ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
ԶԵԿՈՅՑ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետ Յարութիւն Շանլը յայտարարելով ատենապետութեան պաշտօնէն իր հրաժարումը, գրաւոր արձանագրած է զայն եւ իբրեւ պատճառ այս որոշման, որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ցոյց տուած է իմ անձս։ Խնդրոյ առարկայ հարցը Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուին այլ եկեղեցի մը նշանակումն է, որ իբրեւ Փոխանորդ կը գտնուի իմ իրաւասութեան սահմաններուն մէջ։ Հոգեւորականաց տեղափոխութեան ու նշանակման հարցը որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ լիիրաւ իշխանութեամբ կը պատկանի իմ անձին։
Այս հանգրուանին է, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետը ձեռնարկած է միջամտել գործընթացին։ Մինչդեռ, Վագըֆներ աշխարհիկ (սիվիլ) հաստատութիւններ են եւ ըստ իրենց կարգավիճակին պարտին զերծ մնան հոգեւոր գործընթացէն։ Վագըֆներ ենթակայ են Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ըստ պատկան օրինաց եւ կանոնակարգաց։
Հոգեւոր հաստատութիւններ իրենց գործընթացին մէջ չեն խորհրդակցիր սիվիլ հաստատութեանց հետ, այլ՝ կը գործածեն իրենց իրաւասութիւնները։ Բաց աստի, երբեք խնդրոյ առարկայ չի դառնար ոեւէ անձի կամ որեւէ հաստատութեան հետ սակարկութիւն կատարել։ Իբրեւ Պատրիարքական Աթոռ, մեր մտահոգութիւնն է մտածել մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին հոգեւոր կարիքներն ու խաղաղ համայնքային կեանքը։ Նկատի ունենալով այս բոլորը, որպէս մեր համայնքին վերին հոգեւոր իշխանութիւնը եւ գլուխը մեր եկեղեցւոյ, խնդրոյ առարկայ իսկ չէ որեւէ սակարկութիւն կատարել յատկապէս այն անձերուն հետ, որոնք իշխանութիւն չունին հոգեւոր գետնի վրայ, նամանաւանդ նիւթի մը շուրջ, որ զուտ իմ իշխանութեան սահմաններուս մէջ կը գտնուի։ Իմաստէ զուրկ կը գտնեմ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետին յամառ ջանքերը, որոնք կը միտին տկարացնել անձս իբրեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ կը հրաւիրեմ զինք արդարութեամբ ու ողջախոհութեամբ շարժելու։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան Մեծ Պահոց շրջանին պիտի շարունակէ նոյն Եկեղեցւոյ իր պաշտօնին որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ իմ որոշմամբ։ Որպէս Պատրիարքական Աթոռ, մեր պարտականութիւնն է արդարութեան ու իրաւանց համար գործել ու ծառայել սիրով ու ողորմածութեամբ։ Յստակ է, թէ երբեք պիտի չվարանիմ գործածելէ իմ հոգեւորական նշանակելու իշխանութիւնը ըստ կարեաց եւ ըստ պիտոյից։
Մեր ամենամեծ փափաքն է, որ մեր համայնքը Մեծ Պահոց շրջանը բոլորէ միասնութեան ու խաղաղութեան մէջ։
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
BİLDİRİ
Gedikpaşa Vakfı Başkanı Harutyun Şanlı, başkanlık görevinden istifa edeceğini açıklamış, bu hususu bir yazı ile kayda geçirmiş ve istifasının gerekçesini ise Patrik Genel Vekili olarak şahsıma bağlamıştır. Bahse konu olan meselenin Vekil olarak ve yetkim kapsamında Gedikpaşa Surp Hovhannes Vakfı ruhanisinin görev yerini değiştirmem ve başka bir kilisemize tayin etmem hususudur. Ruhanilerin görev yerlerinin belirlenmesi tam yetki ve Patrik Genel Vekili olarak şahsıma ait bir yetki ve yükümlülüktür.
Bu süreçte Gedikpaşa Vakfı Başkanı kilise ruhanisinin görevden alınmasına müdahil olmak istemiştir. Oysa vakıflar sivil müesseselerdir ve ruhani işlerin dışında kalmaları statüleri gereğidir. Vakıflar, Vakıflar Genel Müdürlüğünün ilgili yasa ve yönetmeliklerine tabidir.
Ruhani bir kurum, ruhani işlemlerini yaparken sivil bir kuruma danışmaz, kendi ruhani hak ve yetkilerini kullanır. Ayrıca hiçbir kişi veya kurum ile pazarlık söz konusu olamaz. Biz Patrikhane olarak sadece kilisemizin ve cemaatimizin ruhani yetkinliği ve barışçıl sosyal hayatını gözetiriz. Bütün bu hususlar dikkate alındığında, cemaatimizin en üst ruhani temsil makamı ve kilisemizin başı olarak, sadece yetki ve görevimin bir parçası olan bu konuda, özellikle ruhani konularda yetkisi olmayan kişilerle herhangi bir pazarlık yapmam söz konusu olamaz. Gedikpaşa Vakfı Başkanının ısrarla Patrik Genel Vekili olarak şahsımı yıpratma gayretine bir anlam veremediğim gibi kendisini hakkaniyet içinde ve sağduyuyla davranmaya davet ederim.
Gedikpaşa ruhanisi Der Zaven Bıçakçı, mevcut kilisemizde yine Patrik Genel Vekili olarak şahsımın kararı gereği Büyük Oruç döneminde aynı kilisemizde görevine devam edecektir. Patrikhane olarak bizlerin görevi hakkı ve hakikatı gözetmek, şefkat ve merhametle muamele etmektir. İhtiyacın hasıl olacağı herhangi bir durumun sözkonusu olması halinde kiliselerimizin rahiplerine ilişkin tayin yetkimi kullanmaktan çekinmeyeceğim şüphesizdir.
Cemaatimizin Büyük Oruç dönemini birlik, beraberlik ve huzur içinde geçirmesi en büyük dileğimizdir.
Dualarımla
BAŞEPİSKOPOS ARAM ATEŞYAN
Patrik Genel Vekili
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024