911 ԵՒ 9/11

Գալիֆորնիա նահանգը ճանչուած է որպէս երկրաշարժերու եւ հրդեհներու հակամէտ շրջան: Վարժուած ենք:

Ամրան տաք եղանակին, երբ օդի ջերմաստիճանը բնականէն շատ աւելի բարձրանայ, հեռատեսիլի առաջնահերթ լուրերուն մէջ տեղ կը գրաւեն անտառային հրդեհները: Բլուրներու վրայ գտնուող թանկարժէք բնակարանները առաջին զոհերը կը դառնան այդ անզուսպ կրակներուն:

Այս տարուան հրդեհները ամրան տաք եղանակին սպասելու համբերութիւնը չունեցան: Դեկտեմբերի առաջին շաբաթն էր: Սաստիկ ցուրտ օդին միացան ժամական աւելի քան 80 մղոն (130 քմ.) արագութեամբ քամիներ՝ աննշան փոքրիկ կայծ մը վերածելով հրդեհներու, որոնք շուտով տարածուեցան բուսականութեամբ լեցուն մօտակայ բլուրները: Կարճ ժամանակ ետք բոցերը յառաջացան նաեւ տարբեր շրջաններ եւ դարձան Գալիֆորնիա նահանգի հրդեհներու պատմութեան ամենաահեղը:

Լիբանանի մէջ, նախքան քաղաքացիական պատերազմը, հազուադէպ էր հրդեհներու հանդիպիլ, իսկ երկրաշարժ՝ մանկութեանս տարիներուն լսած եմ աննշան երկրաշարժի մը մասին, հաւանաբար 50-ականներու վերջերը: Այդ աննշան երկրաշարժերուն յաճախ կը հանդիպինք մեր քով: Մեզի համար բնական երեւոյթ դարձած է եւ շատ անգամ նոյնիսկ չենք զգար: Դարձած ենք «անզգայ»:

Վերադառնալով հրդեհներուն, պատերազմէն ետքն էր, որ Լիբանանի մէջ ականատես դարձանք քանի մը հրդեհներու, երբ կործանարար ռումբ մը կը «հանգչէր» շէնքի մը կամ բնակարանի մը վրայ եւ հրդեհներ կը յառաջացնէր: Բոցերը չէին տարածուեր: Հրշէջները անմիջապէս կը մարէին կրակը, եւ կողքի բնակարանները չէին տուժեր:

Մեր քով հրդեհները փոխանցիկ հիւանդութեան կը նմանին: Շուտով կ՚այցելեն դրացիներուն տուները, իսկ աւելի ուշ՝ մօտակայ շրջանները:

***

Այդ առաւօտ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան տանող ամենախճողուած թիւ 405 մայրուղիի կողքի բլուրները բոցերու մէջ էին: Քանի մը քայլ անդին իսկական դժոխք մըն էր, իսկ ես այդ կրակներուն մէջէն գործի կ՚երթայի: Ետդարձ անկարելի էր: Սաստիկ խճողումին պատճառով չափէն աւելի դանդաղ կ՚ընթանայինք: Երթեւեկը դանդաղեցնողները ինքնաշարժներու մէջէն բջիջային հեռաձայներով նկարողներն էին: Մայրուղիին կողքի ստիպողական պարագաներու վերապահուած գիծէն հրշէջի եւ ոստիկանական ինքնաշարժեր կը սուրային: Քանի մը «ճարպիկ» վարորդներ նմանապէս կը գործածէին այդ գիծը, ինչ որ անօրէն էր եւ՝ բաւական մեծ տուգանքի ենթակայ:

Ուշացումով հասայ գործի: Բացականերուն թիւը ներկաներէն աւելի էր:

Շատ չանցած՝ մայրուղիին երթուդարձի երկու կողմերը փակած էին: Այժմ ուրիշ մտահոգութիւն մը ունէի: Տուն վերադառնալու միջոցը գտնել:

Հարազատներէս եւ մօտ ընկերներէս անդադար հեռաձայններ կը ստանայի: Մտահոգ են: Ճամբաները փակ են ամբողջութեա՛մբ: Հրշէջները օդէն եւ ցամաքէն անդադար քիմիական նիւթեր կը սփռեն չէզոքացնելու համար տարած-ւող բոցերը:

Իսկական «դժոխք» մը:

