ՀԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՁԱՅՆԵՐԸ
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր գործող Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս համերգը։ Նոյնպէս քաղաքապետարանին ենթակայ «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Եավուզ Մերիչ եւ այլք։ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին համերգի մասնակիցները։
«Հին Իսթանպուլի ձայները» սիրողներէ բաղկացեալ արեւելեան դասական երաժըշ-տութեան երգչախումբը առաջին անգամ բեմ առաւ այս համերգի շարժառիթով։ Այս երգչախումբի համահիմնադիրներն են Օշին Շիրինփընար եւ Արման Փընարպաշը։ Գեղարուեստական ղեկավարն է Հռիփսիմէ Քարափեքմէզ, իսկ խմբավարը՝ Լեւոն Էօզքոմանովա։ Երկար տարիներէ ի վեր յամառ ու նախանձախնդիր աշխատանք տարած երգչախումբ մըն է այս մէկը, որ երէկ երեկոյեան որակեալ երաժշտահանդէս մը սարքեց ունկնդիրներուն համար։ Ձեռնարկի սկիզբին Օշին Շիրինփընար թէեւ համեստօրէն ընդգծեց, որ սա սիրողներէ բաղկացեալ երգչախումբ մըն է, սակայն «Հին Իսթանպուլի ձայներ»ու կազմը արդէն ապացուցանեց, որ սիրողական սահմանը հատած է եւ ապագային կրնայ արձանագրել նորանոր յաջողութիւններ։
Երգչախումբը երէկ երեկոյեան մեկնաբանեց՝ արեւելեան դասական երաժշտութեան շարք մը գլուխ գործոցներ։ Թրքական երաժշտութեան տիտաններու շարքին համարուող հայազգի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները մեկնաբանուեցան երգչախումբին կողմէ։ Այդ յօրինողներու շարքին էին՝ Պիմէն Շէն, ուտի Հրանդ, քեմանի Սարգիս, ուտի Աֆէթ եւ Թադէոս էֆէնտի։ Երկու արարներէ բաղկացեալ յայտագիրը գեղարուեստական մեծ վայելք մը հանդիսացաւ ունկնդիրներուն կողմէ, որոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին երգչախումբը։
Համերգի աւարտին Կարօ Համամճեան յուշանուէրներ յանձնեց Եավուզ Մերիչին եւ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզին։ Սրտի խօսք մը արտասանեց Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որու ձեռամբ յանձնուեցան արուեստագէտներուն համար պատրաստուած ծաղկեփունջերը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։
Արձակման ժամանակ բոլոր ունկնդիրները ջերմօրէն շնորհաւորեցին «Հին Իսթանպուլի ձայներ» երգչախումբի այս առաջին համերգով արձանագրուած փայլուն նուաճումը։