ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐ՝ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԵՒ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌ

Եկեղեցւոյ մէջ սրբանկարներու առջեւ աղօթել, երկրպագութիւն ընել եւ մինչեւ իսկ համբուրել՝ սովորութիւն է եղած։

Սովորութիւն մը, որ շատ անգամ կը գերադասուի՝ իսկական պաշտամունքի, երկրպագութեան եւ աղօթքի եւ յարգանքի արժանի սրբութիւններուն, եւ պահերուն։ Զոր օրինակ, յաճախ կը տեսնուի, որ Աւետարան կարդացուած ատեն եւ կամ Սկիհը բարձրացուած ատեն, ոմանք կը թողուն այդ պահուն խորհուրդը, եւ սրբանկարի մը առջեւ կ՚երկրպագեն եւ կ՚աղօթեն։ Ասիկա կը նմանի՝ արժէքի մը իրականը թողուլ եւ անոր նմանին եւ կամ մերձաւորին արժէք ընծայելու, իսկականը անտեսել, եւ անոր օրինակին կարեւորութիւն տալու։ Մինչդեռ, բանականութիւնը կը պահանջէ իսկականը եթէ գոյութիւն ունի, թողուլ անոր նմանը կամ օրինակը, եւ իսկականը յարգել եւ կարեւորութի՛ւն ընծայել։

Ուրեմն, կ՚արժէ վերլուծել «պատկեր»ի մը, եւ կամ ուրիշ որեւէ առարկայի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքի եւ սիրոյ հոգեվիճակը։ Ինչո՞ւ կը համբուրեն նկարները, ինչո՞ւ պաշտելի կը նկատուի կարգ մը առարկաներ։

Օրինակով մը բացատրել ջանանք իրողութիւնը։

Վաղամեռիկ աղջկան մը գործածած ժանեակը կամ ժապաւէնը, որեւէ առարկայի կտոր մը, անոր կողմէ թղթատուած հատորի մը մէջ մոռցուած ծաղկի չորցած տերեւ մը՝ արցունք կը խլէ անոր ծնողներուն եւ ուրիշ սիրելիներուն աչքերէն։

Ինչո՞ւ այս խորունկ յարգանքը, խանդակաթ պաշտումը՝ անշուշտ առարկաներու, լուսանկարի մը, ծաղկի թերթի մը, չորցած տերեւի մը, սիրելիի կողմէ գործածուած իրի մը, առարկայի մը նկատմամբ։

Անոր համար որ այդ առարկաները կամ իրերը իրենց մէջ կը խտացնեն յիշատա՛կ մը, կեանք մը կամ կեանքի դրուագ մը, կը յիշեցնեն մեզի սիրելի մը, եւ անոր գործերը, արարքները, անոր կեանքի այս կամ այն պարագաները, կը մղեն մեզ՝ ամփոփուելու որոշ շրջանի մը, որոշ պարագայի մը, որոշ գաղափարի մը վրայ։ Այդ միջոցին անոնք կը դադրին ըլլալէ «անշունչ առարկայ» մը, եւ կը դառնան, կ՚ըլլան «գաղափար»ի մը, մտածումի մը, խորհուրդի մը, անուշ զգացումի մը խորհրդանշանը։ Այդ պահուն անոնք կը ներկայացնեն բո՛ւն իսկ ան՝ ինչ որ կարօտի առարկա՛յ է…։

Այս ուղղութեամբ, ահաւասիկ, ի՞նչ պէտք է տեսնենք եկեղեցւոյ սրբապատկերներուն մէջ, եթէ ո՛չ յիշատակը, խորհրդանիշը, նմանը կամ օրինակը ազնիւ գաղափարի մը, վսեմ իտէալի մը համար նուիրուած հոգիներու։

