ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
Տխրութեան, ցաւերու եւ վիշտերու հո՜վ մը կը փչէ շատ անգամ մարդուս վրայ, մանաւանդ երբ ան յոգնած է կեանքի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն դիմադրելու ջանքերէն եւ պարտուած՝ կեանքի պայքարին մէջ։
Այս հովը ո՞ւրկէ կու գայ, կարելի չէ գիտնալ, բայց ան կու գայ անակնկալ, չսպասուած եւ քիչ մըն ալ անբաղձալի այցելուի մը նման։ Այդ հովը, այդ անակնկալ հիւրը կու գայ սակայն այն «սառուցիկ բեւեռներ»էն՝ ուր կեանքը մեռած է, կեանքի պայքարը դադրած, ուր մարդ դասալիք է եղած կեանքէն, այսինքն չ՚ապրիր։ Անշուշտ, ողջամիտ ո՛չ մէկ անձ կրնայ հանդարտ աչքով եւ խաղաղ խղճով դիտել այս երեւոյթը, կրնայ հանդուրժել որ փչէ այդ հովը՝ ցաւերու եւ ողբերու մռայլ հովը եւ կ՚ուզէ բանականութեամբ մօտենալ անոր եւ ցոյց տալ վտանգները եւ փնտռել անոր պատճառները եւ ելք մը գտնել այդ խաւարութենէն։
Յոռետեսութեան յիմար եւ կործանարար հովն է այն, որ կը փչէ յաճախ մարդուս վրայ։
Արդարեւ, ամէն ժամանակի մէջ գտնուած են մարդիկ՝ «ախտաւոր եւ հիւանդ», որոնք փորձած են փնտռել կեանքին գաղտնիքը։ Մղուած են անոր սոսկալի յորձանքներուն մէջ, առանց գիտնալու, թէ ե՛րբ սկսաւ ան, եւ ե՛րբ պիտի վերջանայ. բայց կատարելապէս վստա՛հ, թէ ամէն բան կը ծնի եւ կը կատարելագործուի ե՛ւ ի վերջոյ կը մեռնի՛. թէ ամէն բան կը յոգնի եւ կ՚անցնի, եւ չկարենալով գտնել նպատակը այս բոլորին, կեանքին եւ մահուան՝ տխուր եւ յուսահատ մտահոգութեամբ մը լեցուած, անորոշութեան մէջ կը թաւալին։
Ուստի, կեանքը բաղդատելով իր անծանօթ նպատակին, իրենց հոգիին յոյզերը աշխարհի ցաւերու, դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու հետ, եւ այս բաղդատութիւններուն մէջ վիշտերու ահաւոր մեծութիւնը տեսնելով լացած են օրերով։ Սակայն անոնք չեն կրցած տեսնել եւ ըմբռնել արարչագործութեան վեհութիւնը, եւ տխուր, տրտում, իրենց մութ աչքերը մահուան սեւ հորիզոնին վրայ սեւեռած՝ թափառած են աշխարհի մէջ, իրենց ետեւէն քաշկռտելով իրենց «հիւանդ» մտքին «ախտաւոր» արտայայտութիւնը, անիծելով ամէն բան, հակադրելով ամէն ինչի. ծնողք եւ արարիչ, ատելով կեանքը, տիեզերքը, արեւը եւ ծաղիկը, բնութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։
Ամէն շրջանի, ամէն տեղ գտնուած են այս «հիւանդ» երեւակայութեան մելամաղձոտ ներկայացուցիչները, որոնք մղուած իրենց տկար եւ անկատար ուղեղին յոռի հակումներէն, առանձնութեան մէջ բանտարկուած, իրենց լացերուն եւ ողբերուն մրմունջներով լեցուած եւ լացուցած են աշխարհը։ «Հիւանդ»ներ են եղած ասոնք, որոնք մելամաղձոտութենէ վարակուած՝ ամէն բան տխուր, սեւ եւ անկատար են տեսած։ Արդարեւ, հոգեբոյժներ կ՚ըսեն, թէ մելամաղձոտութիւնը հոգեկան տկարութիւն մը՝ «խենդութիւն» մըն է, որ փոխանակ կեանքին բարիքներէն օգտուիլ փորձելու, զայն սոսկալի եւ անտանելի բեռ մը նկատած, բեռի մը դարձուցած են։
Ամէն ինչ՝ իրերը եւ կեանքը մանաւանդ, մելամաղձոտին կ՚երեւին եւ կը տեսնուին մահաստուեր ակնոցներու ետեւէն. մարդիկ «անճոռնի խեղկատակ»ներ, որոնք չարիք գործել միայն կը ձգնին, քանի որ կեանքը ապրելու չ՚արժեր եւ որովհետեւ ան տխրութեան, ցաւերու եւ վիշտերու անվերջ շղթայ մըն է միայն։
Կեանքը՝ անոնց համար անհրաւէր՝ անկոչ հիւր մըն է, բեռ մը մարդուս ուսերուն վրայ։
Եւ խե՜ղճ մելամաղձոտը մահը կը փնտռէ, քանի որ չունի բաւական ուժ, կարողութիւն տրամադրելու համար հանդարտութեամբ հասկնալու՝ թէ բոլոր այդ սեւ եւ խաւար երեւոյթներուն պատճառը իր մէ՛ջն է, թէ «հիւանդ» է, չի կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս դժբախտ է, պատճառը չի փնտռեր՝ արդիւնքը կը բաւէ իրեն, եւ այդ արդիւնքը ա՜յնքան անտանելի, ա՜յնքան զազրելի կը թուի, որ մա՛հը կ՚ընդունի եւ կը խնդրէ միակ դարման՝ գերագոյն եւ վճռական վերջը աշխարհային բոլոր չարիքներուն։
