ՊԷՏՔ ՉԷ ԴԺԳՈՀԻԼ

Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն հայաստանեան երաժշտական կեանքին «դէմքը» հաւանաբար Սեպուհ Սիմոնեանն էր՝ բազմաոճային ամերիկահայ երգիչ մը, որուն այցերը Հայաստան ժամանակակից երիտասարդութեան համար իրադարձութիւն կը դառնան: Առաջին անգամ 2014 թուականին, երբ Սեպուհ իր Capital Cities փոփ ժանրի երաժշտութիւն երգող խումբին հետ Հայաստանի մէջ համերգներ ունեցաւ, հաւանաբար նոյնիսկ չէր պատկերացներ, որ այդքան ճանաչում ունի հայրենիքի մէջ։ Անոր երեք համերգներու տոմսերը շուտով սպառեցան: Սեպուհ Սիմոնեանը եւ իր խումբը նշանաւոր են բազմաթիւ երկիրներու մէջ, բայց ճանաչման ճանապարհը մէկ օրուան մէջ չէ յստակացած: Անոնց ամենէն յայտնի «Safe and Sound» երգը նախ հնչած է Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն՝ Փերուի ձայնասփիւռային կայաններէն, ապա սկսած է Միացեալ Նահանգներու կայաններէն սփռուիլ, եւ աստիճանաբար յայտնութիւն բերած է իր երկու հոգիէ կազմուած խումբին: Այնուհետեւ, խումբը մէկուկէս ամիս շարունակ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ շրջագայած է ամերիկացի նշանաւոր երգչուհի եւ դերասանուհի Քեթի Փերիի հետ, որ բացումը կատարած է խումբին համերգներուն, եւ այս մէկը, անշուշտ, աւելի մեծ ճանաչում բերած է խումբին: 2011 թուականին թողարկուած «Safe and Sound» երգը միջազգային կարգ մը երգի շքերթներուն ընթացքին զբաղեցուցած է առաջին հորիզոնականները: 2013 թուականին Սեպուհ Սիմոնեանի ստեղծած Capital Cities խումբը թողարկած է «In a Tidal Wave of Mystery» ալպոմը: Խումբը ունի երեք ալպոմ եւս, որմէ վերջինը այս տարի թողարկուած է եւ կը կոչուի Lazy Hooks: Ամերիկեան միջավայրի ծնունդ այս խումբը յաջողութեամբ համերգներ կ՚ունենայ զանազան երկիրներու մէջ եւ մեծ ընդունելութիւն ձեռք կը ձգէ:

Մեզի՝ հայերուս համար, անշուշտ հպարտութիւն է, որ ժամանակակից երաժշտական աշխարհին մէջ ճանչցուած խումբի մը հիմնադիրը, մեներգիչը մեր հայրենակիցն է, հայերէն խօսող, իր հայկական արմատները լաւագոյնս ճանչցող, հայկական էութեան հաւատարիմ, շատ զգացմունքային, աշխատասէր արուեստագէտ մը, որ յաջողութիւններու հասած է ինքնատիպութեան, յամառ աշխատանքին եւ մարդասիրական բնաբանով իր երգերուն շնորհիւ:

Սեպուհ Սիմոնեան այժմ կը պատրաստէ անհատական ալպոմ մը, ուր իր երգերուն կը նուագակցի Ճիւան Գասպարեան կրտսերը, ինչպէս նաեւ երգեր կը թողարկէ Սերժ Թանկեանին հետ։

Այս տարի ամերիկաբնակ երգիչը որոշած է ընտանիքին հետ Կաղանդի տօնական օրերը եւ Սուրբ Ծնունդը անցընել Հայաստանի մէջ, աւելին՝ Կաղանդի գիշերը պիտի գտնուի Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մինչ այդ, Նոյեմբերէն սկսեալ, հասցուցած է Երեւանի մէջ մասնակցիլ բազում երաժշտական, մշակութային երեկոներու, իր կատարումով բացած է Հիւսիսային պողոտայի տօնավաճառը, ինչպէս նաեւ համերգներ ունեցած է: Համերգ մը ունեցաւ «Վիզա» ռաք խումբին հետ, որուն արտադրողն է Սերժ Թանկեան, համերգին նաեւ Ճիւան Գասպարեան կրտսերը մասնակցեցաւ՝ տուտուկի նուագակցութեամբ:

