ԵՒ… ՖՈՐՍ-ՄԱԺԷՕՌ

Պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլի կուսակալութենէն նամակ մը հասաւ Պատրիարքարան։ Այս նամակը պատասխանն էր ամիսներէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուած դիմումներուն։ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը երէկուան նամակով փոխանցեց Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած տնօրինութիւնները։ Բնականաբար, երէկ Պատրիարքարան հասած նամակը գործեց ռումբի ազդեցութիւն։ Համայնքային շրջանակները անմիջականօրէն ուշադրութիւն կեդրոնացուցին այս նամակին վրայ։

Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած նամակին բնագիրը։ Ուշագրաւ է, որ Պատրիարքարանի աղբիւրները ցարդ պաշտօնապէս չեն հրապարակած այդ նամակը։ Բարեբախտաբար, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր մամուլին ուղարկած է այդ պաշտօնական գրութիւնը եւ այսպէսով հանրային կարծիքէն, մեր ժողովուրդէն թաքուն ոչինչ մնացած է։ Ըստ երեւոյթին, սա պետութեան կողմէ ներկայացուած վերջնագիր մըն է։ Արդարեւ, պատկան իշխանութիւններու մօտեցումով՝ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր գործողութիւնները իրաւականօրէն կը համարուին բացարձակապէս անվաւեր, ընդհանուր փոխանորդին առընչութեամբ առնուած բոլոր  որոշումներով հանդերձ։ Մեր համայնքը այժմ դէմ յանդիման կը գտնուի անհեռատեսութեան ծանր հետեւանքներով, որովհետեւ այսքան մեծ ցնցումներէ վերջ դարձեալ վտանգուած է պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, սոյն նամակի Գումգաբու հասնելէն առաջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցած են կարգ մը կարեւոր շփումներ։ Այսպէս, 1 Փետրուար 2018, Հինգշաբթի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուած է Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ։ Ներկայ գտնուած են նաեւ նախարարութեան խորհրդատուն եւ այլ պաշտօնատարներ։ Նորին սրբազնութիւնը նախարարին կողմէ հիւրընկալուած է՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սիւլէյման Սոյլու ընդհանուր քննարկում մը ծաւալած են պատրիարքական ընտրութեան տագնապին շուրջ։ Այս բոլորը արդէն յայտնի դարձած են՝ Պատրիարքարան երէկ հասած նամակի՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ մեր մամլոյ նկատառման յանձնուելուն զուգահեռ։

Մինչ այդ, համայնքային շրջանակներէ ներս այլ կարեւոր լսումներ ալ կը գտնուին շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին հրաւիրուած է Իսթանպուլի նահանգապետարան։ Ըստ մեր ունեցած անպաշտօն լսումներուն, նորին սրբազնութիւնը տեսակցած է փոխ-կուսակալին հետ։ Ան անպաշտօն ինքնաշարժով մը մեկնած է կուսակալութիւն։ Ամենահետաքրքրականը այն է, որ Գումգաբուի աղբիւրները օրերէ ի վեր բացարձակապէս լռութիւն կը պահեն այս կապակցութեամբ։ Այսինքն, Պատրիարքարանի աղբիւրները չեն հաղորդած, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այցելած է կուսակալութիւն։

Երէկ նահանգապետարանէն Գումգաբու հասած նամակի բովանդակութեան լոյսին տակ կարելի է ենթադրութիւններ կամ դատողութիւններ ընել այս կապակցութեամբ։ Արդարեւ, երէկ Պատրիարքարան հասած պաշտօնական նամակը բացարձակապէս ձախողում մը կը համարուի Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութեան տեսակէտէ։ Դժուար չէ ենթադրել, որ այդ նամակի Գումգաբու ուղարկուելու ճիշդ նախօրեակին նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին բովանդակութիւնն ալ բացասական, անբարենպաստ եղած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեսակէտէ եւ այս պայմաններուն ներքեւ նորին սրբազնութեան կուսակալութիւն կատարած այցելութեան մասին լռութիւն պահել նախընտրած են Պատրիարքարանի աղբիւրները։

Բաց աստի, վերջին օրերուն աստիճանաբար համայնքային շրջանակներէն ներս տարածում կը գտնեն այն լսումները, ըստ որոնց Նախաձեռնարկ մարմնին անունով դիմում կատարուած է դատական իշխանութիւններուն մօտ ու դատ բացուած՝ Ներքին գործոց նախարարութեան դէմ։ Մօտաւոր անցեալի փորձառութենէն յայտնի դարձած է, որ սա անհեռանկար քայլ մըն է եւ նպաստաւոր հեռանկարներու յղի չէ՝ ժամ առաջ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու տեսակէտէ։ Այս իրողութեան բերումով է, որ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն ապրուած են նոր հրաժարականներ, ներառեալ երկու հոգեւորական անդամները։ Յամենայնդէպս, աստիճանաբար երեւան եկած է նաեւ այն հանգամանքը, որ այդ դատը բացուած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հաւանութեամբ։

Այժմ համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մօտաւոր ապագայի վերաբերեալ երկու հիմնական հարցականի վրայ։ Առաջին հարցումը այն է, որ ինչպիսի՞ ճանապարհ մը պիտի որդեգրուի պատկան իշխանութիւններու այս մօտեցման համապատասխանեցնելու համար Պատրիարքարանի ղեկավարման դրութիւնը։ Այլ խօսքով, այս փուլին ալ անհրաժեշտ է բարձրաստիճան հոգեւորականներու միջեւ եղբայրական ոգիով երկխօսութեան մը սկսիլը, սակայն անցեալ ամիսներու ամբողջ դառն փորձառութենէն վերջ անշուշտ սպասողական վիճակ մը կը տիրէ այս առումով։ Երկրորդ կարեւոր նիւթը այն է, որ վաղը կէսօրուան ժամերուն Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է մեր համայնքին վերաբերեալ բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը։ Մեր համայնքէն շուրջ քսան ազգայիններէ բաղկացեալ խումբ մը հրաւիրուած է այս խորհրդակցութեան։ Թէ ի՞նչ պիտի խօսուի այնտեղ, առայժմ 100 տոկոս յայտնի չէ՝ թէեւ կարելի է ընել որոշ ենթադրութիւններ։ Ըստ մեր լսումներուն, կուսակալութեան մէջ նախատեսուած հանդիպման հաւանաբար մասնակցի Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, եթէ վերջին պահուն անակնկալ փոփոխութիւն մը չըլլայ իր ծրագրին մէջ։ Եթէ նախարարը հնարաւորութիւն չունենայ մասնակցելու այդ հանդիպման, ապա ամենայն հաւանականութեամբ կուսակալ Վասիփ Շահին պիտի տեսակցի մեր ազգայիններուն հետ։

Հուսկ, համայնքային կեանքէն ներս վերստին սկսած է եռեւեփը ու վերստին ստեղծուած՝ սպասողական վիճակ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018