Մելամաղձոտութեան զանազանութիւններէն է յոռետեսութիւնը, որ եթէ կատարեալ խենդութիւն չէ, յոգնած ջիղերու արտադրութիւնն է, եւ եթէ յոռետեսները «խելագար»ներ չեն՝ ջղայի՛ններ են, որոնք կը շըր-ջագային խելագարութեան սահմանագլուխներուն վրայ, առաջին առիթին անցնելով անկէ, իյնալու համար կատարեալ ցնորութեան մէջ։
Պատմութիւնը կը վկայէ մեծ յոռետեսներու՝ որոնց կեանքը եւ գործը, եւ ցոյց կու տայ անոնց «հիւանդ» կողմերը, ապացուցանելով այն ճշմարտութիւնը, թէ անոնք գլխաւորաբար հակառակ իրենց տաղանդին եւ գիտութեան, «հի՛ւանդ» ծնած են եւ «հիւանդ» մնացած։
Անշուշտ, ըստ մասնագէտ հոգեբան եւ հոգեբոյժներու, կարելի է հեռանալ այդ ցաւ, վիշտ եւ տրտմութիւն պատճառող հոգեվիճակէն եւ առողջ աշխատութեամբ ունենալ հոգիի եւ մտքի անդորրութիւն։
«Յոռետեսութիւն»ը ԺԹ. դարուն միայն կանոնաւոր մարմին մը առած եւ դասական մեթոտի մը կարգը անցած է, եւ այն ալ ջղային հիւանդութիւններու աճումին հետ։ Դարեր առաջ, կեանքին պայմանները նոյնը չեն եղած. քաղաքակրթութիւնը իր որորանին մէջ, դեռ չէ յոգնեցուցած մարդուն միտքը եւ կեանքը իր պարզութեան եւ չափաւորութեան մէջ, այսինքն իր նախնական վիճակին մէջ չէ՛ պահանջած կորովի եւ կամքի այն ահագին ճիգը՝ զոր պէտք է ընել այսօր։
Յոռետեսութիւնը յառաջդիմած է ջղային դրութեան տկարութիւններուն հետ, որ ինքն ալ քաղաքակրթութեան ետեւէն է ընթացած։ Յոռետեսութիւնը ուրեմն, արդիւնքն է քաղաքակրթութեա՛ն։
Բայց ասիկա երբեք չի նշանակեր քննադատել քաղաքակրթութիւնը, այլապէս մարդ կ՚իյնայ վարդապետական յոռետեսութեան մը մէջ, քանի որ յոռետեսներու յատկանշական մէկ վարմունքն է ամէն ինչ՝ մարդիկը, բնութիւնը, ներկայ որեւէ դրութիւնը անողոք կերպով քննադատել, ամէն բանի հակասել, ամէն մարդու հետ վիճիլ, ժխտական եւ բացասական դիրք բռնել ամէն բանի դէմ։ Անոնց համար աշխարհադրական ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի՝ ո՛չ մարդ եւ ոչ ալ որեւէ ձեռնարկ, եւ ոչ իսկ որեւէ դրութիւն։
Յոռետեսներու աչքին ամէն ինչ սխալ է, ամէն ինչ խաբէութիւն, վնասակար եւ վտանգաւո՛ր։
Այս իմաստով քաղաքակրթութիւնը քննադատել կամ ամբաստանել բանական չէ, քանի որ քաղաքակրթութեան դատը շատոնց տեսնուած է. անոր անթիւ անհամար բարիքները երբեք պէտք չունին ո՛չ փողի, ո՛չ թմբուկի։ Եւ եթէ մարդիկ այսօր աւելի դժբախտ կը գտնեն իրենք զիրենք, յանցաւորը երբեք քաղաքակրթութիւնը չէ։ Չէ՞ որ օգտակար գործիք մը իր օգտակարութիւնը ցոյց տալու համար հմուտ, ձեռներէց, գիտակցօրէն գործող ձեռքերու կը կարօտի։
Բայց դժգոհներու թիւը բաղդատելով գոհերուն հետ՝ աննշանակելի փոքրամասնութիւն մը կը գտնուի։
Ասիկա առիթներէն կարենալ օգտուելու խնդիր մըն է, քաղաքակրթութիւնը ընդհանուրին տուած է ապրելու դիւրութիւններ, եւ մէկ քանիին միայն «ջղային տկարութիւն»ներ։ Եւ սա զգացական սկզբունք մը չէ՛ այլ՝ բանական, թէ մեծագոյնին շահը եւ օգուտը կը պահանջէ որ փոքրագոյնը զոհուի՛։ Եւ այդ փոքրագոյնին մէջէն են եղած ԺԹ. դարու յոռետեսները, որոնք յոռետեսութիւնը դաւանած են որպէս փիլիսոփայական վարդապետութիւն մը…։
-Մասնագիտական մասերուն՝ մեծ մասամբ օգտուեցանք հոգեբոյժ Տքթ. Պօղոս Քօլօլեանի (Բարիզ) «Յոռետեսութիւնը բժշկութեան առջեւ» յօդուածէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 10, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024