Սեպուհ Նոյեմբեր ամսուն համերգ մըն ալ ունեցաւ՝ այս անգամ երգչուհի Սիրուշոյին հետ, որուն ընթացքին երաժշտական զոյգը երգեց «Վույ, աման» երգը, որ այսօր արդէն Երեւանի երիտասարդութեան սիրելի երգը դարձած է: Երգին նախապատմութիւնը հետաքրքրական է՝ Սիրուշոն Սեպուհին առաջարկած է աշխատիլ միասին, երգ մը երգել, երգին անունն ալ «Վույ, աման» դնել։ Երգը հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու սիրոյ մասին է: Սեպուհ սիրով ընդունած է առաջարկը, վստահ ըլլալով որ նմանատիպ պատմութիւններ շատեր ունեցած են, այդ կարգին եւ ինք, իր երիտասարդութեան տարիներուն:

Երգը հիանալի առիթ մը դարձաւ, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը Սեպուհը ա՛լ աւելի ճանչնան: Երգին հիման վրայ նաեւ տեսահոլովակ մը նկարահանուած է:

Սակայն, մինչ այս երգը, երաժշտասէր հասարակութիւնը գոց գիտէ Սեպուհ Սիմոնեանի «Safe and Sound» երգը եւ անոր վերջին համերգներուն կ՚երգէր երգիչին հետ: 2013 թուականին «Safe and sound»ը ներկայացած է նաեւ «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան, ճիշդ է, որ ան յաղթանակ չէ ունեցած, բայց «Լաւագոյն տեսահոլովակ» անուանակարգին մէջ առաջին հինգին մէջ ըլլալը արդէն լաւ ցուցանիշ մըն էր առաջին անգամուայ մասնակցութեան համար:

Իր այս տարուան հայաստանեան այցին վերջին համերգը Սեպուհ Սիմոնեան ունեցաւ 23 Դեկտեմբերին՝ Կոմիտասի անուան Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ՝ «Սեպուհ եւ ընկերները» խորագրով: Անոր ընկերակցեցան «Թումօ» կեդրոնէն սաներ, որոնց հետ Սեպուհ Սիմոնեան վարպետութեան դասեր իրականացուցած է՝ փոխանցելով իր հարուստ երաժշտական փորձն ու գիտելիքները:

Անոր ոչ միայն մասնագիտական գործունէութիւնը, այլ ընդհանրապէս կենսագրութիւնը հարուստ եղած է, Մերձաւոր Արեւելքէն Արեւմուտք հասած այն բազում հայերու կենսագրութիւններուն պէս, որոնցմէ դուրս Սեպուհը եւ շատերը կերտեցին իրենց իւրօրինակ ճանապարհները: Այդ ճանապարհները դժուար ընթացքներով կ՚երկարին եւ այդ մարդիկը օր մը անպայման Հայաստան կը բերեն:

