ԾԱԾԿՈՑՍ Ո՞ՒՐ Է

-Ծածկոցս ո՞ւր է, մա՛մ, վերցուցե՞ր ես, չեմ կրնար առանց անոր քնանալ, գիտե՛ս:

Գիշերուան ժամերուն իրարանցում մը կը ստեղծուի յանկարծ տան մէջ: Տասներկու տարեկան մանչուկը հեւ ի հեւ տան բոլոր անկիւնները իրար կ՚անցընէ, ծածկոցը կը փնտռէ: Մայրն ու հայրը կը սկսին ձագուկին հետ փնտռել ու ի վերջոյ անկողինին տակի աննշան մէկ անկիւնէն կը յայտնուի ծածկոցը: Ի՜նչ ուրախութիւն, ձագուկը կեանքի ընկերը գտածի պէս կը գրկէ մանկութեան՝ հազիւ մէկ մեթր քառակուսի ծաւալով ծածկոցը, տաքուկ համբոյրներ կը դրոշմէ անոր վրայ ու խաղաղած կը քնանայ:

Հայրն ու մայրը զիրար կը դիտեն ու դժգոհ, բայց յոգնած կը քնանան:

***

Պատերազմի պատճառով տունէ-տեղէ հեռացողներու փաղանգին մաս կը կազմէ նաեւ այս ընտանիքը, որ մանուկը երբ եօթ տարեկան էր, որոշեց զայն հեռացնել այդ ահ ու սարսափէն: Այր ու կին գտան իրենց ասպարէզներուն համապատասխանող աշխատանքներ ու կարողացան հոգալ իրենց ընտանիքին ապրուստը, տան վարձքը, սակայն հոն, մանուկը մնաց տան մէջ՝ առանձին. ամէն օր այսպէս մինչեւ երեկոյ, մանաւանդ ամրան, երբ դպրոցներն ալ արձակուրդ առած կ՚ըլլան:

Մանուկը օրէ օր մեծցաւ ու դարձաւ ինքնուրոյն, բան մը որ դրական կրնայ թուիլ առաջին հայեացքէն, բայց եկուր տես որ ունի նաեւ իր բացասական հետեւանքները: Արթուն մտքի ու մտածողութեան տէր այս մանուկը սկսաւ զբաղիլ համակարգիչով, տեսանիւթերով: Ճիշդ է, որ ան դուրս չելաւ ծնողաց հսկողութեան սահմաններէն, բայց իր նախասիրութիւնները գտաւ անգլերէն լեզուով, ահաւասիկ մայրենիին հար-ւածող ախտ մը, որով կը տառապին գրեթէ բոլոր Պետիկին նման մանուկները: Ախտ մը, որ ոչ միայն Պետիկին պայմաններուն տակ գտնուող մանուկները ունին: Անոնք երբ հանդիպին դպրոցին կամ ակումբին մէջ կը խօսին անգլերէն, հայերէնը կը մնայ միայն հայերէնի դասապահերուն ու ընտանեկան յարկէն ներս օգտագործուող լեզու, որ, տան պարագային, օրական միայն մի քանի բառ կը գործածուի, առօրեայ հաղորդակցութեան համար անհրաժեշտ մի քանի բառ միայն: Ասիկա տակաւին հայ համարուող ու հայութեան պահապան գաղութի մը մէջ է, որ տեղի կ՚ունենայ, արեւելքի մէջ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ այն ձագուկը, որ հասակ կ՚առնէ օտար ափերու մէջ, նոյն Պետիկին պայմաններուն ներքեւ, հետզհետէ պիտի դառնայ լրիւ օտարախօս...:

Ինքնուրոյնութիւն, այո ձագուկը ինքնուրոյն եղաւ, այն աստիճան, որ տէրն է կարծես տան ու երբ ծնողքը ներկայանայ ինք կը դառնայ անոնց շուրջ՝ «Մա՛մ, բան մը կ՚ուզե՞ս, յոգնա՞ծ ես, ճաշ մի եփեր, հոգ չէ, ես արդէն պատրաստ սէնտուիչ մը կերած եմ, դուն հանգիստ ըրէ», արտայայտութիւններ են, որոնք կամայ ակամայ կը հեռացնեն մանուկը ծնողքէն, որ անոնցմով սիրոյ ետին թաքուն բան մը կը նշմարուի, իր իսկ սահմաններուն ներխուժումը, իր ազատութեան կաշկանդումը թերեւս, իր զբաղումներուն սանձումը նաեւ:

Ինքնուրույնութիւնն է նաեւ, որ Պետիկը հետզհետէ հեռացուց ակումբէն, մարզական դասընթացքներէն, դպրաց դասէն, որոնք սիրելի էին ատենին, ուրկէ սակայն քայլ առ քայլ հեռացաւ ան այլեւայլ պատճառաբանութիւններով:

Անհանգիստ է Պետիկ այս առաւօտ: Կ՚արթննայ, ծածկոցը կուշտ ու կուռ կը համբուրէ ու մեծ ծածկոց մըն ալ քաշելով կը բերէ ու կը բազմի իր անկիւնը, կը մտնէ տաքուկ ծածկոցին տակ. ջերմութիւնը կը սկսի բարձրանալ եւ քանի բարձրանայ, այնքան աւելի կուրծքին կը սեղմէ մաշած այդ կտոր մը լաթը: Մայրն ու հայրը նամակներով կը հարցնեն իր որպիսութիւնը, ինք չ՚ըսեր, որ անհանգիստ է, չի յայտներ իր ջերմութեան մասին, մինչեւ երեկոյ անօթի ծարաւ այսպէս մանուկը կը մնայ ծուարած իր անկիւնին մէջ, երբեմն աչքը կը բանայ ու հեռաղեկով հեռատեսիլի կայանները կը փոխէ, բայց իսկոյն կը փակուին աչքերը:

Մայրն ու հայրը բարձր ջերմութեան մէջ կը գտնեն ձագուկը երեկոյեան, անմիջապէս շտապօգնութիւնը կը կանչեն ու հիւանդանոց կը փոխադրեն զայն: Հոն, Պետիկ հազիւ սթափած, բան մը կորսնցուցածի պէս աչքերը աջ ու ձախ կը դարձնէ, բան մը կը փնտռէ, կը փնտռէ այն իրը, որ իր կողքին էր առտուընէ մինչեւ իրիկուն, իր կողքին էր եւ է տակաւին հինգ տարիներու տեւողութեամբ: Անշունչ այդ կտոր մը լաթէն ստացած է ան իրեն անհրաժեշտ գուրգուրանքը, համբոյրը, գիրկը, ջերմութիւնը, խօսած է անոր հետ, հոտուըտած է զայն, գրկած պտըտած է տան մէջ, բաներ, որոնք ծնողքի մը պարտաւորութիւններն են, բաներ, որոնք իւրաքանչիւր մանկան կարիքն են, բաներ, որոնք կ՚օժանդակեն ծնողքի ու մանկան առողջ փոխյարաբերութեան ու մանաւանդ մանկան առողջ աճման, առողջ մարդկային հաղորդակցութեան զարգացման:

-Ծածկո՛ցս, մա՛մ, ո՞ւր է...

Կորսուածին անունը կը մարմնաւորուի Պետիկին հնչիւններուն մէջ ու մայրը պայուսակէն հանելով ծածկոցը կը գրկէ իր մանկիկը, բայց անոնց միջեւ կը սեղմուի հնամաշ ծածկոցը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018