ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Պելժիոյ Մալին-Պրիւքսել աւագ թեմի եւ Պրիւքսելի շրջանի կաթոլիկ եպիսկոպոս Ժան Քոքրոլսը։ Այս վերջինը որպէս ուխտաւոր մեկնած է Հայաստան եւ այս ծիրին մէջ այցելած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւր եպիսկոպոսին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ու վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի նուիրական սրբավայրերուն տրուած այցելութիւնները հոգեւոր նորոգութեան առիթ կը հանդիսանան եւ անջնջելի տպաւորութիւններ կը թողուն։

Իր հերթին, հիւր եպիսկոպոսը շնորահակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան, հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Պրիւքսելի մէջ բնակող հայ համայնքը կը վայելէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սէրն ու յարգանքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017