ, որպէսզի ներկայ վարչայինները թեկնածուներու անուններու շուրջ խորհրդակցելու հնարաւորութիւն ունենան իրենց ներկայացուցած խորհուրդներու գործընկերներուն հետ։ Ժողովականներու դահլիճ վերադարձով ձեռնարկուեցաւ քուէարկութեան եւ այսպէսով յայտնի դարձաւ նախաձեռնարկ մարմնի կազմը։ Ընտրուած անունները եղան հետեւեալները.
Սարվէն Սէրթշիմշէք (32 քուէ), Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու (29 քուէ), Վարուժան Պուլկան (28 քուէ), Թամար Քարասու (25 քուէ), Խաչիկ Ճանէլ (24 քուէ), Սարգիս Չավուշեան (24 քուէ), Սեդրակ Տավութհան (23 քուէ), Նազարէթ Էօզսահակեան (23 քուէ), Սեպուհ Ասլանկիլ (22 քուէ), Անդրանիկ Քէօսէտաղ (21 քուէ), Սեւան Չավուշեան (21 քուէ), Սարգիս Քիւլէկէչ (20 քուէ), Մկրտիչ Սէրթշիմշէք (20 քուէ), Կարպիս Տուրասլան (19 քուէ), Եդեսիա Թըրթըր (19 քուէ), Արման Աթընըզ (18 քուէ), Դաւիթ Տամլա (17 քուէ)։
Վերոյիշեալ անուններուն վրայ եկած են աւելնալ Պատրիարքարանի քոթայէն տեղապահ սրբազան հօր կողմէ նշանակուած հինգ անունները։ Անոնցմէ երկուքը հոգեւորականներ են. Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Պատրիարքարանի քոթայէն նշանակուած երեք աշխարհականները եղած են՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետներէն Թորոս Աբիկ եւ «Միտք» հարթակի ղեկավարներէն Տքթ. Թադէոս Պէպէք։
Ինչպէս այսօր հրապարկուած է, Պետրոս Շիրինօղլու հրաժարած է մաս կազմել այս մարմնին եւ առայժմ յայտնի չէ, թէ ինչպիսի տնօրինութիւն մը պիտի կատարուի այս իրադարձութեան լոյսին տակ։
Միւս կողմէ, երբ թերթս կը յանձնէինք մամուլին, Պատրիարքարանի աղբիւրները բաւական ուշ թողարկեցին պաշտօնական զեկոյց մը, որու բովանդակութեան մէջ Պետրոս Շիրինօղլուի անունը թուարկուած է նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ։ Այս կապակցութեամբ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ մտադիր չէ վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը։ Իսկ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին այս երեւոյթը մեզի այնպէս մեկնաբանեց, թէ զեկոյցը կը ցոլացնէ երէկուան ժողովին յաջորդած իրավիճակը, իսկ Շիրինօղլուի հրաժարականին խնդիրը յառաջացած է այս առաւօտ։