«ԸՆԿԵՐ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
«Ընկեր» թատերախումբը երէկ երեկոյեան ներկայացումով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ։ Խանդավառ երեկոյթին մասնակցութիւն բերին մեր բեմարուեստի երախտաշատ վարպետներէն Անի Իփեքքայա, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ դերասան Զեքի Ալասիայի կողակիցը՝ Ժիւլիտէ Ալասիա։
«Ընկեր» թատերախումբը Արաս Նասի բեմադրութեամբ ներկայացուց «Kabare de Kabare» անուն խաղը։ Թատերախումբին մաս կը կազմեն՝ Արաս Նաս, Արտա Ասիկիկան, Արտէն Աքպաշ, Առէն Սաղպաշ, Առէն Սէմէրճեան, Քլարա Սերա Ալթըփարմաք, Տիանա Չիլինկարեան, Մարալ Աքկիւն, Նատին Թաշ Մըղտըս, Նարօտ Մարաշլեան, Փելին Տիւլկէրօղլու, Սերա Իոնա Ասիկիկան, Սէրտար Արզուման, ինչպէս նաեւ որպէս թեքնիկ աշխատնողներ՝ Տենչա Սերկիճի, Արաս Մանուկեան, Ֆրատ Թաշ եւ Ֆրատ Եըլտըզ։
Երեկոյթի աւարտին Արաս Նաս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցութիւն բերած են թատերախումբին։ Հանդիսատեսներն ալ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Ընկեր» թատերախումբը: