ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ

Այս տարի զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու քսանհինգամեակը: Հայաստանի եւ Եգիպտոսի հանրապետութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 1992 թուականի Մարտին: Հայաստանը Գահիրէի մէջ դեսպանութիւն բացած է 1992 թուականի Սեպտեմբերին, իսկ 1993 թուականի Ապրիլէն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Եգիպտոսի դեսպանութիւնը:

Քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծաբաններ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները կը տեսնեն բարձր մակարդակի վրայ, իսկ Երեւանի մէջ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու հաստատման քսանհինգամեակին հետ նշուեցաւ նաեւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան Ազգային տօնի՝ Յեղափոխութեան 65-րդ տարեդարձը, որուն առթիւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ուղերձ մը յղեց Եգիպտոսի կառավարութեան ու ժողովուրդին՝ նշելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Եգիպտոսի մէջ նորանկախ Հայաստանի առաջին դեսպանը ըլլալը:

«Այս տարի մենք միասնաբար կը նշենք Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը: Քառորդ դարը ընդամէնը ակնթարթ մըն է դարաւոր առընչութիւններու այն տարեգրութեան մէջ, որ կը կապէ մեր երկու ժողովուրդները: 11-րդ դարուն հայ ճարտարապետներու կողմէ կառուցուած Գահիրէի երեք նշանաւոր դարպասները այդ պատմական ամուր կապերու կանգուն վկայութիւնն են: Ինծի համար, որպէս արտաքին գործոց նախարար, առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Եգիպտոսի՝ ծագումով հայ դիւանագէտներու, ինչպէս նաեւ քանի մը արտաքին գործոց նախարարներու դերը արաբական այս պետութեան պատմութեան մէջ: Անխօս, արդի միջպետական յարաբերութիւններուն համար ամուր հիմք կը ծառայեն հազարամեակներու խորքէն եկող այս երկու ժողովուրդներու բարեկամական կապերը:

«Եւ թերեւս նաեւ ատով պայմանաւորուած է, որ 1992 թուականին Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն Հայաստանի առաջին դեսպանութիւնը հիմնադրուեցաւ Եգիպտոսի մէջ: Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ ես եղած եմ նորանկախ Հայաստանի առաջին դեսպանը Եգիպտոսի մէջ, անմիջականօրէն բախտ ունեցած եմ մասնակցելու մեր միջպետական յարաբերութիւններու սկզբնաւորման ու ամրապնդման: Այդ հիւրընկալ երկրին մէջ իմ անցուցած գրեթէ տասնչորս տարիներէն մնացած են ջերմ յիշողութիւններ, խոր ակնածանք՝ Եգիպտոսի պատմամշակութային ժառանգութեան հանդէպ:

«Եգիպտոսն ալ առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք դեսպանութիւն հիմնեց Երեւանի մէջ: Փափաքս է գնահատանքի խօսքեր ըսել Եգիպտոսի դեսպանութեան ներկայ ու նախկին ղեկավարներուն ու աշխատակիցներուն՝ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար: Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դիւանագիտական յարաբերութիւններու քառորդ դարու ընթացքին զգալի յառաջացում ապրած են երկկողմանի համագործակցութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները:

«Լիայոյս եմ, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ կը կարողանանք որակական նոր մակարդակի բարձրացնել հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները:

«Բոլորիս յայտնի է, որ պատմական ինչ փառահեղ ճանապարհ անցած է Եգիպտոսը: Մենք բարձր կը գնահատենք այն ջանքերը, որ կը գործադրեն Եգիպտոսի Նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ Սիսին եւ կառավարութիւնը՝ Եգիպտոսի յառաջացման ապահովման, անվտանգութեան ամրապնդման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Եգիպտոսի ղեկավարութեան, ժողովուրդին եւ բոլոր այն երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք այսօր պայքար կը մղեն ահաբեկչութեան դէմ», գրուած է Եդուարդ Նալպանտեանի ուղերձին մէջ։

