ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ…

Օրեր առաջ, Երեւանի The Loft սրճարանին մէջ, հաւաքուած էին բազմաթիւ մարդիկ: Անոնք եկած էին գրկելու Լէյլա մեծ մայրիկը…

Խումբ մը երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկը խորագրուած էր « Կ՚ուզեմ ամուր գրկել Լէյլա մեծ մայրիկը»: Այս հաւաքը Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութենէն ծնած ստեղծարարութիւններէն մին էր, եւ առհասարակ, թաւշեայ յեղափոխութեան զուգընթաց, հրապարակ եկան բազում ստեղծարար միտքեր եւ խորհրդանշական կերպարներ, արժեւորուած իրեր, որոնք համ ու հոտ տուին երիտասարդութեան սկսած այս շարժումին:

Լէյլա մեծ մայրիկը երիտասարդութեան հետ օրեր շարունակ քալած եւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ժամեր շարունակ կեցած երեւանաբնակ կին մըն է, որուն բարի աչքերը, սպասողական հայեացքը եւ ժամեր շարունակ երիտասարդներուն հետ ըլլալու կամքը գրաւած են շատերը…

Լուսանկարիչներ տարածած են անոր լուսանկարը, եւ Լէյլա մեծ մայրիկը դարձած է յայտնի ցուցարար… Համացանցին վրայ մեծ մայրիկին հրապարակուած լուսանկարներուն տակ բազում մարդիկ կը գրէին՝ ինչպէ՜ս կ՚ուզէի գրկել այս մայրիկը… Եւ, ահաւասիկ, անոնք այդ հնարաւորութիւնը ունեցան The Loft սրճարանին մէջ, ուր իբրեւ հիւր հրաւիրուեցաւ Լէյլա մեծ մայրիկը, պատմեց իր մասին, պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, ստացաւ ծաղիկներ, նուէրներ, բարեմաղթանքներ, ինքն ալ, իր կարգին, բարեմաղթանքներ յղեց եւ յիշեցուց, որ յաղթած ենք միասին…

Լէյլա մեծ մայրիկը հանրահաւաքներուն եւ երթերուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է 2008 թուականէն ի վեր: Ան, ինչպէս կը յիշէ, այդ ժամանակ մօտեցած է Նիկոլ Փաշինեանին եւ ըսած է՝ դուն պիտի ըլլաս մեր ղեկավարը:

Տասը տարի ետք Լէյլա մայրիկը կրկին Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած շարժումին հետ է…

1 Մայիսին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ուղիղ եթերով կը հետեւէին Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որուն ընթացքին կը քննարկուէր վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան հարցը, նիստը երկարեցաւ մօտ տասը ժամ: Լէյլա մեծ մայրիկը հրապարակի բազմութեան հետ, այդքան ժամանակ, ոտքի վրայ կեցած հետեւեցաւ նիստին: Անոր լաւատեսութեամբ լի հայեացքը, արեւէն խանձած այտերը, յուզմունքէն թրջած աչքերը անտարբեր չձգեցին ոչ մէկը: Աւելի ուշ, համացանցին վրայ, կայքէջերուն մէջ, յայտնուած լուսանկարներուն տակ զետեղուեցան «Յեղափոխութեան մեծ մայրիկը», «Ժողովուրդին մայրը», «Մեզի յոյս տուողը» եւ նմանատիպ գրառումներ…

Լրագրողները անմիջապէս գտան Լէյլա մեծ մայրիկին տունը եւ նկարահանումներ կատարեցին անոր մասին: Իսկ ան, բարի, միամիտ նայուացքով կը հարցնէր՝ ի՞նչ ըրած եմ որ, իմ երեխաներուս եւ թոռներուս կողքին եղած եմ, դուք բոլորդ ալ իմ երեխաներս ու թոռներս էք:

Լէյլա մեծ մայրիկին իսկական անունը Վրանուհի է: Այսպիսի անսովոր անուն մը տուած է ծնողքը իրեն, քանի որ ան, հանգամանքներու բերումով, ծնած է վրանի մը մէջ: Վրանուհի Գէորգեան The Loft-ի մէջ հաւաքուածներուն պատմեց իր մասին.

