ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀԱՄԱԿՐԱՆՔ

 

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ իր համակիրներուն հետ։ Այս շրջանին Հայաստանի մէջ հրապարակի վրայ են Հենրիխ Մխիթարեանի անուանական խաղալիքները, որոնք համացանցային միջավայրի մէջ ալ դրուած են վաճառքի։

29-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է ու ներկայիս կը կրէ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի մարզաշապիկը՝ որպէս կիսապաշտպան։

Երեւանի մէջ Հենրիխ Մխիթարեանի անուանական խաղալիքներու վաճառքի մեկնարկին առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց խանդավառութիւն։ Իր համակիրները գնեցին խաղալիքները եւ Հենրիխ Մխիթարեան ստորագրեց այդ բոլորը։ Մասնաւորապէս մեծ թիւ կազմեցին պատանիները, որոնք նաեւ լուսանկարուեցան Մխիթարեանի հետ։ Յայտնի մարզիկը նշեց, որ մեծ ուրախութիւն է ըլլալ երեխաներու հետ եւ ուրախացնել զանոնք։

Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի նորահաստատ պաշտօնական կայքէջը՝ mkhitaryan.am։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018