ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԸ
«Առաջաւորաց պահք»ը կը հաշուուի Զատկին հետ համեմատելով եւ անոր հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունենալով՝ Յունուար 11-էն մինչեւ Փետրուար 15։
Այս տարի «Առաջաւորաց պահք»ը կը սկսի 22 Յունուարին։ Ուստի 21 Յունուար Կիրակի օրուան յաջորդող եօթ օրերուն հինգ օրերը կը կոչուին «Առաջաւորաց պահք»՝ 22 Յունուար Երկուշաբթիէն մինչեւ 26 Յունուար Ուրբաթ՝ որ սաստիկ պահք կը պահուի ծոմով միասին։ Ուրիշ բացատրութեամբ, «Առաջաւորաց պահք»ը՝ որ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրէն կը սկսի եւ կը տեւէ հինգ օր։ Թէ ի՞նչ է Առաջաւորաց պահքին իմաստը։
Խոր Վիրապէն ելլելէն յետոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Տիրոջ հրաշքով դարձի եկաւ Տրդատ թագաւոր եւ իր հետ ամբողջ Հայ ժողովուրդը։
Նախքան մկրտելը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ 65 օր շարունակ քարոզեց Քրիստոսի վարդապետութիւնը, որմէ յետոյ պատուիրեց 5 օր ապաշխարիլ պահեցողութեամբ Տրդատ թագաւորին եւ ամբողջ ժողովուրդին։ Եւ այդ 5 օրերը, ամբողջ ժողովուրդը՝ իրենց թագաւորին հետ, ո՛չ միայն իրենք զիրենք զրկեցին կերակուրներէ, ուտելիքներէ, այլ ինչպէս պէտք է՝ «հոգեւոր պահեցողութեամբ» մեծապէս զղջում յայտնեցին իրենց նախկին հեթանոսական, անբարոյ կեանքի եւ ամէն տեսակ մեղքերուն համար, եւ մանաւա՛նդ հայոց արքան եւ պալատական մեծամեծները՝ որոնք Քրիստոսի հաւատքի պատճառով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկելէ յետոյ օձերու պատած եւ խաւար խոր փոսը՝ վիրապին մէջ էին թողած, իսկ Հրիփսիմեանց կոյսերը՝ չարչարելով սպաննած։
Այսպէս, ահա, հաստատուեցաւ «Առաջաւորաց պահք»ը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին պահքն է։ Եւ այս պատճառով է, որ ան կոչուած է՝ «Առաջաւորաց պահք»։ Այս իմաստով, պէտք է նշել, որ հին ժամանակներուն՝ «պահք» ըսելով կը հասկցուէր մեր այսօրուայ «ծոմ»ը, այսինքն՝ ընդհանրապէս ո՛չ մէկ բան կ՚ուտէին, միայն քիչ մը ջուրի օգտագործութեամբ եւ կամ կ՚ուտէին շատ քիչ բանջարեղէն՝ կանանչեղէն։ Բայց աւելի վերջ, բանջարեղէններու աւելցուեցաւ բուսական ծագում ունեցող նաեւ ուրիշ ուտելիքներ եւ մեղր, եւ այս կերպով պահքի եւ ծոմի միջեւ մտաւ երրորդ տարբերակ մը՝ ծոմը վերածելով «աւելի խիստ պահք»ի տեսակի մը։ Այս պահքը, ուրեմն ստացաւ միջակ բնոյթ մը՝ անուանուելով. «խիստ պահք»։
Այսօր Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը՝ ծոմ թէ՛ սովորական պահք, հաւատացեալին կամքին է թողուած։ Առաջաւորաց պահքը կը հանդիպի «Մեծ Պահք»էն 3 եւ Զատկի տօնէն 10 շաբաթ առաջ։
Առաջաւորաց պահքը կը պահուի 5 օր՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Մւրբաթ ներառեալ, իսկ Շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Սարգիսի տօնը։ Եւ այս տօնի պատճառով Առաջաւորաց պահքի իմաստը յաճախ կապուած կ՚երեւի Սուրբ Սարգիսի տօնին հետ եւ կը կոչուի «Սուրբ Սարգիսի պահք»։ Սակայն նախընտրելի է եւ պատշաճ՝ գործածել պահքի բո՛ւն անունը։ Քանի որ Առաջաւորաց պահքը Սուրբ Սարգիսի տօնին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։
Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը հետեւեալ բացատրութիւնները կու տան, թէ ինչո՞ւ 5 օր պահք կը պահուի։
Նախ, քանի որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կարգադրութեամբ ամբողջ պալատականները եւ ժողովուրդը ապաշխարեցին 5 օրուան պահքով։
Յետոյ, այն պատճառով, որ մարդ 5 զգայարան ունի. աչք, ականջ, քիթ, բերան եւ ձեռք-ոտք, որոնք կը ծառայեն որպէս տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք։ Մարդ այս զգայարաններով է որ կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի 5 օրերու ընթացքին կը զղջայ՝ անոնցմով գործած մեղքերը խոստովանելով զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ չկրկնել։
Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհը եւ անոր մէջ եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ։ Իսկ վեցերորդ օրը ստեղծեց մա՛րդը եւ թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր ամէն տեսակ կենդանիները, անոնց աճելու եւ բազմանալու հրաման տալով. բայց ուտելու հրաման տակաւին տուած չէր։ Այդ հրամանը (ԾՆՆԴ. Ա 29-30) մարդուն ե՛ւ ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն՝ 5 օր յետոյ։ Եւ ուրեմն, աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ո՛չ ոք որեւէ բան կ՚ուտէր։
Ըստ Եկեղեցիի՝ այս պահքը սահմանուած էր նաեւ Մովսէսէն առաջ նահապետներու կողմէ։ Ըստ աւանդութեան, դրախտէն արտաքսուելէն յետոյ, Ադամ 5 օր անօթի մնաց։ Իրմէ սորվելով, անոր որդիներն ալ հնգօրեայ պահք պահեցին, զոր օրինակ, Աբէլը՝ զոհ մատուցանելէ առաջ, կամ Սէթը, երբ իր հայրը Ադամ մեռաւ։ Ենովքն ալ 5 օր պահք կը պահէր ամէն ամսամուտին, իսկ Նոյ այս պահքը պահած է տապան մտնելէ առաջ եւ այնտեղէն ելլելէն յետոյ։
Իսկ Աբրահամ, Յակոբ եւ Յովսէփ ալ հնգօրեայ պահք են պահած։ Եւ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու բացատրութեան՝ Առաջաւորաց պահքի՝ նաեւ նախապետներէն սահմանուած ըլլալու պատճառը՝ որ այս պահքի առաջին 4 օրերու ընթացքին՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Հիգշաբթի, Աստուածաշունչի հատուածներ՝ ընթերցուածներ չեն կարդացուիր, քանի որ այս պահքի սովորութիւնը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ տակաւին չէին գրուած Հին կտակարանի եւ ո՛չ ալ առաւել եւս Նոր կտակարանի գիրքերը։
Առաջաւորաց պահքի վերջին՝ Ուրբաթ օրը, Յովնան մարգարէի (Ն.Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է, եւ եկեղեցին կը կարդացուի անոր գիրքը՝ ուր նոյնպէս կը խօսուի պահքի եւ ապաշխարութեան մասին։
«Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ եւ թագաւորին եւ իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով.- Մարդ եւ անասուն, արջառ եւ ոչխար թող բան չուտեն, չարածին եւ ջուր չխմեն։
«Եւ մարդիկ եւ անասուններ քուրձ թող հագնին եւ բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։
«Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն եւ իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ», (ՅՈՎՆԱՆ, Գ 7-8)։
Առաջաւորաց պահքը, արդարեւ, առի՛թ մըն է ներհայեցողութեան եւ նորոգուելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար, 11, 2018, Իսթանպուլ