ՁԵՌՆԱԴԱՇՆԱԿՈՎ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, իտալացի ձեռնադաշնակահար Մարիօ Սթեֆանօ Փիէթրօտարքի հանդէս եկաւ համերգով մը։ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբն ալ մասնակցութիւն բերաւ Ամանորի սեմին կազմակերպուած այս փայլուն համերգին։ Երաժշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Մարիօ Սթեֆանօ Փիէթրօտարքին եւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017