1978 թուականին Հալէպի մէջ ծնած է Սեպուհ Սիմոնեան: Անոր ծնողքը Լիբանանէն Հալէպ տեղափոխուած է, փախչելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, եւ Հալէպի մէջ ծնած է որդին: Սեպուհի ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք, ընտանիքը վերադարձած է Լիբանան, ուր մնացած է մինչեւ 1985 թուականը։ Շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Սիմոնեանները վերջնականապէս տեղափոխուած են Միացած Նահանգներ: Պզտիկ եղած է Սեպուհ Լիբանանէն հեռանալու ժամանակ, մանկութենէն շատ բաներ չի յիշեր, բայց յետագային վերադարձած է կարճ պտոյտով եւ մեծ տպաւորութիւններ ստացած՝ մանաւանդ հայաշունչ միջավայրէն: Սեպուհին ընտանիքը միշտ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքային կեանքին մէջ։ Ինք՝ Սեպուհ Սիմոնեան, 1990-ականներու վերջաւորութեան, հայկական «Ասպարէզ» պարբերականի անգլերէն բաժնին մէջ աշխատակցած է որպէս խմբագրի օգնական: Աւարտած է Կլենտէյլի աւագ դպրոցը, Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի (Նորթրիճ) սաներէն եղած է, ուր ուսանած է երաժշտութիւն։ Յատկանշական է, որ Սիմոնեան իր առաջին երաժշտական խումբը ունեցած է տասնհինգ տարեկանին: Այս օրերուն, Երեւան գտնուելուն միջոցին, մամուլին տուած իր հարցազրոյցներուն մէջ եւ ասուլիսի մը միջոցաւ Սեպուհ Սիմոնեան աւելի շատ պատմած է իր մասին, նշելով, որ ցանկութիւն ունի նաեւ այս միջոցին 2017 թուականին ծնունդ իր կրտսեր զաւակը մկրտել Հայաստանի մէջ, ինչպէս 2014 թուականին աւագ զաւակը մկրտած էր Մուղնիի մէջ: Ամերիկահայ երգիչի հայաստանեան այս այցը աւելի երկարաժամկէտ է՝ երկու ամիսով: Ան ձայնագրութիւններ կը կատարէ: Ըստ Սեպուհին՝ հայրենիքի բնութիւնը կը ներշնչէ զինք երաժշտութիւն ստեղծելու: Որոշած է խորապէս ուսումնասիրել հայկական երաժշտութիւնը, կոմիտասեան ժառանգութիւնը: Կոմիտաս մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Սեպուհի վրայ:

Բայց միայն հաճելի յուշեր չէ, որ կան հայրենիքէն. իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեպուհ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ճանապարհային ոստիկանութեան հետ իր ունեցած անախորժ փորձառութեան: Ոստիկանները Սեպուհի հօրմէն կաշառք պահանջած են, մամլոյ ասուլիսի լոյսին տակ՝ ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութիւնը քննութիւն բացած է Սեպուհի յայտարարութեան վերաբերեալ եւ ձերբակալած է ապօրինի գործողութիւններու դիմած ոստիկանները:

Սենեկային երաժշտութեան տան իր եւ երիտասարդ կատարողներու համերգին կարելի էր ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս հանրածանօթ երգիչը համեստաբար կը քաջալերէր երիտասարդ, նոյնիսկ դեռահաս երգիչները, անոնց հետ կ՚երգէր: Երգիչներէն տասնչորս տարեկան Սանահինի երաժշտական գործունէութիւնն ալ ստանձնած է ինք՝ փորձելով առաջ տանիլ ձայնային բացայայտ տուելաներով օժտուած Սանահինը: Սանահինի հեղինակած «Leave Me in This World» երգն ալ երկուքը միասին կատարեցին:

Համերգը, որ կազմակերպած էր Հայաստանի մէջ գործող Deem Communications ընկերութիւնը, ընթացաւ լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ՝ յառաջադէմ երիտասարդութեան (որոնց կարգին նաեւ՝ սփիւռքահայեր եւ այս օրերուն Երեւան գտնուող օտարներ) բուռն ծափահարութիւններով:

Կոմիտասի ունեցած ազդեցութիւնը զգա-լի է երգիչին վրայ, ան իր ելոյթին ժամանակ սեփական մեկնաբանութեամբ կատարեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»ը, իսկ համերգը եզրափակեց «Ես սարէն կու գայի» ստեղծագործութեամբ։

Համերգէն ետք Սեպուհ Սիմոնեան պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն:

-Սեպուհ, երբ առաջին անգամ հարցազրոյց տպեցինք Պոլսոյ մէջ, արձագանգ մը ստացանք պոլսահայեր երիտասարդէ մը, որ արդեօք ինչո՞ւ Սեպուհ Պոլսոյ մէջ համերգ չ՚ունենար: Երբեք մտածա՞ծ էք համերգ ունենալ այնտեղ:

-Ես շատ սիրով պիտի ուզէի Պոլիս երթալ, հոն չեմ եղած բնաւ:

-Այսինքն որոշ հայ երգիչներու պէս հարց մը չունի՞ք Ձեր մէջ՝ Թուրքիա երթալու, հոն համերգ ունենալու առընչուող:

-Շիտակը լրջօրէն չեմ մտածած այդ հարցին մասին, մինչեւ հիմա հրաւէր ալ չէր եկած, որ այդ մասին խորհէի: Եթէ հրաւէր մը ըլլայ, մանաւանդ՝ հայ համայնքին կողմէ, ապա ես վստահ նկատի կ՚առնեմ եւ կ՚ընդունիմ այդ հրաւէրը: Անշուշտ, ես ալ հարցեր ունիմ, եւ կան հարցեր, որոնց պատասխանները կ՚ուզեմ ստանալ եւ անպայման՝ արդար պատասխաններ: Ես շատ անհամբերութեամբ կը սպասեմ առաջին առթիւ իմ պատմական հայրենիքս այցելելու, իմ պապերուս ապրած վայրերը տեսնելու, մինչեւ հիմա ատոր առիթը չէ եղած: Իմ երգերուս մէջ կայ այդ ամէնը եւ կ՚ուզեմ յառաջիկայ մէկ-երկու տարին անպայման այդ փափաքս իրականացնել: Գիտեմ, որ յուզիչ պահ մը պիտի ըլլայ ինծի համար, իսկ Իսթանպուլ, որ հայաշունչ կեդրոն մըն է, որուն հետ անպայաման կ՚ուզեմ շփուիլ, իրենց մտածումներուն ալ ծանօթանալ եւ համերգ ունենալ:

-Մենք համերգին ականատես եղանք, որ Դուք երիտասարդները քաջալերեցինք, անոնց ոգի տուիք բեմին վրայ: Եղա՞ծ են պահեր, որ Դուք ունեցած էք անոր կարիքը, մանաւանդ, սպասած էք, որ ծանօթ անուն մը քաջալերէ Ձեզ:

-Ես շատ բախտաւոր եղած եմ, որ ամբողջ կեանքս շուջիններս, ծնողքս մանաւանդ, զիս քաջալերած են, որպէսզի երաժշտութեան ճամբով ընթանամ: Մանկութեանս արդէն ինծի համար ալ բաւական յստակ էր, որ երաժշտութիւնը կեանքիս մէջ դեր մը պէտք է ունենայ: Առաջին խումբս ստեղծած եմ մինչեւ չափահաս դառնալս, յետոյ ուրիշ ռաք խումբեր ստեղծած եմ: Ուսումս երաժշտութեան մէջ առի, ռաք խումբեր կազմեցի։ Հայրս ինծի օժանդակեց, որպէսզի պզտիկ սթուտիօ մը հիմնեմ, երբ տեսաւ չափազանց հետաքրքրութիւնս՝ ընկերներս կու գային, կ՚երգէինք… Ոչ միայն մերերգերը կը ձայնագրէինք, այլեւ ուրիշ խումբերու համար ալ ձայնագրութիւններ կ՚ընէինք սթուտիոյին մէջ: Մէկ խօսքով՝ ծնողքս էր առաջինը, որ զիս քաջալերեց եւ յետագային միշտ քաջալերած է: Բայց հանրածանօթ մէկը չէ եղած, որ զիս քաջալերէ, կ՚երեւի ուղղակի պէտք չեմ ունեցած, որովհետեւ միշտ երաժշտութեան մէջ կրցած եմ աշխատիլ, յարատեւել՝ երիտասարդ տարիքէն սկսեալ: Բաւական երկար տեւեց յաջող ձեւով իմ ուզածս ներկայացնելը: Կինս՝ Թամարն ալ շատ օգնեց, հաւատաց, կողքիս կանգնեցաւ: Թամարին հետ համերգի ժամանակ ծանօթացած եմ, եւ այդ մէկը վճռական դարձած է: Երջանիկ եմ, որ ընտանիք ունիմ, միասին ենք: Վերջին մի քանի տարիներուն ընթացքին իմ խումբս կարողացաւ քանի մը երգով համբաւ ունենալ եւ ատոր պատճառաւ հիմա առիթը ունիմ աշխարհի չորս կողմը պտըտելու, ինչ որ շատ մեծ բախտաւորութիւն մըն է, շատ ուրախ եմ ատոր համար։ Կը կարծեմ, որ ամէն երգիչի ուզածն ալ այդ է, բայց ես աւելի բախտաւոր եմ, քանի որ Հայաստան ալ կու գամ, բան մը որ կրկնակի հաճոյք, խանդավառութիւն, ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի իբրեւ երգիչ: Անշուշտ, աշխարհի չորս կողմը շրջապըտոյտները նաեւ յոգնեցուցիչ են, մանաւանդ՝ զաւակներ ունիմ եւ ընտանիքն ալ ժամանակ եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ:

