«ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ ՆՈՐՈՎԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԸ»

Բանասէր Նառա Սարգսեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-

Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:

Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ եւ Վահէ Թաշճեանի յառաջաբանով «Ռուբէն Զարդարեան. Յօդուածներ» գիրքի մէջ լոյս տեսած են այն յօդուածները, որոնք Զարդարեան գրած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին աշխատակցելու ամիսներուն՝ 1908 թուականի Նոյեմբերէն մինչեւ 1909 թուականի Ապրիլը: Սա այն ժամանակաշրջանն է, երբ երիտթուրքերը յեղափոխութեան ճանապարհով տապալեցին Ապտիւլ Համիտի բռնապետական վարչակարգը՝ հաստատելով օսմանեան սահմանադրութիւնը: Այս իրողութիւնը ոգեւորեց եւ յուսադրեց Զարդարեանը, եւ ան մեծ եռանդով աշխատակցեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Այս գիրքը նորովի կը ներկայացնէ ու կը բացայայտէ հրապարակախօս ու քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանը: Գիրքի մէջ տեղ գտած յօդուածները լոյս կը սփռեն հայերու համար չափազանց կարեւոր այդ պատմական, անցումային ժամանակաշրջանի դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ տուեալ շրջանի քաղաքական հոգեբանութեան, եւ կը ստիպեն զանոնք նորովի վերագնահատել, արժեւորել: Նշենք նաեւ, որ գիրքի մէջ արծարծուած շատ թեմաներ այսօր ալ դեռ՝ 110 տարուան հեռաւորութենէն, կը շարունակեն մնալ արդիական: Այդ պատճառով գիրքը շահեկան եւ օգտակար ներդրում է ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ հայոց պատմութեան, նաեւ լրագրութեան համար:

Այսպէս, յօդուածներու մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան յետսահմանադրական ընդհանուր մթնոլորտը, ուր հրապարակախօս Զարդարեան մէկ կողմէ մեծ հաւատքով ու ոգեւորութեամբ կը ներկայացնէ նոր, ժողովրդավարական ու քաղաքակիրթ պետութեան իր ըմբռնումները՝ մատնանշելով գործնական ուղիներ զայն կատարելու համար, միւս կողմէ ալ՝ իրեն բնորոշ խորաթափանցութեամբ, իւրատիպ ոճով, պատկերաւորութեամբ ցոյց կու տայ տիրող Իթթիհատական կուսակցութեան հակասահմանադրական քայլերը, հակասական, դաւադիր գործունէութիւնը, վերածննդեան նոր ուղի բռնած կայսրութեան ներքին ու արտաքին խոչընդոտները: Դիպուկ է գիրքի յառաջաբանի հեղինակ Վահէ Թաշճեանի մատնանշումը, որ Ռուբէն Զարդարեան առաջին հերթին Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի է՝ «օսմանացի»: Իսկապէս, իբրեւ իր երկրի քաղաքացի՝ Զարդարեան խորապէս կ՚ըմբռնէ եւ կը գիտակցի կայսրութեան պետական շահերը՝ զերծ ազգայնամոլութենէն, ազգայնական գաղափարներէն: Ըլլալով եւրոպական յառաջդիմական բարձր գաղափարներու տէր՝ կը ցանկայ եւ կը պարտադրէ, որ արագ զարգացում ապրող դարուն ժողովուրդը ինքը իր սեփական երկրի ու ճակատագրի տէրը ըլլայ: Ճիշդ է, թէեւ Սահմանադրութեան վերահաստատումը կը շիկացնէր Զարդարեանի սպասումներն ու յոյսերը՝ իբրեւ նոր կեանքի սկիզբ, բայց եւ հաւատքի մէջ ան զգօն էր: Կատարեալ սահմանադրական պետութեան կայացման համար Զարդարեան կը գտնէր, որ առաջին հերթին ամբողջովին պէտք է բարեփոխել պետական հին համակարգը, արմատախիլ ընել բոլոր վտանգներն ու խոչընդոտները:

Հարկ է նշել, որ հրապարակագիրը Պօղոս առաքեալի խօսքը դարձուցած էր աշխարհայեացք. այն, որ ազգերը թիւով շատ, բայց մէկ մարմին են Քրիստոսով:

Շարունակելով նշենք. «Իրաւունքի պայքար» յօդուածի մէջ Զարդարեան կը գտնէ, որ պէտք է կարենալ հաւասար իրաւունքներ տալ պետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, հակառակ պարագային ծայր կ՚առնեն ընդվզումները, որոնք կը թուլացնեն երկիրը. «սկիզբը իմաստութեան՝ Աստուծոյ երկիւղը չէ՛ հիմա, այլ Օսմանեան պետութեան մէջ ազգերու իրաւահաւասարութեան պահանջը եւ ներկայ ընտրական սիսթեմին հիմնական փոփոխութիւնը»:

Հարստահարուած, իրաւազուրկ հասարակութիւններու մէջ արմատական յեղաշրջում յառաջացնելու համար պէտք է սկսիլ նախ դատարաններու բարեկարգութենէն, դատական օրէնքներու բարեփոխութենէն: Իսկ որպէսզի դատարանը կարենայ ծառայել իրաւունքին, պէտք է բացարձակապէս անկախ ըլլայ, առանց որուն չկայ ազատութիւն եւ հաւասարութիւն: Այդ պատճառով պէտք է ընտրուին ամենաարդարասէր ու պարկեշտ քաղաքացիները. «Իրաւասէր դատարան մը գուցէ ամենէն հզօր պատուարն է բռնակալութեան դէմ եւ ամենէն արի պաշտպանը՝ ժողովուրդի ազատութեան» («Դատարաններու վերակազմութիւնը»): Կատարեալ սահմանադրական երկիրներու միւս կարեւոր պայմանը՝ մամուլի անկախութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնն է («Մամուլի օրէնքը»): Եթէ մամուլէն խլուի անոր «Սուրբ» ազատութիւնը, այն ժամանակ կը կործանուի երկրի ազատութիւնը, որովհետեւ մամուլը կը ներկայացնէ հանրային կարծիքը, ժողովուրդի ձայնը եւ հասարակութեան խօսքը. «Սահմանադրական երկիրներու մէջ կայ երկու զօրեղ եւ նուիրական հաստատութիւն՝ ժողովուրդին մտածման ու զարգացումներուն իբրեւ բեմ, մէկը՝ խորհրդարանը,  միւսը՝ մամուլ»: Զարդարեան չի բացառեր նաեւ, որ այդ ազատութիւնը կրնայ շահագործել նոյն մամուլիգործիչները, սակայն այդ զեղծումներու դէմ ան իբրեւ հակակշիռ կը մատնանշէ միայն դատարանի գործառոյթը: Միւս խոչընդոտը, որ կը դանդաղեցնէր երկրի վերածնութեան գործը, բազմազգ պետութեան մէջ ապրող ժողովուրդներու բարոյական կապի եւ փոխադարձ հաղորդակցութեան բացակայութիւնն էր: Զարդարեան կը յուսահատի անկէ, որ նոյնիսկ նոր սերունդին պատկանող օսմանացիներու մէջ կան ո՛չ զգացումներու, ո՛չ քաղաքական համոզումներու նոյնութիւն, ներդաշնակութիւն: Եւ այդ մէկը անդրադարձած է պետութեան մտաւոր ու բարոյական, քաղաքական ու հասարակական կեանքի վրայ. «մտքի դատողութեան եւ խորհողութեան այս  կղզիացման շնորհիւ է, որ քաղաքական հակամարտութիւնը այնքան սուր է այսօր. մտաւորական այս կացութիւնն է, որ սնոտի երկիւղով, կասկածով ու անվստահութեամբ կը ծանրացնէ քաղաքական մթնոլորտը ու զա՛յն կը դարձնէ անհանդուրժելի»:

«Անվստահութեան օձը» յօդուածի մէջ ան կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ թուրք տարրի մէկ խոշոր մասը, մասնաւորապէս Իթթիհատական կուսակցութիւնը, քաղաքական անվստահութիւն կը յայտնէ քրիստոնեաներու, մասնաւորապէս հայերու նկատմամբ: Այս հարցի միակ հիմնաւոր պատճառը Զարդարեան կը գտնէ կրօններու տարբերութեան մէջ, որ անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ. «կրօնը ապազգայնացման այն ուժեղ գործիքն է եղած, որով հետզհետէ, ասկէ առաջ, թուրք տարրը կրցած է իր մէջ ձուլել բազմաթիւ տարրեր»: Այս տեսանկիւնէն կրօնը օսմանեան երկրի մէջ եղած է ազատութեան հոմանիշ եւ անոր համար ալ պահպանած է իր «սուր բնաւորութիւնը»»:

Սոյն յօդուածի մէջ ան կը հաւաստիացնէ, որ «անվստահութեան» ազդակները կու գան դուրսէն՝ Ռուսաստանէն եւ Գերմանիայէն: Վերջինս անընդհատ կը փորձէ Թուրքիոյ մէջ միշտ վառ պահել «երկպառակութեան նուիրական հուրը», չէ՞ որ առանց հայկական արհաւիրքին Պաղտատի երկաթուղիին նման մեծարժէք ձեռնարկ մը երազ պիտի ըլլար միայն տոկուն քափիթալին ու Միջագետքի տիրապետութիւնը՝ աւելի քան ցնորք: Անոր կարծիքով, Գերմանիոյ տնտեսական շահերու տեսանկիւնէն այդ «անվստահութիւնը» շահեկան էր, քանի որ Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս իրենց ստեղծած ազդեցութեան շրջանակի մէջ «հայ տարրը պիտի ըլլար առեւտրապէս գերման գաղթականներու դէմ զօրաւոր մրցումը կատարողը»: Իսկ ահա «Ռուսական քաղաքականութիւն» ուշագրաւ յօդուածի մէջ քաղաքական գործիչ Զարդարեան կը զգուշացնէ ոչ միայն դուրսէն եկող ազդակներու վտանգէն, այլեւ ցոյց կու տայ որ օսմանեան երկրի իսկական վտանգն ու հիմնական թշնամիները նոյն այդ երկու երկիրներն են: Ասիկա պէտք է քաջ գիտակցիլ եւ զգուշանալ:

 Անոր համար ակնյայտ էր, որ Ռուսաստան կը ցանկայ իր ազդեցութիւնը տարածել տարածքաշրջանի մէջ, ուստի պէտք է որեւէ միջոցով՝ տնտեսական, ներքին խռովութեան, ազատագրական շարժումներու դէմ արգելքներով, քայքայէր սահմանակից պետութիւնները՝ Չինաստանը, Պարսկաստանը, Օսմանեան պետութիւնը եւ այլն: Այստեղ դիպուկ է Զարդարեան՝ տիրապետելու այսպիսի հոգեբանութիւն ունեցողներուն։

Զարդարեան տարակոյս չունէր, որ Ռուսաստանի եւ Գերմանիոյ «նենգաւոր» ձեռքերը կրնան հասնիլ եւ գործել օսմանեան խորհրդարանի մէջ, ազատական թուրքերու մէջ՝ շոյելով անոնց տիրելու բնազդները՝ վառ պահելով ազգային ատելութեան կրակը (այս հարցերը կ՚արծարծուին նաեւ միւս՝ «Ռուս դիւանագիտութեան խաղերը», «Պարսկական յեղափոխութիւն» յօդուածներուն մէջ):

Ըստ Զարդարեանի՝ այդ է պատճառը, որ անոնք անընդհատ կը տարածեն, թէ հայերը անջատողական են («Անջատողութեան խրտուիլակը»), իբր կը ձգտին հայկական թագաւորութիւն ստեղծել:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018