Ծնած եմ Աբխազիա՝ 1940 թուականին: Ինը տարեկան եղած եմ, երբ ծնողքիս հետ աքսորուած եմ Սիպերիա: Իմ հայրս Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքէն է, հոն ծնած է, մայրս ալ Աբխազիոյ Նոր Աֆոնէն է: Ամուսնացած են Աբխազիա: Մեր ընտանիքը Սիպերիա աքսորուած է իբրեւ սեփականութիւն ունեցող, որ այդ տարիներուն շատերուն աքսորի համար սպառնացող վտանգ էր: Կը յիշեմ՝ գիշերուան ժամը երեքին, եկան մեզ հանեցին եւ տարին մեր տունէն: Աղքատ գիւղ մը տարին Սիպերիոյ մէջ, դպրոցի մը շէնքին մէջ լեցուցին ուրիշ մարդոց հետ, անկիւն մը տուին, մինչեւ, որ մենք տուն կառուցենք: Կով ալ կթած եմ, ամէն գործ ալ ըրած եմ: Դպրոց կ՚երթայի, բայց քանի որ սխալ պատուաստումի մը պատճառաւ լսողութիւնս մասամբ վնասուած էր, շատ բան չէի կրնար սորվիլ: 15 քիլօմեթր ոտքով կը քալէի ամէն օր, մինչեւ դպրոց հասնէի: 1949 թուականին աքսորուած ենք, 1954 թուականին ազատ արձակուած ենք, Սթալինի մահէն յետոյ արդարացուած ենք: Վերադարձանք Աբխազիա, բայց մեր տունը չկրցանք երթալ, քանի որ թալանուած էր: Զանազան վայրերու մէջ ապրեցանք, յետոյ փոխադրուեցանք Կիրովապատ՝ Ատրպէյճանի մէջ քաղաք մը, հոնկէ՝ 1956 թուականին եկած ենք Հայաստան:

1962 թուականին ամուսնացած եմ, երեխաներ ունեցած եմ, ամուսինիս հետ աշխատեցանք, մեր երեխաները դժուարութեամբ մեծցուցինք, տեղ մը հասցուցինք, ամուսինս մահացած է արդէն…

Հակառակ որ դպրոցական լաւ կրթութիւն չեմ ստացած, բայց յետագային շատ կարդացած եմ: Երբ 2008 թուականին ցոյցերը սկսան, ես ամէն օր կ՚երթայի, կը մասնակցէի, տուն գալու ատեն ալ թերթեր կը գնէի, կը կարդայի, առանց թերթ կարդալու օրս չէր անցներ: Մաս մը կը հասկնայի, մաս մը չէի հասկնար, բայց բոլոր թերթերը կը գնէի: Ցոյցերու կ՚երթայի, որովհետեւ կը հաւատայի, որ պիտի յաղթենք: Յաղթենք, որ լաւ ապրինք, մեր երեխաները աշխատին, խաղաղ ապրին: Կ՚ուզեմ, որ իմ աչքերը տեսնեն այդ բոլորը:

Այս տարիքիս կ՚աշխատիմ, եթէ չաշխատիմ, կը հիւանդանամ: Տան անդամներուն ըսած եմ՝ ինծի չարգիլէք աշխատանքը, ես պիտի աշխատիմ, որ երկար ապրիմ: Մինչեւ 2040 թուականը խոստացած եմ ապրիլ: 100 տարեկան պիտի ըլլամ այդ թուականին: Ամէն օր կը քալեմ, տունի գործ կ՚ընեմ, վերմակներ կը կարեմ: Ասիկա իմ մօրմէս ժառանգած շնորհ մըն է՝ լաւ վերմակ կարելը: Այդ օրն ալ, որ Նիկոլին կինը բեմէն իջաւ իմ քովս, ես իր ականջին ըսի՝ աղջիկս, ես ձեր տունը պիտի գամ, ձեր վերմակները ե՛ս պիտի կարեմ:

Ես շատ առողջ կը զգամ ինքզինքս: Այդ օրն ալ, տասը ժամ կեցայ հրապարակը, ո՛չ անօթի կը զգայի, ո՛չ՝ ծարաւ, շատ ուրախ էի, մտիկ կ՚ընէի բոլոր խօսքերը, կը հիանայի Նիկոլին խօսքերով, կ՚ըսէի՝ Աստուած իմ, այս տղան ուրկէ՞ եկաւ…

