Դիմատետրը Կը Ստուգէ Նկարները Եւ Տեսանիւթերը

Դիմատետրը յայտարարեց, որ կը սկսի լուսանկարները եւ տեսանիւթերը ստուգել, որովհետեւ ատիկա կ՚ընդարձակէ աւելի մեծ թիւով երկիրներու համար ապատեղեկատուութեան վերացման ջանքերը:

«Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին մէջ խնդիրներէն մէկը այն է, որ ատիկա տարբեր ձեւով կ՚արտայայտուի երկիրներու եւ բովանդակութեան տեսակներու առումով», կ՚ըսէ Դիմատետրի տնօրէն Թես Լիոնս:

«Այս խնդիրը լուծելու համար մենք չորս երկիրներու մէջ կը ստուգենք լուսանկարները եւ տեսանիւթերը»:

Լիոնս ըսած է, որ Դիմատետրի փաստերու ստուգման ջանքերը ներկայիս կը գործեն 14 երկիրներու մէջ եւ այս տարի անոնց թիւը կ՚աւելնայ:

«Այս վկայագրուած անկախ վերահսկողները կը գնահատեն դիմատետրեան պատմութիւններու ճշգրտութիւնը՝ օգնելով մեզի նուազեցնել կեղծ գնահատուած պատմութիւններու տարածումը միջինին 80 առ հարիւրով», ըսած է ան:

Դիմատետրի տնօրէն Թես Լիոնս աւելցուցած է, որ Դիմատետր փաստերու ստուգման ջանքերու ծիրին մէջ կ՚աշխատի՝ «կրկնակի իրաւախախտներու» որոշման ուղղութեամբ:

ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ ԱՄԷՆ ՕՐ Կ՚ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԷ ԵՐԿՈՒ ՄԻԼԻՈՆ ԿԵՂԾ ԷՋ

Դիմատետր ընկերային ցանցը արհեստական բանականութեան արհեստագիտութեան շնորհիւ ամէն օր կ՚արգելափակէ մօտ երկու միլիոն կեղծ էջ: Այս մասին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարեց Դիմատետրի գաղտնիութեան քաղաքականութեան հարցերու տնօրէն Սթիւ Սեթըրֆիլտ:

«Արհեստական բանականութեան ասպարէզի յառաջընթացին շնորհիւ մենք կրնանք ստեղծման պահուն յայտնաբերել նման կեղծ էջերը, ամէն օր մենք կ՚արգելափակենք մօտ երկու միլիոն կեղծ էջ», ըսաւ ան՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումներուն:

Ան նոյնպէս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընկերութիւնը կը յայտարարէ «Ծանուցումի դիտում» (View ads) գործառոյթի համաշխարհային գործածութեան մասին, որ թոյլ կու տայ էջին մէջ տեսնել բոլոր ծանուցումներու հաղորդագրութիւնները:

ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԿՐԿՆԱԿԻ ԱՐԱԳ ԲԱՐԴ

Լանքասթըրի համալսարանի գիտնականները պատահաբար ստեղծած են հեռաձայնի կրկնակի հզօր բարդ (պաթըրի)՝ հակառակ անոր որ սկիզբը նպատակ ունեցած են ստեղծել ածխածնի նոր տեսակներ:

Աշխատանքային հոլովոյթի ժամանակ մասնագէտները ստեղծած են նոր նիւթ՝ OSPC-1, որ կրնայ կրկնապատկել լիթիումային բարդին կեանքը՝ մեծ քանակութեամբ լիթիումային իոններ կուտակելու կարելիութեան շնորհիւ:

Բացի ատկէ, նոր նիւթը նոյնպէս ապահով է, քանի որ պայթումներ չի յառաջացներ: Մինչ ներկայիս բարդերուն մէջ գործածուող կրաֆիթը կը յառաջացնէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը կուտակուին եւ երբեմն կը պայթին:

ԷՓԸԼ ԱՆՎՃԱՐ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆԷ ՄԵՔՊՈՒՔԵՐՈՒ ՍՏԵՂՆԱՇԱՐԸ

Էփըլ ընկերութիւնը խոստովանած է 2015-2017 թուականներուն հրապարակուած ՄեքՊուք եւ ՄեքՊուք Փրօներէն որոշ օրինակներու ստեղնաշարի թերութիւնը, որուն համար պատրաստ է անվճար փոխարինել անսարք մասերը:

Կայքին մէջ նշուած նոթպուքերու սեփականատէրերը կրնան զանոնք տանիլ ընկերութեան խանութներ կամ սպասարկման կեդրոններ, ուր կը նորոգուին: Բացի ատկէ, ընկերութիւնը խոստացած է փոխհատուցել վերանորոգման արժէքը յաճախորդներուն, որոնք փորձած են ստեղնաշարի կապուած խնդիրը իրենք լուծել:

Նախապէս Աւստրալիոյ դատարանը տուգանած է Էփըլը՝ 6.8 միլիոն տոլարով, համակարգի թարմացումէն ետք խանգարուած սարքերը անվճար վերանորոգելէ հրաժարելուն համար:

ԷՓԸԼԻ ՆՈՐ ԱԿԱՆՋԱԿԱԼՆԵՐԸ 2019 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Նոր AirPods-ը կ՚ունենայ շարք մը գործառոյթներ՝ անձրեւէն եւ քրտին-քէն պաշտպանութիւն, աղմուկի նուազեցման կարելիութիւն, նոյնպէս այՖոնէն մեծ հեռաւորութեան վրայ աշխատելու ունակութիւն:

Նոր ականջակալները աւելի սուղ կ՚ըլլան, քան ներկայիս 159 տոլար արժողութեամբ ականջակալները:

AirPods-ի ներկայիս տարբերակը կը թարմացուի 2018-ի վերջաւորութեան եւ օգտուած կ՚ըլլայ Սիրի ձայնի օգնականով, որ կարելի կ՚ըլլայ աշխատցնել առանց ձեռքերու օգնութեան:

ԵՐԿՆԱՔԱՐԵՐԷ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Երկիր մոլորակը հըս-կայական երկնաքարերէ պաշտպանելու նոր ծրագիր մշակած է:

ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները այլ ամերիկեան նախարարութիւններէ իրենց գործընկերներուն եւ ոչ-կառավարական մասնագէտներու հետ բացայայտած են 95 առ հարիւրը բոլոր այն երկնաքարերուն, որոնք այնքան խոշոր են, որ կրնան համաշխարհային աղէտ յառաջացնել Երկրի հետ բախելու պարագային:

Իր կարգին, Սպիտակ տան Գիտութեան եւ տիեզերական տարածութեան ուսումնասիրութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Ահարոն Մայլզ ընդգծած է, որ յայտնաբերուած երկնաքարերէն ոչ մէկը սպառնալիք կը ներկայացնէ այս հարիւրամեակին:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճշդած է շարք մը ռազ-մավարական նպատակներ, որոնց շարքին՝ վտանգաւոր երկնաքարերու յայտնաբերման եւ հետեւելու արհեստագիտութիւններու կատարելագործում, այդ հարցերու շուրջը միջազգային համագործակցութեան ամրապնդում, նոյնպէս՝ արտակարգ իրավիճակներու պարագային գործողութիւններու տարբերակներու մշակում:

ԻՆՉՊԷՍ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՄԷՋ ՄԱԶԵՐԸ ԿԸ ԿՏՐԵՆ

Ռուսական «Ռոսքոսմոս» պետական ընկերութիւնը իր պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակած է ուշագրաւ տեսանիւթ մը, ուր ներկայացուած է տիեզերքի մէջ մազերը կտրելու հոլովոյթը:

Տեսանիւթին մէջ ցուցադրուած է, որ ինչպէս տիեզերագնաց Անթոն Շքափլերով յատուկ սարքի մը միջոցով կը կտրէ իր գործընկերոջ՝ Ալեքսանտր Միսուրքինի մազերը: Ապա անոր կը մօտենայ ամերիկացի տիեզերագնացը եւ կը պայմանաւորուի 3 տոլարի դիմաց իր մազերը եւս կտրել:

Ուշագրաւ է, որ տիեզերագնացները կ՚օգտագործեն յատուկ սարք, որ կը կլլէ կտրուած մազերը, որպէսզի ատոնք չտարածուին անկշռութեան մէջ, չխանգարեն տիե-զերագնացները եւ վնաս չպատճառեն սարքերուն:

ԱԼԻՊԱՊԱՅԻ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Ալիպապա կրուփ»ի դուստր ընկերութիւնը՝ «Անթ ֆայնենշըլ», պլոքչէյն արհեստագիտութիւններու կիրարկումով գումարներու փոխանցման ծառայութիւն ստեղծած է:

Ծառայութիւնը մատչելի կ՚ըլլայ Հոնկ Քոնկի եւ Փիլիպեաններու բնակիչներուն: Գումարային փոխանցումները կ՚իրականացուին Հոնկ Քոնկի ամենէն մեծ դրամատուներէն մէկուն միջոցով:

«Պլոքչէյն արհեստագիտութիւնը կրնայ շատ աւելի փոխել մեր աշխարհը, քան մարդիկ կը կարծեն», ըսած է ընկերութեան տնօրէնը՝ նշելով, որ մեծ թիւով փիլիպեան աշխատակիցներ Հոնկ Քոնկէն տուն կ՚ուղարկեն գումարներ՝ կանոնաւոր ձեւով:

