«ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԵՐ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՏԵՍԱՅ»
Պէյրութի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, բաղկացած՝ 550 էջերէ: Խմբագիր՝ Տքթ. Արտա Ճէպէճեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է կնոջ՝ Արտայի եւ զաւակներուն՝ Վահէի եւ Ալիքի:
Խմբագիր Արտա Ճէպէճեան կ՚ըսէ, որ անսակարկելի է Հրայր Ճէպէճեանի հաւատարմութիւնը: Հաւատարմութիւն՝ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, պատմութեան, մամուլին եւ սփիւռքին:
Ներածականը գրած է բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան:
Հրայր Ճէպէճեան կ՚ըսէ, որ հայ ժողովուրդը, իբրեւ գաղութ եւ պետականութիւն, կը դիմագրաւէ հազարումէկ մտահոգութիւններ, որոնք կը հանգուցեն հայ հաւաքական ազգային կեանքերը տարբեր տարողութիւններով. այդ հանգոյցներու տարածքին մէջ կ՚իյնան նաեւ հոգեւոր եւ եկեղեցական շատ մը հիմնահարցեր: Մէկ կողմէ քրիստոնէական եւ եկեղեցական արժեչափերը կը տկարանան ու կը հեռանան մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքերէն ու նկարագիրներէն, միւս կողմէ ապակրօն մտածողութիւնը կը սկսի աւելիով արմատանալ մեր ինքնութեան մէջ:
Ճէպէճեան կը շարունակէ ըսելով, որ նոր աշխարհի ստեղծած նոր մշակոյթով կը քալենք կամաց-կամաց՝ էականն ու խորքայինը փո-խարինելով նորով: Տակաւին նոր աշխարհի ստեղծած ճարտարարուեստական արագ, ճնշող ու պահանջկոտ կեանքերը դուռ կը բանան շատ մը հարցադրումներու եւ տեսակէտներու ընկալումին: Հայ մարդն ու հայ հաւաքականութիւնը այսօր շատ հարցեր եւ հարցադրումներ կ՚առաջադրէ ու կը դիմագրաւէ իր առօրեայ կեանքի պայքարէն եւ տագնապէն մեկնելով:
Հայ Եկեղեցին, իր ընդհանրական հասկացողութեամբ, պիտի երաշխաւորէ իր ու ժողովուրդին ապահովութիւնը եւ հաստատ մնայ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան մէջ: Քրիստոնեայ անհատին ուժը կախեալ է անոր մօտ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան արժեչափէն:
Հեղինակը կ՚ըսէ, որ համահայկական ու միջազգային քաղաքական իրավիճակներու եւ պարունակներու մէջ հայ ժողովուրդը այսօր կ՚ապրի Մեծ եղեռնի օրինականացումի քաշքշուքի ընկճուածութիւնը: Հայը կը տքնի արդարութեան եւ ճշմարտութեան օրինականացումին համար: Հայը կը պայքարի իր արժանապատուութեան ու անոր ապահովութեան համար:
Հայը հաւատաց իր ազգային հաւատքին պատմական վաւերականութեան եւ արժէքին: Բայց անպայմանօրէն հաւատաց, թէ իր հաւատքը պէտք է տանի հորիզոնէն անդին եւ այս նոյնինքն ուժով տարաւ զայն արհաւիրքի դժոխքէն անդին: Այս հաւատքը եւ հաւատքին ուժը մղեց հայը՝ սիրելու իր ազգը, արժէքը, ինքնութիւնը, քրիստոնէական հաւատքը եւ մշակութային հիմքը: Հայը զգաստ մնաց ամէն տեսակի դժուարութեան եւ տագնապի դիմաց առանց շեղելու հիմնական տեսլականէն, քալելով մինչեւ վերջ՝ նահատակութեան մէջէն ու նաեւ անդին:
Ճէպէճեան կը գրէ, որ Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենանք պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Կ՚արժէ անդրադառնալ հայերէնով տրուած անունին՝ Աստուածաշունչ, այսինքն Աստուծոյ շունչը: Իսկ պարզ է որ շունչը կեանք է, առանց որուն կարելի չէ ապրիլ: Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով, ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը:
Շարունակելով՝ Ճէպէճեան կ՚ըսէ, որ հաւատքը կրօնական ինքնութեան, համոզումներու ու դաւանանքի հասկացողութիւն եւ ընկալում է: Բայց եւ այնպէս անիկա անպայման հաւաքականութեան ընդհանրական կեանքին մէջ իբրեւ ուղեցոյց ծառայող իրականութիւն է, ուր մարդ կ՚ապրի ճշմարտութիւնը իր համոզումներէն մեկնելով: Եթէ հաւատքին մէջ շօշափելի եւ փաստացի ապացոյցներ չկան, բայց եւ այնպէս կայ ճշմարտութեան հաւատալը, որ կու գայ լիցքաւորելու անհատական ու հաւաքական կեանքերը, կերտելով անհատին եւ հաւաքականութեան ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը:
Հայուն համար հաւատքը իր քրիստոնէական համոզումն է, որ ներմուծուած է ազգային եւ հաւաքական կեանքին մէջ՝ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն ընդմէջէն, դառնալով զօրաւոր խարիսխ ու երաշխիք կեանքը կերտելու ու շարունակելու ի գին ամէն զոհողութեան: Այս զոհողութեան ճամբան հայուն համար եղած է ու տակաւին է երկար, արիւնոտ ու տագնապալի: Բայց այս նոյն հաւատքին կառչածութիւնը հայուն տուած է կեանք ու աւելի կեանք:
Հրայր Ճէպէճեան կը նշէ, որ հայկական իրականութեան համար, մեծ պարտականութիւն է մեր մշակութային ժառանգը եւ արժէքը իր ամբողջական հասկացողութեամբ, իբրեւ պատգամ փոխանցել մեր ժողովուրդին:
Համաշխարհայնացման մասին խօսելով՝ Ճէպէճեան կ՚ըսէ, որ անիկա ընթացք մըն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդկային կեանքին վրայ՝ քիչ մը ամէն տեղ: Եթէ մարդիկ տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ ապրելով հանդերձ պիտի կարենան վայելել տարբեր պատեհութիւններ եւ առիթներ, բայց եւ այնպէս նաեւ վտանգները եւ սպառնալիքները պիտի բաժնուին աշխարհին եւ իրարու մէջ: Որեւէ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու այլ իրավիճակները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ուրիշ տեղեր: Սնունդ, ապրելակերպ, երաժշտութիւն, ծանուցում, համաշխարհային գրականութիւն ու տակաւին բոլոր իրավիճակները կը զգետնեն ու կ՚անցնին սահմանային բաժանումներու իրողականութիւններէն:
***
Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսին առիթով Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի բոլոր պատումները կը վերաբերին սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. անոնք կեանքեր են՝ ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագրորոշ իրադարձութիւններուն ձգած ազդեցութիւնը տարբեր սերունդներու վրայ, ինչպէս մարդկային, այնպէս նաեւ ազգային կերտուածքներուն վրայ: Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահոգութիւններ, անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ո՛չ միայն իբրեւ պատումներ կամ պատմուածքներ, այլեւ այս անգամ խորագիրին երկրորդ մասը նկատի ունենալով՝ ինչպէս որ Հրայր Ճէպէճեան ընկալած է զանոնք:
Խաչիկ Տէտէեան ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեանի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է: Փնտռել ու վեր հանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ան կ՚որսայ յոյսը, հայուն յոյսը, մարդ արարածին յոյսը, այսինքն՝ գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, ուր կ՚այցելէ, իւրաքանչիւր հայու, որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդու անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ իր ճանապարհորդութիւններուն ընդմէջէն:
Ահարոն Շխրտմեան ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքը եւ Հայաստանը կ՚ապրի անոնց առօրեայ տագնապներով, տեսիլքներով, քարերով, ձեռագիրներով, աւանդութիւններով եւ յոյզերով: Ան լաւ ճանչցած է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Պաշտամունքի հասնող սէր ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի, հայ գիրին եւ մշակոյթին նկատմամբ: Անոր վերլուծումներուն մէջ նաեւ ներկայ է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, հաւատքը, ծէսը, մեր եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը, որովհետեւ գիտէ, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն ընդելուզուած են իրարու հետ:
Տքթ. Արտա Ճէպէճեան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեանի իւրաքանչիւր յօդուածը փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը:
Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ, թէ հատորին պատմութիւնները միաւորող գաղափարներ ունին, մեր ժողովուրդին առընչուող մտահոգութիւններու գաղափարներ, որոնք կարմիր թելի նման կ՚անցնին հատորի բոլոր պատմութիւններով, որովհետեւ մարդկային ճակատագիրներ են, մարդկային կեանքեր՝ սփռուած իրենց լայն աշխարհագրութեամբ:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ Ճէպէճեան իր սկզբունքները կը ներկայացնէ համոզելու բացառիկ կարողութեամբ, այնպէս ինչպէս կը տեսնէ: Ան հաճելի թուելու ճիգ չունի, հաւատացեալ է, բան մը, որ իրեն յաւելեալ ուժ կու տայ, որ իր գործը խիզախութեամբ ու կորովով շարունակէ առանց քծնելու:
Իսկ Շահէ սրբազան ըսաւ, որ Հրայր չի կրնար խզուիլ Լիբանանէն ու լիբանանահայութենէն եւ չի կրնար բաժնուիլ ու անջատուիլ իր բարեկամներէն:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