ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալ­ֆաեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը՝ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի եր­դի­քին տակ։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Դպրո­ցի կրթա­կան մշակ­ներ եւ գի­շե­րօ­թիկ սա­ներ հա­մախմ­բուե­ցան տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ պատ­րաս­տուած տօ­նա­կան սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Շատ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճան­քը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ։ Ե­րե­կոյ­թին հրա­ւի­րուած էին նաեւ հաս­տա­տու­թեան խումբ մը բա­րե­րար­նե­րը, ո­րոնց որ­պէս ա­մա­նո­րեան նուէր յանձ­նուե­ցան ա­շա­կերտ­նե­րու ձե­ռա­գործ­նե­րը։

Խրախ­ճան­քի ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ՝ Կա­ղանդ պա­պու­կի սրահ ժա­մա­նե­լով։ Ան նուէր­ներ բաժ­նեց գալ­ֆաեան­ցի­նե­րուն, ո­րոնք ապ­րե­ցան մեծ ու­րա­խու­թիւն։

Այս­պէ­սով Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քը ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ Նոր տա­րին միաս­նա­բար դի­մա­ւո­րե­լու եւ ա­ւար­տին բո­լո­րը հրա­ժեշտ ա­ռին փո­խա­նա­կե­լով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017