Այսքան երիտասարդութիւն ես մէկ վայրի մէջ չէի տեսած: Կարծես մէկ տան անդամ ըլլային, չդիմացայ, ուզեցի անոնց քովը ըլլալ, անոնց հետ քալած եմ մինչեւ վերջ: Շատ շնորհակալ եմ անոնց ծնողներուն, որ ձգած են իրենց զաւակները փողոց իջնեն: Շատ երկիրներ գացած եմ՝ Լեհաստան, Գերմանիա, Ռուսաստան, բայց ամենէն լաւ տեղը Հայաստանն է:

8 Մայիսին ալ՝ վարչապետին ընտրութեան օրը, նորէն հրապարակ պիտի երթամ, քիչ մը շուտ պիտի երթամ, որ իմ մշտական տեղս կենամ՝ ամպիոնին մօտ, քանի որ լաւ չեմ լսեր, ես սովոր եմ շրթունքներուն նայելով հասկնալ խօսքերը:

 Իր պարզ, մարդկային, լաւատես խօսքերով Լէյլա մեծ մայրիկը յուզեց ներկաները, անոնք բոլորը մօտեցան, մէկ-մէկ գրկեցին զայն, լուսանկարուեցան…

Երեւանի նորաբաց անգլիական «Ուիկմոր» դարմանատունը, հետեւելով Լէյլա մեծ մօր արարքներուն, հրապարակաւ յայտարարած է, որ պատրաստ է ամբողջական բժշկական ստուգում իրականացնել անոր համար եւ բուժել զայն, եթէ հիւանդութիւն մը ունենայ: Սակայն Լէյլա մեծ մայրիկը հրաժարած է՝ ըսելով, որ առողջ կը զգայ ինքզինքը, ոչ մէկ հիւանդութիւն ունի: «Ուիկմոր» դարմանատան ներկայացուցիչը, այնուամենայնիւ, ներկայ գտնուեցաւ The Loft-ի մէջ եւ նուէր մը տուաւ անոր: Դարմանատան բժիշկը ըսաւ, որ առողջ կը տեսնէ Լէյլա մեծ մայրիկը եւ մաղթեց, որ ան մինչեւ իր երազած տարիքը ապրի:

Յեղափոխութիւնները, որ յաճախ կոչումներ կը ստանան, կ՚ունենան նաեւ իրենց ինքնաբուխ եւ նախօրօք մշակուած խորհրդանիշները: Լէյլա մեծ մայրիկը դարձաւ թաւշեայ յեղափոխութեան ինքնաբուխ խորհրդանիշներէն, որուն մասին ոչ ոք մտածած էր նախքան այս շարժումը:

Եղան նաեւ նման ժողովրդական կերպարներ, որոնք քիչ մը հումոր, քիչ մը աշխուժութիւն հաղորդեցին յեղափոխութեան: Ժամեր շարունակ ուղիղ եթերներու պաստառին առջեւ գամուած, այդ օրերուն Ֆրանսայի հրապարակին մէջ յանկարծ յայտնուեցաւ ցուցարար տղամարդ մը եւ ուղիղ եթերէն դիմելով իր կնոջը ըսաւ. «Իրա, այսօր գիշերը մէկի շուրջ տուն կու գամ»: Ուղիղ եթերի այդ հատուածը արագօրէն տարածուեցաւ, եւ անծանօթ Իրան եւ անոր դիմած տղամարդը դարձան ժողովրդային կերպարներ, որոնք ողջ ժողովուրդին սպասումին, տուն երթալուն, պայքարին իմաստները կը կրէին:

Հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին ձայն տրուեցաւ Իրայի ամուսնոյն, որ հարթակէն գոչեց. «Իրա, քեզ կը սիրեմ», այդպէսով հաստատելով, թէ այս յեղափոխութիւնը նաեւ սիրոյ յեղափոխութիւն է:

Ա­ՒԱՆ­ԴԱ­ԿԱՆ ՈՒ ՈՉ-Ա­ՒԱՆ­ԴԱ­ԿԱՆ

1988 թուականի ազգային շարժման խորհրդանիշներէն դարձած էր շեփորը: Այդ ժամանակ, ցոյցին մասնակցող երիտասարդ տղամարդ մը՝ Աշոտ Միրզոյեանը, պատեանէն հանեց հին շեփոր մը եւ հայկական մեղեդի մը հնչեցուց: Բիւրաւոր ամբոխը ուշադրութիւնը լարած լսեց այդ նուագը: Այդ օրուընէ սկսեալ Աշոտ Միրզոյեան բոլոր հաւաքներուն սկիզբը կ՚ազդարարէր իր շեփորով: Այդ մեղեդին եւ շեփորը դարձան 1988 թուականի շարժման խորհրդանիշներէն: Այսօր, Աշոտ Միրզոյեանի շեփորը, թանգարանային արժէք ունեցող նմոյշ մըն է, որ կը պահուի յատուկ ակնածանքով: 2003 թուականին Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին խորհրդարան մտաւ վարդերով։ Վրացական յեղափոխութիւնը, այդ պատճառով, այն ժամանակ կոչուեցաւ «վարդերու յեղափոխութիւն»:

Լիբանանի մէջ 2005 թուականին սկսած «Մայրիներու յեղափոխութիւնը» աւարտեցաւ յաղթանակով՝ սուրիական ուժերը լքեցին Լիբանանը: Լիբանանի մէջ, 2015 թուականին, սկսած ուրիշ շարժում մը կոչուեցաւ «աղբի յեղափոխութիւն»: Քաղաքական նկատառումներով, քաղաքին աղբը ամիսներ շարունակ մնաց փողոցներուն մէջ, սակայն այդ յեղափոխութիւնը չծառայեց իր նպատակին:

2000 թուականին Հարաւային Սլաւիոյ մայրաքաղաքը՝ Պելկրատի, մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով նախագահը հրաժարական տուաւ։ Յեղափոխութիւնը կոչուեցաւ ամբարձիչի (հողաբարձ ինքնաշարժի) յեղափոխութիւն որովհետեւ այդ ինքնաշարժին միջոցաւ ցուցարարները յարձակեցան ու գրաւեցին հանրային հեռատեսիլի կեդրոնը։ Հողաբարձ ինքնաշարժին վարորդը դարձաւ Հարաւային Սլաւիոյ յեղափոխութեան խորհրդանիշը։

2005 թուականին Խրղըզիստանի մէջ սկսած բողոքի գործողութիւնները՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կեղծիքներուն դէմ, պսակուեցան երկրի նախագահին տապալումով: Երկրին նախագահը, չկարենալով հանդարտեցնել ծաւալած անհնազանդութեան ցոյցերը, ընտանիքին հետ լքեց երկիրը: Այդ յեղափոխութիւնը պատմութեան մէջ մտաւ «կակաչներու յեղափոխութիւն» անունով: 2010 թուականին Խրղըզիստանի մէջ ուրիշ յեղափոխութիւն մը եւս տեղի ունեցաւ՝ «սեխերու յեղափոխութիւնը», որ պատմութեան մէջ մտաւ Խրղըզիստանի Ժողովրդական յեղափոխութիւն անունով:

Հետաքրքրական կոչումներով յեղափոխութիւններու փորձեր եղած են նաեւ Սպիտակ Ռուսի մէջ (տերեփուկներու կամ ճինզերու յեղափոխութիւն), 2008 թուականին՝ Հայաստանի մէջ (գունաւոր յեղափոխութիւն), որոնք ճնշուած են:

Աւելի տխուր հետեւանքներ ունեցած են «արաբական գարուն» հաւաքական անունը կրող յեղափոխութիւնները՝ արաբական երկիրներուն մէջ: 2010 թուականին սկսած գործընթացէն ետք յեղափոխութիւններ տեղի ունեցան Թունուզի, Եգիպտոսի, Եմէնի մէջ, քաղաքացիական պատերազմ սկսաւ, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցան այլ երկիրներու մէջ: Թունուզի մէջ երկրորդ՝ յեղափոխութիւնը՝ «յասմիկներու յեղափոխութիւնը» տեղի ունեցաւ 2010-2011 թուականներուն:

Ուքրանական յեղափոխութիւնը կոչուեցաւ նարնջագոյն, 1989 թուականի Չեքոսլովաքիոյ յեղափոխութիւնը՝ թաւշեայ, որուն ոչ բռնի ձեւն ալ սկիզբ դրաւ թաւշեայ յեղափոխութիւն եզրին եւ որդեգրուցեաւ հայ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած շարժման մասին պատմելու ընթացքին, լրատուամիջոցները յաճախ կը գործածէին շարժման օրերուն ի յայտ եկած խորհրդանիշները, այդ կարգին՝ Նիկոլին ուսապարկը, գլխարկը, մարզերէն անոր ուղեկցող շունը՝ Չալոն, որուն անունը յետոյ փոխուեցաւ Քայլոյի: Փողկապով, միշտ սափրուած ու թուղթերուն կոյտը ձեռքին Նիկոլ Փաշինեանը, մէկ ամսուան ընթացքին կերպարանափոխուեցաւ մօրուքով, յարմարաւէտ հագուստով քալող գործիչի, որ նոյնպէս խորհրդանշական իմաստներ կը կրէր իր մէջ: Եղան նաեւ ակնարկողներ, որ ամէն ինչ լաւ էր, սակայն իշխանութեան ներկայացուցիչներու ծաղրանկարներն ու անոնց հասցէին ոչ-պատշաճ արտայայտութիւնները տգեղութիւն հաղորդեցին շարժումին:

Մարդիկ այս յեղափոխութիւնը նաեւ մշակութային յեղափոխութիւն կոչեցին, քանի որ երգերով, պարերով տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ մշակութային կարգ մը գործիչներ իրենց մասնակցութիւնը ունեցան քաջալերելով շարժման առաջնորդները: Երգերով ալ մշակոյթի գործիչներ Մշակոյթի նախարարութեան շէնքին քով ժամեր շարունակ պահանջեցին նախարար Արմէն Ամիրեանի հրաժարականը: Ժամեր տեւած բացօթեայ համերգէն ետք, ի վերջոյ, Արմէն Ամիրեան գրեց իր հրաժարականի դիմումը:

Երեւանի մէջ սկսած բողոքի գործողութիւններուն առաջին օրէն կը շրջանառուէր նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանի բառերով գրած «Իմ քայլը» երգը:

Այս երգին զուգահեռ, երթերուն մասնակիցները շրջանառեցին հայկական ռոք խումբերէն մէկուն՝ «Որդան կարմիր»ի «Քայլ արա» երգը, որ, հակառակ անոր որ առաջին անգամ հնչած էր 2016 թուականին, սակայն լիովին կը համապատասխանէր յեղափոխութեան կարգախօսին: Նոյն՝ «Որդան կարմիր» խումբն ալ հրապարակի հանրահաւաքի օրերուն երգեց եւ նուագեց ցուցարարներուն համար… Այդ օրերուն Երեւանի կարգ մը սրճարաններ, ակումբներ իրենց սրահներուն դռները բաց ձգած էին եւ շարժման երգերը միացուցած էին՝ այդ ձեւով միանալով ցուցարարներուն:

Անարիւն ընթացող յեղափոխութիւնը աւելի շատ տօնի տպաւորութիւն ձգած է օտարներուն վրայ: Օտար լրագրողներ իրենց նիւթերով արձանագրած են, որ հայերը յեղափոխութեան օրերուն փողոցներուն մէջ կը պարէին, խորոված կ՚ընէին, կ՚երգէին, զիրար կը գրկէին, որ աւելի շատ տօնահանդէս կը յիշեցնէր, քան՝ քաղաքական պայքար: Ահաւասիկ, մեղմ քայլերով սկիզբ առած, հումորով, թեթեւ տրամադրութեամբ շարունակած եւ բազում սիրտեր գրաւած շարժումը արդէն իրականութիւն է:

Հայաստան այցելած շուրջ 200 օտար լրագրողներ անդրադարձներ հրատարակած են միջազգային ամենէն հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու մէջ: BBC-ն այդ օրերուն, իր ընթերցողներուն յայտնած է, որ հայերը աւելի կը բնակին երկրէն դուրս, քան՝ երկրի մէջ: Հեռատեսիլային ալիքը իր հետեւողներուն յեղափոխութեան օրերուն տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասը պարտադիր է՝ 2011 թուականէն ի վեր 6-8 տարեկան աշակերտները պարտադիր ճատրակ կը խաղան: Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ երկիրն է, ուր ազգային սովորոյթներն ու աւանդոյթները դարերու պատմութիւն ունին: Եւ չէ մոռցած աւելցնելու, որ խումբ մը երիտասարդներ, աւանդական այդ երկրին մէջ կատարած են ոչ աւանդական յեղափոխութիւն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018