-Իսկ ժանրը կրնա՞յ ըլլալ որ փոխէք, թէ՞ միշտ այս ժանրին մէջ պիտի մնաք:

-Շատ չեմ մտածեր ատոր մասին, քանի որ արդէն այլազան է իմ ժանրս, եւ խումբս ալ զանազան ժանրերու մէջ կը ստեղծագործէ, կ՚երգէ: Բայց Հայաստանի մէջ իբրեւ մեներգիչ հանդէս եկայ, որ տարբեր ժանր մըն էր: Կը սիրեմ նաեւ ռաք, կը սիրեմ աքուստիք սոլօ, մեղմ, ինչպէս նաեւ պարային երգեր: Նոյն երգը զանազան ոճերով ալ կը մատուցեմ, ուստի ատոր մասին շատ չեմ մտածեր: Առհասարակ, իմ բնոյթով երգիչ մը կը նախընտրէ ազատութիւնը, երբ կրնայ երգի նշանակութեան համապատասխանող ստեղծագործական ոճ գտնել:

-Համերգի ժամանակ երգեցիք Սերժ Թանկեանի հետ Ձեր գրած երգը. այլ համագործակցութիւններ պիտի ըլլա՞ն:

-Սերժին հետ կ՚աշխատինք այդ երգին վրայ, այստեղ առաջին անգամ կատարեցի, ինքը տեղեակ չէ, որ նուագեցի, կատարեցի: Համագործակցութիւնները երբեմն պատահական կ՚ըլլան, բայց լաւ արդիւնքներ կ՚ունենան: Նոր համագործակցութիւններ չեմ գիտեր՝ կ՚ըլլա՞ն, կամ՝ ոչ: Ծանօթ հայ երգիչներու հետ կը խօսինք, կը ճանչնանք զիրար, բայց առայժմ նոր ծրագիրներ չեմ կազմած:

-Իսկ Կաղանդի միջավայրը հոս ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

-Շատ լաւ է: Միշտ ամառը եկած եմ Հայաստան, այս անգամ այս օրերուն հոս եմ, կեդրոնը լոյսերը կը վառին, մեծ տօնածառեր զարդարուած են ամէն կողմ: Այս տարի Ամանորին Ստեփանակերտ պիտի ըլլամ: Մարդոց մէջ ալ լոյսեր կը տեսնեմ, լաւ երիտասարդութիւն կայ: Իսկ մարդիկ այս տարի աւելի ուրախ են, որովհետեւ անցեալ տարուան պէս ցուրտ չէ, շատ քիչ է ձիւնը, գրեթէ չկայ, անձրեւն ալ քիչ է, ինծի համար ալ այդ մէկը լաւ է:

-Այն խօսակցութիւնները, որ մարդիկ հոս դժուար կ՚ապրին, Դուք, դուրսէն գալով, ինչպէ՞ս կը տեսնէք, այդ մէկը նկատելի՞ է:

-Ամէն տեղ մարդիկ դժգոհ են: Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ շատ դժգոհութիւններ կան, դժուարութիւններ կան ամէն տեղ: Բնական է, որ այդ խօսակցութիւնները հոս ալ ըլլան: Բայց ես 1998 թուականէն ի վեր կու գամ, միշտ դժգոհ մարդիկ եղած են, դրական աչքով դիտող մարդիկ ալ կան, եւ անոնք են, որ պիտի բարելաւեն Հայաստանը: Դժգոհներն ալ եթէ աշխատասէր են, կրնան յաղթահարել դժուարութիւնները, առաջ երթալ եւ շատ չդժգոհիլ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017