«ՀԷՔԵԱԹՆԵՐ…»
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին անմիջապէս պատասխանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Երեւանի մէջ սարքուած վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններուն։ Նորին սրբազնութիւնը «հէքեաթ» անուանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ կատարուած մեկնաբանութիւնները։ News.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեկնաբանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խորհրդածութիւնները եւ դիտարկումները։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երեւանի մէջ վերջին օրերուն սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ տեղապահ սրբազան հօր կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման կապակցութեամբ արտայայտուած էր ծանր մեղադրանքներով եւ լուծումը համարած էր անոր հրաժարիլը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած էին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այս բոլորի լոյսին տակ news.am կայքէջը հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ, որ իր տեսանկիւնէն մեկնաբանած է առկայ կացութիւնը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած անելին կապակցութեամբ։
Տեղապահ սրբազան հայրը հեռաձայնով տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Արամ սրբազանի հարցազրոյցը լսած եմ։ Բաւական բան կայ խօսելու։ Պետութիւնը թոյլ տալու-չտալու հարց չունի։ Պետութեան կողմէ նման տեղեկատուութիւն մը մեզի ոչ ոք տուած է։ Մենք դիմումներ ուղարկած ենք տեղապահի ընտրութիւններէն յետոյ եւ պատասխաններուն կը սպասենք։ Մինչեւ Փետրուար մենք ժամանակ ունինք։ Այնպէս որ պետութեան կողմէ ժխտական կեցուածք կամ յայտարարութիւն մեզի չեն յայտնած։ Արամ սրբազան կ՚ըսէ՝ պետութիւնը չ՚ընդունիր տեղապահը, բայց տեղապահը պետութեան որեւէ կերպ դիմում չէ ներկայացուցած ընտրուիլ-չընտրուելու վերաբերեալ։ Այդ ինչպէ՞ս կը յայտարարէ նման բան մը սրբազանը Երեւանի մէջ, չեմ հասկնար։ Բաց աստի, Արամ սրբազան յայտարարած է, որ տեղապահի ընտրութեան ժամանակ պետութիւնը նամակ գրած է, այո, նամակ գրած է, բայց ի՞նչ նպատակով։ Նախորդ պատրիարքը մէկ տարի առաջ թոշակի անցած էր Եկեղեցական համագումարի կողմէ (Ծ.Խ.- Խօսքը կը վերաբերի Եկեղեցական համագումարի կողմէ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի պատրիարքի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելուն), բայց այդ տեղեկութիւնը պետութեան գրաւոր ձեւով չէր ներկայացուած։ Պետութենէն մենք նամակ ստացած էինք այդ մասին։ Չեմ հասկնար՝ ինչո՞ւ շփոթութիւն կը ստեղծուի։ Պէտք չէ, որ այս կերպով արտայայտուին, ճշմարտութիւնը պէտք է ըսուի»։
Անդրադառնալով Իսթանպուլի նահանգապետարանէն ներս տեղի ունեցած վերջին ծանօթ հանդիպման եւ այդ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած պնդումներուն՝ տեղապահ սրբազան հայրը ըսած է հետեւեալը. «Նման բան տեղի չէ ունեցած։ Կուսակալի հետ հանդիպման ներկայ եղած են երկու աշխարհական, Սահակ սրբազանը։ Այդպիսի բան չէ ըսուած։ Այդ բաները ուրկէ՞ կ՚ըսէ, չեմ հասկնար»։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պնդած է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան լրիւ սխալ տեղեկութիւններ տուած է։ Ան ճշմարտութիւնը չի պատկերացներ։ «Ճիշդ չէ, որ այդպիսի բան կ՚ըսուի։ Ինչո՞ւ Երեւանի մէջ նման հարցազրոյց տուած է։ Ինքը հիմա պաշտօն չունի, այ լեւս փոխանորդ չէ։ Երբոր կ՚ըսէ՝ փոխանորդ կը մնամ, կը զարմանամ։ Երկու տեսակ կամք պէտք է հաշուի առնել։ Ազգային, եկեղեցական եւ պետութեան։ Պետութիւնը կրնայ այլ կերպ մտածել, բայց եկեղեցական իշխանութեան կամքը լրիւ տարբեր ձեւով դրսեւորուած է, ի նպաստ իրեն չէր։ Ինքը այլեւս փոխանորդ չէ, եկեղեցական մըն է, որ պէտք է եկեղեցական իշխանութեան ենթարկուի, մանաւանդ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետի հետ խօսեցանք, շատ յստակ ըսուեցաւ, ապա նաեւ հրապարակուեցաւ, որ տեղապահի ընտրութենէն յետոյ փոխանորդի աշխատանքը կ՚աւարտի։ Հետեւաբար, կը ստացուի, որ ինքը եկեղեցական իշխանութեան կամքին չի փորձեր հնազանդիլ», նշած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ, տեղապահ սրբազան հայրը ընդգծած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ շատ յստակ ըսուած է՝ տեղապահի ընտրութիւն տեղի կ՚ունենայ եւ ո՛վ որ ընտրուի, նախկին փոխանորդի պարտականութիւնները կ՚աւարտին, այս մասին շատ յստակ խօսուած է։ Վեհափառ Հայրապետն ալ այդ մասին յստակ յայտարարած է։
Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ տեղապահ սրբազան հայրը «հէքեաթ» որակած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այն խօսքերը, ըստ որոնց իշխանութիւնները զինք կը ճանչնան որպէս պատրիարքական փոխանորդ։ Նորին սրբազնութիւնը նշած է հետեւեալը. «Հէքեաթ է, այդպիսի բան չկայ։ Պետութեան հետաքրքրութեան առարկան, առանցքը Աթէշեանը չէ, առանցքը մեր պատրիարքական գործողութիւններն են։ Աթէշեանը իրաւունք չունի այդպիսի սխալ տեղեկութիւններ տալու, մանաւանդ հանրութեան առջեւ»։
Կայքէջի թղթակիցը տեղապահ սրբազան հօր կարծիքը շօշափած է նաեւ այն մասին, թէ հակառակ նախապէս յայտարարուած թուականներուն, պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի չեն ունեցած։ Այս կապակցութեամբ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նշած է հետեւեալը. «Նախաձեռնարկ մարմինը նշած էր, որ կը նախատեսուին հնարաւոր է այդ օրը ըլլան ընտրութիւնները, այնտեղ որոշում չկար նշուած, ընդամէնը առաջարկ մըն էր, որ եթէ պետութեան արտօնութիւնը գրաւոր կերպով ստանային, այդ օրը ընտրութիւնները պիտի նշանակուէին։ Գրաւոր պատասխանը մենք կրնայ ըլլալ ստանանք յաջորդ շաբաթ կամ Փետրուարին»։