Սուրբերու պատկերները, ուրեմն, ո՛չ այլ ինչ են, եթէ ոչ միջոցներ՝ յիշեցնելու մեզի անոնց տէրերուն անձնուիրութիւնները, զոհողութիւնները վսեմ ու նուիրական գաղափարականի համար, հաւատալիքի համար, տեսակ մը «իրագիտական դաս»եր են անոնք հասարակ ժողովուրդին համար։

Չէ՞ որ պատմութեան ուսման պատկերները միջոցներ են իրողութիւն մը ներկայացնելու՝ պատկերներու միջոցով անոնց աւանդուիլը մանկավարժութեան կողմէ ընդհանրապէս ընդունուած լաւագոյն եւ արդիւնաւոր մեթոտն է։

Ուստի սրբապատկերները դրուած են եկեղեցւոյ մէջ, ժողովուրդին սրտին մէջ ար-թընցնելու աստուածահաճոյ բարի զգացումներ՝ զայն մղելու ազնիւ, անձնուիրական գործերու։

Եւ որովհետեւ այդ նպատակը նուիրակա՛ն է, Եկեղեցին այդ պատկերները կ՚ընդունի օրհնութեամբ ե՛ւ օծմամբ, սրբագործուելէ յետոյ, որով կը պարունակեն Սուրբ Հոգիի Օծման շնորհներուն զօրութիւնը։ Եւ սակայն, սրբապատկերները՝ որոնք Հին Ուխտին մէջ ունին իրենց ծագումը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ պէտք չէ՛ երկրպագութիւն ընդունին։ Արդարեւ, Շնորհալին իր «Ընդհանրական»ին մէջ որոշ կը գրէ, թէ. «Մենք արարածներս պէտք է միա՛կ Արարչին եւ Փրկչին նկարագրեալ կերպարանին երկրպագենք, իսկ Աստուծոյ մտերիմ ծառաներուն պատկերները եւ անունները, որոնք բնութեամբ ծառայակից են մեզի, պէտք է պատուենք եւ յարգենք, իրենց արժանաւորութեան համեմատ, եւ անոնց պատկերներէն՝ իրենց առաքինութեան վարքը բարի օրինակ ընենք մեզի, յիշելով անոնց զանազան ճգնութիւնները՝ ճշմարտութեան համար»։

Հետեւապէս սուրբերու պատկերները, իրենց նահատակութենէն ուրիշ բան չյիշեցնելով, յարգելի՛ են մեզի, քանի որ կրթիչ են եւ կապուած են անոնց աստուածահաճոյ վարքին հետ, իսկ երկրպագելի է միմիայն Փրկչի պատկերը, ըստ այնմ թէ. «Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը…» (ՓԻԼԻՊ. Բ 10)։

«Քրիստոսի անունն ալ ոչ այլ ինչ է, եթէ ո՛չ նշան մը, պատկեր մը, ձայն մը, գրութիւն մը, որ մեր հոգիին մէջ արտայայտիչ կը դառնայ անոր աստուածային մեծութեան եւ փառքին եւ մեր հաւատքը կը վառէ։ Միա՛յն զԱստուած պէտք է պաշտել եւ անոր անուան երկրպագել, ըստ որում Աստուած անտեսանելի ըլլալով, միա՛յն իր անուամբ տեսանելի է եւ պաշտելի՛։ Ամէն պատկեր որ զԱստուած կը ներկայացնէ, կարելի չէ՛ երկրպագել, ինչպէս պատուիրուած է Ս. Գրքի բոլոր Մարգարէութիւններուն մէջ ալ, բայց Փրկի՛չն է պատկեր աներեւութիւն Աստուծոյ (ԿՈՂ. Ա 15), Աստուծոյ էութեան նկարագիրն ու ճշմարիտ յայտնութիւնը, որ երեւցած է մեր մէջ եւ երկրպագուած իր հաւատացեալներէն, յաւիտեան երկրպագուելու համար։ Ան միայն երկրպագելի՛ է, անոր պատկե՛րն է պաշտելի, ինչպէս եւ անոր անունը, եւ անկէ ուրիշ ամէն երկրպագութիւն եսապաշտութի՛ւն է», ինչպէս կ՚ըսէ Ա. Տ. Միքայէլեան, իր «Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցու դաւանաբանութիւնը» աշխատասիրութեանը մէջ։