*

Հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու եւ Եգիպտոսի հայկական գաղութի ներկայ վիճակին մասին ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայ-եգիպտական գործարար, Աղեքսանդրիոյ Ազգային ժողովի փոխյարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ գանձապահ Եդուարդ Մանուկեանի հետ: Եդուարդ Մանուկեան մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ Երեւանի մէջ առաջին եգիպտական գործարար ընկերութեան հիմնադիրը:

-Պարոն Մանուկեան, դուք, իբրեւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն քաջատեղեակ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք երկու հնագոյն երկիրներու միջեւ կապերը:

-Հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ լաւ են, բացի՝ տնտեսականէն, որ զարգացնելու ջանքեր կը գործադրուին: Իսկ միւս ոլորտները՝ մշակութային, հասարակական քաղաքական կապերը զարգացած են, եւ այս ասպարէզներուն մէջ, կարելի է ըսել՝ Հայաստանն ու Եգիպտոսը նոյն ուղղութեամբ կը մտածեն: Տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, արդէն առաջին գործարար կազմակերպութիւնը արձանագրեցինք, որ դեղագործական ընկերութիւն է՝ Marckyrl Armeni: Կարելի է ըսել, որ ան առաջին եգիպտական ընկերութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ ներկայութիւն ունի: Ընկերութիւնը ունի զանազան ուղղութիւններով գործելու ծրագիր: Առաջինը՝ Եգիպտոսէն Հայաստան դեղեր պիտի ներկրէ, երկրորդը՝ արտադրութիւն պիտի հիմնէ հայաստանեան ընկերութիւններուն հետ: Ընկերութեան գործունէութեան երրորդ ուղղութիւնն այն պիտի ըլլայ, որ Hepatit C-ի՝ լեարդաբոբի բուժման դեղերը բերենք եւ կրնամ ըսել, որ այդ հիւանդութեան դէմ բուժման եւ հիւանդներուն դեղերու տրամադրման ծրագիրը Հայաստանի մէջ կրցանք հաստատել իբրեւ ազգային նախագիծ: Մեր գործունէութեան չորրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի հետ համատեղ արտադրանք ստեղծելն է, եւ համատեղ այդ արտադրանքով Եւորասիական տնտեսական շուկայ մտնել: Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:

-Իսկ Եգիպտոսը զօրաւո՞ր է իր դեղագործական ճիւղով, որ այդ ներդրումը կ՚ընէ:

-Եգիպտոսը գրեթէ 145 դեղագործական ընկերութիւն ունի: Այդ ասպարէզին մէջ երկիրը ութսուն տարուան գործունէութիւն ունի: Արաբական աշխարհի մէջ մինչեւ հիմա միակն է. մենք կը մտածենք, թէ ինչո՞ւ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, ա՛յս շուկայէն ներս չընենք այսպիսի ներդրում մը, որ մեր հայրենիքի տնտեսական աճին կը նպաստէ:

Բացի այս, Եգիպտոսի կառավարութիւնը յանձնարարած է ինծի առեւտրական հարցերով ներկայացնել Եգիպտոսը, իբրեւ առեւտրական կցորդ կը գործեմ Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ, նկատի ունենալով, որ այդ երկու երկիրներուն մէջ Եգիպտոսի դեսպանութեան նստավայրը Երեւանն է:

-Դեղագործական ընկերութիւնը արձանագրելէ ետք կրնա՞ք խօսիլ առաջին արդիւնքներուն մասին:

-Այո՛, արդէն սկսած ենք գործել, ամէն բան կարգի դրուած է, բաւական գործ կատարուած է, գրեթէ քսանութ դեղամիջոց արձանագրելու գործը ընթացքի մէջ է, եւ այդ դեղամիջոցներէն, ինչպէս ըսի, կարեւորագոյններէն է Hepatit C-ի՝ բուժման դեղամիջոցը:

-Ուրիշ ի՞նչ դեղամիջոցներու մասին կրնաք խօսիլ:

-Պիտի ներկրենք այն հիմնական դեղամիջոցները, որոնք Հայաստանի մէջ կը գործածուին եւ որոնք ունին փոխարինողներ: Հայաստանը բաց շուկայ է, մեծ դեղագործական միջազգային ընկերութիւններու ապրանքները կան հոս, Հայաստանի մէջ ալ դեղեր կ՚արտադրուին, հոս կան երեք դեղագործական փոքրիկ ընկերութիւններ, որոնց հետ կը գործակցինք: Ռուսաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն դեղեր կը ներկրուին, հիմա եգիպտականն ալ կ՚աւելնայ, ինչպէս նաեւ՝ հայ-եգիպտական ընկերութեան համատեղ արտադրանքն ալ կը գումարուի այդ բոլորին եւ շուկան ա՛լ աւելի բազմազան կը դառնայ:

-Ուրիշ ի՞նչ ուղղութիւններով կարելի է տնտեսական կապեր ստեղծել երկու երկիրներուն միջեւ:

-Այդ ուղղութեամբ է, որ կ՚աշխատինք: Նպատակ ունինք, որ թէ՛ Եգիպտոսէն Հայաստան ապրանք ներածուի, թէ՛ Հայաստանէն Եգիպտոս արտահանուի: Արդէն սկսանք խօսիլ Եգիպտոսէն բամպակեղէն ներածելու մասին, ինչպէս նաեւ՝ որոշ ուտելիքներ, որոնք յատուկ են Եգիպտոսին եւ հոս չկան: Նմանապէս կարելի է այստեղէն որոշ ընկերութիւններու արտադրանք Եգիպտոս տանիլ, ինչպէս օրինակ, Հայաստանէն կարելի է արտահանել ժամագործական ընկերութիւններու արտադրանքը: Կարելի է արտահանել հայկական արտադրութեան Արմֆոն հեռաձայնային սարքերը: Եգիպտոսի շուկան հարիւր միլիոննոց շուկայ է, եւ ամէն տեսակի հեռաձայններ կան, բայց այս մէկը կրնայ իր դերը ունենալ, եւ ընկերութիւնը պատրաստ է արտադրանքին վրայ որոշ փոփոխութիւններ ընել՝ եգիպտական ճաշակին բնորոշ տարրեր ներմուծել:

-Եգիպտոսը նաեւ զբօսաշրջային ուղղութիւն մըն է Հայաստանի համար: Այդ մասին ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Այո, եւ մանաւանդ Հայաստանն ու Եգիպտոսը վերջին երեք ամիսներուն սկսան զբօսաշրջային շաբաթական ուղիղ թռիչքներ իրականացնել՝ Երեւանէն Շարմ էլ Շէյխ եւ Երեւանէն Հուրկատա: Այդ ուղղութիւնները մեծ պահանջարկ ունին եւ սկզբնական աշխատանքներէն երեւելի է ըսել, որ զբօսաշրջութիւնը արագ կը զարգանայ: Որքան գիտեմ՝ մինչեւ Սեպտեմբերի աւարտը պանդոկները լեցուն են, եւ ասիկա կը պարտինք Եգիպտոսի դեսպանութեան, որ տարիներու ընթացքին կրցաւ այս մէկը իրականութիւն դարձնել:

Հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն մէջ յաջորդ նշանակալի իրադարձութիւնը Եգիպտոս-Հայաստան միջկառավարական հանդիպումն է, որ կը սպասուի ընթացիկ տարուան ընթացքին: Վերջին անգամ տեղի ունեցած է 2009 թուականին Եգիպտոսի մէջ:

-Խօսելով եգիպտահայ գաղութին մասին, ի՞նչ կ՚ըսէք հայկական հնագոյն գաղութներէն մէկուն այսօր-ւան վիճակին մասին, ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

