ՔԻՉՈՎ՝ ՇԱՏԵՐ ԿԵՐԱԿՐԵԼ
Քիչով, զոր օրինակ՝ մէկ հացով շատեր կշտացնել, միայն հաց մը բաժնելով եւ բաշխելով շատեր կերակրել եւ յագեցնել՝ իրապէս խորհուրդ մըն է, իր ամենալայն եւ ընդարձակ առումով։ Արդարեւ ընտանիքը՝ ուր հացը կը բաժնուի եւ կը բաշխուի, նոյն հացով ընտանիքի բոլոր անդամները կը կշտանան, եւ այն ճաշասեղանը՝ որուն շուրջ կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները, ինքնին խորհուրդ մը ունի իր մէջ, այդ իսկ պատճառով է, որ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի» մը կ՚անուանուի։ Բոլոր այս խորհուրդը ի վերջոյ կ՚ամփոփուի ընտանեկան սեղանին վրայ դրուած «հաց»ին շուրջ, «հաց»ին մէջ։ Ուրեմն «հա՛ց»ն է որ, կը կազմէ, կը կազմաւորէ, կը գոյապահպանէ, գոյատեւմանը մէջ տարրական եւ կենսական դեր մը կը խաղայ այս խորհուրդին։
Ընտանիքի մը մէջ՝ հացի համար կ՚աշխատին, ապրելու համար կը շահին, հաց կը բերեն տուն, եւ այդ հացը՝ ճաշասեղանին վրայ դնելով ընտանիքին գոյապահպանումը եւ գոյատեւութիւնը կ՚ապահովեն։ Այս իմաստով հացը՝ ինքզինք ապահով զգալու, իրար կապուելու, իրարմով զօրանալու եւ ամբողջանալու ազդակ մըն է՝ կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ։
Հոգեգալուստէն ետք 6-րդ կիրակին՝ որ այս տարի կը հանդիպի 1 յուլիս կիրակի օրուան, Ս. Պատարագի ընթացքին, որպէս Ճաշու Աւետարանի հատուած, կը կարդացուի «Հինգ հազարին կերակրումը» բաժինը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 13-21)։ Ուստի նոյն հատուածը եւ հացերու բազմացման հրաշքը նկարագրուած է նաեւ Մարկոսի (ՄԱՐԿ. Զ 30-44), Ղուկասի (ՂՈՒԿ. Թ 10-17) եւ Յովհաննէսի (ՅՈՎՀ. Զ 1-13) աւետարաններուն մէջ։
Ինչպէս ըսինք, հացը՝ ինքնին խորհուրդ մը կը պարունակէ իր մէջ՝ իր նպատակով եւ իմաստով։
Եւ ահաւասիկ, այդ խորհուրդը իր լրումին, իր իմաստի ամբողջութեան եւ ամենաբարձր կէտին՝ գագաթնակէտին կը հասնի Յիսուսի «հացերու բազմացման հրաշք»ովը՝ հասնելով մինչեւ Ս. Հաղորդութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի մարմնոյն եւ արեան փոխակերպուած՝ հացին եւ գինիին, ճաշակին։ Արդարեւ, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը կ՚ենթադրէ «յարաբերութիւն», «մասնակցութիւն» եւ «միութիւն», ինչպէս ընտանիքներու ճաշասեղանին վրայ դրուած հացը եւ կերակուրը բարոյական յարաբերութիւն մը, մասնակցութիւն մը եւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ «միութի՛ւն» մը կը ստեղծեն։
Ուստի, իր ամենալայն իմաստով հացը, այսինքն ուտելիքը, որ կը նշանակէ կեանքը ապահովել եւ տեւականացնել, ընտանիքի անդամներու մէջ հասարակաց նպատակ մը կը ստեղծէ եւ այդ «հասարակաց նպատակ»ը զանոնք կը միացնէ, անոնց միութիւնը կը զօրացնէ, կ՚ամրապնդէ, կը տեւականացնէ։ Այս իմաստով «հաց»ը իր մարմնական եւ նիւթական օգուտէն շատ աւելի մեծ, շատ աւելի ազդու եւ կենսական, էակա՛ն դեր մը կը խաղայ։
Իսկ Յիսուս Քրիսոտսի «Հաց»ը շատ աւելին կու տայ. ան ո՛չ միայն այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքը կ՚ապահովէ եւ կը տեւականացնէ, այլ՝ յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ՝ անմահութիւն, անվերջ երանութիւն եւ փրկութիւն կու տայ եւ կը միացնէ Իրեն. «Եւ զայն միշտ իւր յիշատակ առնել՝ պատուիրան աւանդեաց մեզ բարերար Որդիդ քո միածին» եւ «Թէ որ ուտէ զՄարմին իմ, եւ ըմպէ զԱրիւն իմ, նա՛ յիս բնակեսցի եւ ես ի նա» (ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳի), որոնք կը նշանակեն, «Եւ քու բարերար միածին Որդիդ պատուիրան տուաւ մեզի, ասիկա կատարել միշտ, իր յիշատակին համար» եւ «Թէ այն՝ որ պիտի ճաշակէ իմ Մարմինս եւ պիտի խմէ իմ Արիւնս, պիտի ապրի մշտնջենապէս, ան պիտի ապրի իմ մէջս եւ Ես անոր մէջ»։ (Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Պատարագամատոյցի աշխարհաբարի վերածում»էն)։
«Հաց»ը, այս իմաստով նախատիպարն է Ս. Հաղորդութեան՝ որ կը միացնէ Յիսուսը եւ հաւատացեալները եւ նաեւ հաղորդակցութիւն կը հաստատէ հաւատացեալներու միջեւ։ Հետեւաբար, Ս. Պսակի խորհրդով՝ ամուսնութեամբ կազմուած, սրբագործուած սուրբ ընտանքիներու սեղաններուն վրայ՝ արդար քրտինքով շահուած, բերուած եւ դրուած հացն ալ սուրբ է եւ նուիրական, քանի որ ան ալ կը միացնէ եւ ներքին բարոյական կապ մը կը հաստատէ ընտանիքին անդամներուն միջեւ, եւ գոհութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Ընտանիքի մէջ բաժնուած եւ բաշխուած հացը սակայն երկրային գոհացում մը կու տայ՝ երկրային կեանքի պահպանման կը ծառայէ, իսկ Յիսուս Քրիստոսի «Հաց»ը՝ երկնային յաւիտենական կեանք կ՚ապահովէ՝ անմահութիւն եւ երկնային անվերջ երանութիւն եւ գոհութի՛ւն։
Արդարեւ, Ս. Հաղորդութիւնը գագաթնակէտը եւ ակնաղբիւրն է քրիստոնեայ ամբողջ կեանքին։ Եւ միւս սուրբ խորհուրդները, եկեղեցային միւս բոլոր պաշտօնատարութիւնները եւ ստանձնուած առաքելական գործերը, ծառայութիւնները՝ բոլո՛րն ալ առընչուած եւ կարգաւորուած են Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հետ, քանի որ Ս. Հաղորդութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ամբողջ գանձը, այսինքն՝ նոյնիսկ Քրիստոսը՝ Զո՛հը։
Ուստի, Ս. Պատարգի հանդիսակատարութեամբ մենք արդէն իսկ «կը միանանք» երկնային ծիսակատարումին եւ կը կանխենք «յաւիտենական կեա՛նք»ը։ Եւ այս իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր հաւատացեալ ո՛չ թէ «ներկայ» կը գտնուի Ս. Պատարագի, այլ «կը մասնակցի՛» խորհուրդին։ Ուստի բոլորովին տարբեր իմաստներ ունին՝ «ներկայ գտնուիլ»ը եւ «մասնակցիլ»ը, քանի որ Քրիստոս զոհուեցաւ բոլորիս համար եւ ո՛չ մէկս կրնանք մօտենալ այդ իրողութեան որպէս «հանդիսատես», այսինքն՝ ներկայ, պարզապէս դիտելով կամ լսելով, այլ հոգեպէս պէտք է մասնակից ըլլանք անոր, քանի որ Ան մեզի՛ համար զոհուեցաւ։
Պօղոս առաքեալ երբ կ՚ըսէ. «Աստուած պիտի ըլլայ ամէն ինչ ամէնին մէջ», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 18), այս միութեան, այս մասնակցութեան կ՚ակնարկէ։ Եւ մէկ խօսքով՝ Ս. Պատարագի խորհուրդը մեր հաւատքին համառօտութիւնը եւ ամփոփո՛ւմն է։
Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ.
«Մեր մտածելակերպը կը յարմարի Ս. Հաղորդութեան հետ, Ս. Հաղորդութիւնն ալ իր կարգին կը հաստատէ մեր մտածելակերպը»։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, անգամ մըն ալ այս մտածումով նայիլ փորձենք «հաց»ին՝ թէ՛ մեր տան մէջ սեղաններու վրայի հացին եւ թէ «Սրբագործուած Հաց»ին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 25, 2018, Իսթանպուլ