Այդ քանի մը օրուան ընթացքին 17 տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած անտառային հրդեհներուն պատճառները տակաւին չեն բացայայտուած, բացի մէկէն: 405 մայրուղիին կողքի բլուրներուն հրկիզումին պատճառը անտուն մարդ մըն էր, որ ցուրտէն պաշտպանուելու համար կրակ վառած էր, եւ քամիները տարածած էին:

Ամերիկա ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենահարուստ երկիրը, սակայն այդ հարուստ երկրին մէջ չքաւորներու թիւը կը գերազանցէ որեւէ երկրի անտունիներուն թիւը:

Հետաքրքրական է գիտնալ: Այդ խեղճ անձը պատիժի պիտի ենթարկուի՞: Անտուն էր, կը մսէր եւ տաքնալու կարիքը ունէր: Իր պատիժը կրնայ բարիք մը սեպուիլ նման անձի մը: Բանտարկեալները իրենց գլխուն վերեւ ունին երդիք, նաեւ՝ ուտեստեղէն, բժշկական խնամք եւ ամէն տեսակի «բարիք»:

***

Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ ամրան հեղձուցիչ տաք օր մըն էր: Կէս գիշերը անցած էր, երբ մուխի եւ ծուխի հոտէն արթնցայ: Հետաքրքրուած՝ վազեցի դուրս եւ ի՞նչ տեսնեմ: Տանս կառատունը բոցերու մէջ էր: Գալիֆորնիոյ տուները տախտակաշէն ըլլալուն՝ կարճ ժամանակի մը մէջ ո՛չ միայն ամբողջութեամբ մոխիրի կը վերածուին՝ նաեւ կը տարածուին՝ պատճառ դառնալով դրացիներու բնակարաններու հրկիզումին:

Անմիջապէս հեռաձայնեցի 911 թիւին, որոնք, իրենց կարգին, կապուելով հրշէջներու կեդրոնին, քանի մը վայրկեան հազիւ անց հասան, եւ նախքան հրդեհին տարածուիլը, անմիջապէս մարեցին կրակը: Հրոյ ճարակ դարձած էր կառատունս:

Հրշէջները նախազգուշութեան համար տանս առաստաղը ամբողջութեամբ սղոցած ու բացած էին՝ հաւանական քանի մը կայծի կտորները նմանապէս մարելու, այլապէս, ժամանակ մը ետք, այդ փոքր կայծերը կրնային տարածուիլ եւ հրոյ ճարակ դարձնել տունս ամբողջութեամբ:

Վերադարձայ անկողին՝ քնանալու: Անքուն էի, մանաւանդ՝ անտրամադիր: Բոցերը աչքերուս առջեւէն չէին հեռանար: Դժուար բան է տունդ բոցերու մէջ տեսնել: Երկար ժամանակ չկրցայ քունի անցնիլ: Շշմած էի: Անկողնիս մէջ, կռնակիս վրայ երկնցած, բաց առաստաղէն երկնքի աստղերը կը դիտէի:

Անզգալաբար քունի անցած էի, երբ արեւը եկած էր փոխարիներու տիեզերքի միլիոնաւոր աստղերն ու լուսինը:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ տանս դրան զանգի ձայնէն արթնցայ: Բացի դուռը: Անծանօթ անձ մըն էր: Այցետոմսը երկարելով՝ ներկայացուց ինքզինք: Շինարար մըն էր եւ կ՚առաջարկէր իրեն վստահիլ հրդեհին պատճառով վնասուած տանս նորոգութիւնը: Քանի մը ժամ հազիւ անցած՝ ելած էր գործի որսորդութեան:

«Մի՛ մոռնար, որ ես առաջին ներկայացող անձը եղայ», յիշեցուց նախքան մեկնիլը:

Ժամ մը չանցած՝ տասնեակներով շինարարներ ներկայացան եւ իրենց գործակցութիւնը առաջարկեցին: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս տեղեկացան եւ անմիջապէս ուղղուեցան հրդեհին վայրը:

«Մէկու մը դժբախտութիւնը, ուրիշին երջանկութեան պատճառ կը դառնայ»: Այս պարագային՝ գործի պատեհութեան:

Քանի մը շաբաթ տանս առաստաղը բաց մնաց: Ամէն իրիկուն, անկողնիս մէջ, կռնակիս վրայ երկնցած՝ լուսինն ու աստղերը դիտելու «հաճոյքով», անզգալաբար քունի կ՚անցնէի, երբ գիշեր մը այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ մէկը վրաս ջուր կը սրսկէ: Արթննալէս ետքն էր անդրադարձայ, որ սկսած էր անձրեւել: Օգոստոսի կէսերուն էր: Լոս Անճելըս նոյնիսկ ձմրան եղանակին հազուադէպ են անձրեւները, իսկ այդ տարին, տանս առաստաղը բաց, սկսաւ բաւական ուժգին անձրեւել:

Բախտ ըսածդ այդպէս կ՚ըլլայ:

Տունս հրդեհի դէմ ապահովագրուած է, եւ ամէն տարի կոկիկ գումար մը կը վճարեմ ապահովագրական ընկերութեան. հրդեհին յաջորդ օրն իսկ տեղեկացուցած էի եւ անմիջապէս ուղարկած էին պաշտօնեայ մը եւ քննութիւն բացած՝ ստուգելու հրդեհին պատճառը: Ապահովագրական ընկերութիւնները վարժուած են գումարներ գանձելու, իսկ երբ վնասուց հատուցման կարգը հասնի, կը փորձեն զանազան պատճառաբանութիւններով խուսափիլ իրենց պարտականութիւններէն:

Ոստիկանութենէն եւ հրշէջներու կեդրոնէն ուղարկուած պաշտօնեաները երկար ուսումնասիրութենէ ետք չկրցան որոշել հրդեհին պատճառը:

Յաջորդ առաւօտ անձամբ ներկայացայ ապահովագրական ընկերութեան կեդրոնատեղին եւ պահանջեցի անմիջապէս հանդիպում մը պատասխանատու անձի մը հետ: Նստանք ժողովի: Անիմաստ եւ անտեղի հարցումերով կը ջանար փախուստ տալ եւ առիթ մը գտնել զլանալու համար վճարելու արդար իրաւունքս:

Սաստիկ բարկացած՝ յանկարծ ոտքի ելլելով յիշեցուցի, թէ տանս առաստաղը շաբաթներէ ի վեր բաց է եւ նախորդ գիշերուան անձրեւին պատճառով, իրենց վճարելիք գումարը սկսած է բազմապատկուիլ: Ներկայիս պարտաւոր են վճարել նաեւ անձրեւին պատճառով ունեցած վնասներս, շեշտելով, որ բաց առաստաղով տան մը մէջ բնակիլը անօրէն է եւ շուտով ընտանիքովս պիտի փոխադրուինք պանդոկ մը, որուն ծախսերը եւս պարտաւոր են հոգալ:

Քանի մը օր ետք ուղարկեցին պահանջուած գումարը, որմէ անմիջապէս ետք սկսան շինարարական աշխատանքները:

Իսկապէս որ գէշ փորձառութիւն մըն էր տանս հրդեհը:

Տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, եւ ամէն անգամ երբ հրշէջներու ինքնաշարժի մը սուրալը տեսնեմ, համակրանքով կը դիտեմ այդ յանդուգն եւ անձնուէր մարդիկը, որոնք շատ յաճախ իրենց կեանքը վտանգելով՝ կը չէզոքացնեն հրդեհները:

Մասնաւոր համակրանք մը ունիմ այդ հերոսներուն հանդէպ: Հրշէջներու կեդրոնը տունէս բաւական հեռու է, եւ տակաւին չեմ կրնար երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս այնքան շուտ կրցան հասնիլ տունս եւ մարեցին կրակը:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ տասնեակ հազարաւոր կեանքերու եւ կալուածներու փրկարար օրհնեալ հեռաձայնի թիւը՝ 911, Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամենատխուր թուականներէն մէկուն հոմանիշը պիտի դառնար, երբ 2001-ի 9-րդ ամսուան 11-րդ օրը խափանարարներ հիմնայատակ գետնի հաւասար դարձուցին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող, աշխարհի ամենաբարձր Թուին Թաուըր զոյգ շէնքերը՝ պատճառ դառնալով 3.000 անմեղ քաղաքացիներու մահուան եւ շուրջ 6.000 անձերու վիրաւորուելուն:

Այդ սեւ օրը ճանչցուեցաւ որպէս 9/11 (Սեպտեմբեր 11):

911 եւ 9/11: Նմանօրինակ թուանշաններ: Իրարմէ այնքա՜ն հակասական:

Առաջինը փրկարար թիւ, իսկ երկրորդը՝ խորհրդանիշ մահուան եւ աւերի:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018