Ահաւասիկ, այսպէ՛ս կը պատուիրեն Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Յովհան Իմաստասէր, Շնորհալի։

Այս սկզբունքին համաձայն, Հայ Եկեղեցին սրբապատկերները կը նկատէ ո՛չ թէ երկրպագելի, այլ՝ «Պատճառ երկրպագութեան համագոյ Հօր եւ Որդւոյ»։ Ամէն անգամ որ սուրբի մը պատկեր կ՚օրհնուի, ա՛յս կը խնդրուի Աստուծմէ։

Խնդիրը կը տարբերի Փրկչական պատկերին համար՝ որու օրհնութեան ժամանակ հոգեւորական հայրը կ՚աղօթէ. «Օրհնեա՛ զպատկերս զայս եւ տուր սմա շնորհս՝ լինել յիշատակարան պատկերիդ անեղծի։ Բաց ի քէն զայլ ոք ոչ գիտեմք, եւ զանուն քո ան-ւանեմք զօրհանապազ, եւ պատկերի քում ԵՐԿԻՐՊԱԳԱՆԵՄՔ»։

Ուշագրաւ է սակայն Խաչի օրհնութեան ժամանակ կարդացուած աղօթքը. «Եւ արդ, մեք ծառայքս եւ հաւատացեալքս ի քեզ, արարաք չխաչս զայս, Ո՛Չ ԶՆԻՒԹՍ ՍՈՐԱ ՊԱՇՏԵԼՈՎ, եւ զԱստուածս ձեռագործ անուանելով, այլ արարաք զսա նշան Ս. Խաչի քո, յորոյ վերայ տարածեցեր զբազուկս քո, Միածին Որդի, Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչ։ Ուրեմն ընկա՛լ զսա ի ձեռաց մերոց, եւ օրհնեա եւ սրբեա զսա, լինիլ արժանի եւ կոչիլ աստուածային նշան, եւ ՊԱՏՃԱՌ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԵԱՆ համագոյ իշխանութեան Հօր եւ Որդւոյդ եւ Հոգւոյն սրբոյ»։

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու գրուածներէն եւ աղօթքներէն այս համառօտ մէջբերումները բաւական են ցոլացնելու մեր Եկեղեցիին ըմբռնումը՝ պատկերներու եւ խաչին ընծայուած յարգանքին, երկրպագութեան եւ համբոյրին մասին։

Ուստի, սուրբերու պատկերները ընդունուած են Եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ թէ պաշտուելու եւ երկրպագուելու համար, քանի որ. «Երկրպագելի միա՛յն Արարչին պատկերն է, եւ ո՛չ արարածին», այլ մանաւանդ յիշեցնելու համար մեզի այն սխրագործութիւնները, զորս Աստուած կատարած է անոնց միջոցով։

Փրկչի պատկերը եւ Սուրբ Խաչը երկըր-պագելի են եւ պաշտելի՛, ո՛չ թէ նիւթով, այլ սրբագործեալ հոգեւոր աստուածային զօրութեամբ, որ օրհնութեամբ ներկա՛յ է իր խաչին, իր պատկերին եւ իր անուան մէջ։

Եւ ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, յարգանքի պարզ արտայայտութիւն մըն է սուրբերու պատկերներուն ընծայուածը, եւ եթէ խունկ եւ մոմ նուիրուին անոնց, պէտք է գիտնալ, որ Հայ Եկեղեցին բոլոր սրբապատկերներուն մէջ հոգ կը տանի դնելու տէրունական նշան մը, խաչ մը կամ փրկչական Տնօրէնութիւն մը, եւ խունկ եւ մոմ տիեզերական Արարչին կ՚ուղղուի, եւ ո՛չ թէ սուրբին եւ անոր պատկերին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 14, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017