ԻՆՍԹԱԿՐԱՄ 100 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ Կ՚ԱՐԺԷ

Յառաջիկայ 12 ամիսներու ընթացքին Ինսթակրամ ընկերային ցանցի շահը պիտի գերազանցէ 10 միլիառ տոլարը: Ցանցը նոր օգտատէրեր կը ներգրաւէ աւելի արագ, քան Դիմատետրը, որուն կը պատկանի Ինսթակրամը: Այս մասին յայտնած է Պլումպերկ Ինթելիճընսի վերլուծաբան Ճիթենտրա Վարալ:

Յունիսին Ինսթակրամ հաստատած է ամսական 1 միլիառ աշխոյժ օգտատէրերու ցուցանիշը: Ցանցը կրնայ կրկնապատկել այդ ցուցանիշը յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին, կը կարծէ Վարալ:

Բացի ատկէ, Ինսթակրամի համայնքը աւելի երիտասարդ է, քան Դիմատետրինը: Ասիկա ցանցը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ծանուցումներու համար:

Ըստ Վարալի, եթէ Ինսթակրամ առանձին ընկերութիւն ըլլար, ատոր արժէքը կը կազմէր աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դիմատետրը 1 միլիառ տոլարով 2012 թուականին գնած է Ինսթակրամը՝ ատոր հիմնադիրներէն:

ԻՆՍԹԱԿՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՄԷԿ ՄԻԼԻԱՌԻ ՀԱՍԱԾ Է

«Ինսթակրամը արդէն համաշխարհային համայնք է», կը նշուի ընկերային ցանցի հաղորդագրութեան մէջ:

Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ինսթակրամը ունէր շուրջ 800 միլիոն արձանագրուած օգտատէր:

«2010 թուականին ծառայութեան սկսելէ ետք, մենք հիացմունքով կը հետեւէինք մեր համայնքի աճին եւ բարգաւաճման: Ասիկա բոլորիս համար կարեւոր նուաճում է, շնորհակալութիւն ձեզի», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անցեալ տարուան յուլիսին Դիմատետրը 2 միլիառ օգտատէր ունէր: Ընկերային ցանցի ամսական համայնքը 17 առ հարիւրով աւելցած էր, տարեկան՝ մինչեւ 2.01 միլիառ:

ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐ

Արհեստական բանականութեան մշակման հսկայ՝ չինական «Պայտու» ընկերութիւնը, երկու ինքնավար մեքենաներու փորձ-ստուգում իրականացուցած է Թիանցզան քաղաքի գործածութեան համար, տակաւին փակ արագընթաց մայրուղիներէն մէկուն մէջ:

«Պայտու» ընկերութիւնը այդպիսի ստուգում առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ», յայտնած է ընկերութեան աւագ ճարտարագէտ Վան Սիաոլու:

Ըստ անոր, ստուգումը կոչուած է օգնելու մշակողներուն՝ հաւաքելու ինքնավար մեքենաներու արդիւնաւէտութեան տուեալները շրջակայ միջավայրի եւ ինքնավերահսկման առումով:

Մեքենայի այդպիսի շարժումը տեղի ունեցած է Տանշան Լանֆան արագընթաց մայրուղիի 33 քիլօմեթրնոց հատուածին մէջ, որ կը սկսի գործածուիլ այս տարի աւելի ուշ:

«Պայտու» ընկերութիւնը դարձած է ինքնավար կառավարման համակարգերով փոխադրութեան միջոցներու մշակման առաջատարներէն:

ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅ՝ ՄԱՐԴՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՒՂԵՂՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՈՂ

Մասաչուսեցի արհեստագիտական հաստատութեան ճարտարագէտները ներկայացուցած են մարդամեքենայ մը, որ պիտի կառավարուի ոչ թէ բառերով, այլ մարդկային շարժուձեւերով եւ ուղեղի ալիքներու միջոցով:

Այսպիսի մարդամեքենայի հետ կրնան նոյնպէս հաղորդակցիլ խուլ եւ համր մարդիկ:

Մասնագէտները մարդամեքենային սորվեցուցած են հաշուել ուղեղի այն ազդանշանները, որոնք կը յառաջանան, երբ մարդիկ տարբեր սխալներ կը նկատեն: Համակարգը կը վերահսկէ մարդկային ուղեղի գործունէութիւնը, եւ եթէ սարքը կը հաշուէ ուղեղի այդ ազդանշանները, անտրոյտը ակնթարթօրէն կը դադրեցնէ այդ գործողութիւնը՝ թոյլ տալով օգտագործողին ուղղել աշխատանքը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան


Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝
«Հայ թեք», «Էն. Կա­ճեթ»,
«Ֆոքս նիուզ» եւ ԱՖՓ

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018