-Եգիպտոսի մէջ, ինչպէս յայտնի է, անցեալին գոյութիւն ունեցած է մեծ հայկական գաղութ մը, որ ունեցած է հարուստ պատմութիւն: Մինչեւ Առաջին եւ Երկրորդ աշխարհամարտերը հայութեան թիւն այնտեղ մինչեւ քառասուն հազարի հասած է: Բայց 1952 թուականի յեղափոխութենէն ետք շատ բան փոխուեցաւ, հիմա հայութեան թիւը բաւական նուազած է: Հայերը կը բնակին Եգիպտոսի երկու խոշոր քաղաքներուն մէջ՝ Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, այդ երկու վայրերուն մէջ մօտ երեք հազար հայ կայ, որ բաւական քիչ է անցեալին համեմատ: Մեր միակ խնդիրը հայութեան թիւի խնդիրն է, այլապէս ամէն բան ունինք՝ մամուլ, ակումբ, դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոններ: Աւելորդ է ըսել, որ Սփիւռքի մէջ ամենէն կազմակերպուած գաղութն է, ունի իր ազգային կանոնագիրը, զոր ընդունած է կառավարութիւնը: Շատ քիչ գաղութներ ունին այդ կանոնագիրը, միակ գաղութն է թերեւս, որ նման բան ունի: Երկրին մէջ ճանչցուած է իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն, որուն ղեկավարը առաջնորդն է, որ կը ղրկուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եւ առաջնորդը, Եգիպտոս գալու պարագային եգիպտական հպատակութիւն կը ստանայ, եւ ինք կ՚ըլլայ ամենէն բարձր դիրք ունեցողը եգիպտահայ գաղութին մէջ: Հայկական համայնքը շատ յարգուած է Եգիպտոսի մէջ, կառավարութիւնը դիւրութիւններ ընծայած է, մեր եկեղեցիներուն մէջ մեր պատարագները, մեր ծէսերը կատարելու ազատութիւնը ունինք, հայկական դպրոցները բաց են, հայկական մամուլը ազատօրէն կը տպուի. երեք թերթ կայ՝ երկու օրաթերթ, մէկ շաբաթաթերթ: Բոլոր աւանդական կառոյցները, նաեւ՝ կուսակցութիւնները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

-Հայաստանի հանդէպ եգիպտահայերու վերաբերմունքը ինչպէ՞ս է, հայրենիքի մէջ հաստատուելու ձգտում կա՞յ:

-Գրեթէ բոլոր եգիպտահայերը ունին հայկական անձնագրեր, մեծամասնութիւնը հոս կ՚երթայ, կու գայ. զգալի բաժին մը կայ, որ հոս յարկաբաժին ունի, անշարժ գոյքի որոշ ներդրում մը կատարած են՝ հող ունին, տեղ ունին, բայց չեն ապրիր, սովորաբար գործով կու գան, կ՚երթան:

-Իսկ Եգիպտոսի քաղաքական հարցերը եւ ընդհանրապէս, միջինարեւելեան տագնապները չե՞ն ստիպեր հայերը՝ դուրս ելլել երկրէն:

-Հիմա այդ խնդիրները չկան երկրին մէջ: Մինչեւ չորս տարի առաջ Եգիպտոսը ունէր այդ խնդիրները, կապուած «Միւսլիւման եղբայրներ» կազմակերպութեան գործունէութեան հետ, բայց հիմա եգիպտական բանակը իրադրութեան մեծ մասը իր ձեռքը առած է, եւ հիմակուան կառավարութիւնն ու նախագահը ամէն ինչ կ՚ընեն՝ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելու համար, կեանքը կը բարելաւուի: Եգիպտոսը կրնար նոյն ճակատագիրը ունենալ, ինչպէս՝ Իրաքն ու Սուրիան, բայց կառավարութիւնը կրցաւ վերահսկել, ճիշդ ճամբով երթալ եւ վերադառնալ իր դիրքին: Այսօր Եգիպտոսը արաբական երկիրներուն մէջ ղեկավար դիրք ունի, իսլամական երկիրներուն մէջ ինքն իր խօսքը ունի:

-Ըսիք, որ կուսակցութիւնները կը գործեն: Շեշտուա՞ծ է անոնց գործունէութիւնը:

-Ոչ, համայնքը կուսակցական դիմագիծ չունի, ունի ազգային դիմագիծ: Բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները կը գործեն, բայց՝ մշակութային, մարզական ակումբներու միջոցաւ է անոնց գործունէութիւնը: Եգիպտոսի մէջ չենք կրնար յայտարարել կուսակցական շեշտուած գործունէութեան մասին:

-Իսկ հայաստանցիներ կու գա՞ն Եգիպտոս՝ աշխատելու, բնակելու, այնպէս, ինչպէս կ՚երթան այլ երկիրներ:

-Շատ քիչ հայաստանցիներ կան, որոնք կ՚աշխատին որոշ ճիւղերու մէջ: Եգիպտոսը օրէնքներ ունի դուրսէն մարդ ընդունելու եւ երկրին մէջ աշխատելու առումով: Այն մասնագէտը, որ կու գայ, պէտք է եզակի ըլլայ իր ոլորտին մէջ. պէտք է գայ, սորվեցնէ, եգիպտացի մասնագէտ պատրաստէ: Այդ մէկը կը վերաբերի բոլոր երկիրներէն եկողներուն, Հայաստանն ալ նոյն օրէնքին կ՚ենթարկուի:

-Դուք յաճախ կու գաք Հասյաստան, ինչպէ՞ս կը տեսնէք զարգացումը, կեանքը:

-Հայաստանի խնդիրը խորհրդային կարգերէն յետոյ նոր հասարակարգին յարմարելու դժուարութիւնն է: Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստանն ալ զօրաւոր անդամ մըն էր, եւ ատոր համար այդ կառոյցի փլուզումէն ետք խնդիրները նկատելի դարձան, դադրեցան խոշոր ձեռնարկութիւնները: Այսօր, այս պայմաններուն ներքեւ այդպիսի մեծ ձեռնարկութիւններու գոյութիւն ունենալը ձեռնտու չէ: Հայաստանը պէտք ունի պզտիկ պիզնէսներու, եւ որքան որ կը տեսնեմ, կառավարութիւնը այդ մէկը կը քաջալերէ: Պզտիկ պիզնէսն է, որ երեք միլիոննոց երկրին մէջ կը յաջողի:

Նկատելի է, որ նախկին՝ համայնավարական կարգերէն ետք երիտասարդութիւնը լաւ ուսում կը ստանայ, տարեց մարդիկը միայն հայերէն կամ ռուսերէն կը խօսին, բայց երիտասարդները անգլերէնին կը տիրապետեն կամ աւելի արդիական ուսման կը ձգտին: Այս տուեալներով ապագան աւելի լաւ է: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստան-Սփիւռք վստահութիւնը զօրանայ, եւ ըՍ-փիւռքը իր ներդրումները ամրապնդէ, աւելցնէ: Եթէ այդ մէկը ըլլայ, ապա ես կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կարճ ժամանակի ընթացքին, կրնայ ըլլալ՝ մէկ-երկու տարիէն, ուրիշ երկիր դառնայ:

Այս Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին ալ առիթ եղաւ այդ հարցերուն մասին խօսելու, առիթ տրուեցաւ, որ ամէն մէկը իր ըսելիքը ըսէ: Հայաստանը պէտք է Սփիւռքին վերաբերի ոչ թէ իբրեւ բարեգործի, այլ՝ իբրեւ ներդրողի, հնարաւորութիւն տրուի, որ Սփիւռքը պզտիկ պիզնէսներ ընէ այստեղ: Վարչապետին, կառավարութեան կից ստեղծուած են կազմակերպութիւններ, գրասենեակներ, որոնք կ՚աջակցին, որպէսզի անհատներուն քով այդ վստահութիւնը ամրապնդուի: Եւ ներդրումներու հարցը ոչ միայն հայերուն կը վերաբերի՝ Հայաստանը ամբողջ աշխարհին պէտք է տայ այդ վստահութիւնը, յայտարարելով, որ թափանցիկ երկիր է, եւ կարելի է ներդրումներ ընել:

Մենք երկար տարիներ երազած ենք այս հայրենիքին մասին, եւ այսօր անկախ հայրենիք ունենալը երազի մը իրականացումն է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար: Մենք Սփիւռքի այն երջանիկ սերունդն ենք, որ տեսանք անկախ Հայաստանը, եւ այսօր ամէն բան պիտի ընենք այդ հայրենիքը հզօրացնելու համար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017