ԽԵԼԱԳԱՐ ԵՒ ՀԱՆՃԱՐԵՂ

Հոգեբաններ կ՚ըսեն, թէ հանճարի եւ խելագարութեան միջեւ շատ բարակ սահմանագիծ մը կը գտնուի. «border line»։ Բայց այս չի նշանակեր, որ բոլոր խելագարներ հանճարեղ են, եւ փոխադարձաբար՝ բոլոր հանճարեղներ՝ խելագար։ Արդարեւ, գիտուններու կողմէ՝ բազմաթիւ փորձերով հաստատուած իրողութիւն մըն է, թէ հանճարեղ մարդոց «մեծագոյն մաս»ը, պարզապէս միտքով բացառիկ մարդիկ են, որոնք ընդհանրապէս «տարօրինակ» կը ճանչցուին բնականոն պայմաններու բաղդատմամբ։

Այս մասին հսկայ գրականութիւն մը հիմնուած է 20-րդ դարուն սկիզբէն՝ որուն գլուխը կը գտնուէր իտալացի հռչակաւոր գիտուն Փրոֆ. Չէզարէ Լօմպրոզօ։ Ուրիշ երեւելի գիտուններ՝ Լօմպրոզոյի հետ՝ չեն կարողացած «սահման» մը որոշել խելագարութեան եւ հանճարի մէջ, եւ շատերու կողմէ հանճարը նկատուած է ջլա՛խտ. «nevrose» մը՝ «խելագարութի՛ւն» մը։

Արդարեւ, Տքթ. Ալպէր Ռէնեար այս մասին կ՚ըսէ.

«Այսպէս նախագծուած դասաւորութեան մէջ, վերջին հանգամանքով եւ պարզ մտքով կը հասնինք այն սահմանին ծայրը, ո՛ւր խելագարութեան եւ բանականութեան մէջ որոշ սահմանագիծ մը նշանակել ճշմարտապէս անկարելի կը դառնայ. այս մասին ժողովրդական առածը իրականութեան ճշմարիտ արտայայտութիւնն է։ Սակայն, եթէ աշխարհ լեցնող խենդերը ապաստանարաններու մէջ փակուած -ապուշ-ներու հետ շօշափման կէտ մը ունին, միւս կողմէ, արիւնահաւաք զառանցումի գրգռմամբ, այսինքն սանդուխին ամենաբարձր աստիճանին վրայ, խելագարութեան՝ հանճարի հետ սահմանակից ըլլալը կը հաստատուի՛…»։

«Մտաւորականին պէս, հոգեկան խառն վիճակն ալ», կ՚ըսէ Տքթ. Մօրօ տը Թուր, «մտաւորական բարձրագոյն կարողութիւններու կամ ընդունակութիւններու հետ, մտքի գործարաններուն արտա-բնախօսական վիճակին մէջ ունի իր ծագումը։ -Հանճար-ը, այսինքն մտաւորական գործունէութեան ամենաբարձր արտայայտութիւնը -ջլա՛խտ- մըն է…։ Ի՞նչու չըլլայ»։

Անցեալին՝ Փարիզի Բժշկական համալսարանին համբաւաւոր գիտուններէն Փրոֆ. Շարլ Ռիշէ, Փրոֆ. Լօմպրոզոյի «Հանճարեղ Մարդը»՝ «L՚Homme de Génie» գրքին ֆը-րանսերէն թարգմանութեան յառաջաբանին մէջ -ակամայ- կը խոստովանի այս ճշմարտութիւնը։ Ուստի այդ հմտալից յառաջաբանին մէկ քանի հատուածները այստեղ կը ներկայացնենք, հաստատելու համար ըսուածը։

«Իր կարծիքը (Լօմպրոզոյի) շատ տարբեր է, եւ պէտք է յայտնել, որ դրական իրողութիւններու վրայ հիմնուած է, մէկ կողմէ հնարիչներու, գիւտարարներու, միտքեր սերմանողներու եւ ստեղծողներու բարձր եւ հզօր հանճարը մտաւոր անստգիւտ առողջութեան մը չի համապատասխաներ, միւս կողմէ ալ յիմարներու յատուկ եղող իմացականութան եղանակներուն մէջ, խենդերու եւ հանճարեղ մարդոց միանգամայն յատուկ հոգեբանական զանազան հանգամանքներու կը հանդիպինք։

«Հանճարեղ մարդուն եւ տաղանդաւոր մարդուն միջեւ եղած վիճակը սահմանել բաւական դժուար է, տաղանդաւոր մարդուն եւ միջակ մարդուն մէջ ոչ ոք կարող է բացարձակ սահման մը, բացորոշ սահմանագիծ մը հաստատել։

«Աւա՜ղ, իւրաքանչիւր դասակարգութեան համար միեւնոյնը չէ՞։ Ուրեմն Յոյներուն հին իմաստակութիւնը չվերանորոգենք՝ որոնք կը պնդէին, թէ կնտակ (=ճաղատ) մարդեր չկան, որովհետեւ մազերուն ճիշդ թիւը որոշել կարելի չէ՛։ Ուրեմն, սահման չփնտռենք, եւ ընդունինք այն մարդերը, որոնց հանճարը ակներեւ է, օրինակի համար, Տանթէ, Փասքալ, Շէյքսփիր, Նիւըթըն, Վիքթոր Հիւկօ, Կէօթէ, Լէոնարտօ տա Վինչի, Ռաֆայէլ, Նափոլէոն եւ ուրիշներ…»։

«Փասքալ տասնեւմէկ տարեկան հասակին մէջ երկրաչափութիւնը հնարեց։ Տասնեւութը տարեկան եղած ատեն բնագիտութիւնը սրբագրեց։ Այս տեղ՝ գրեթէ սոսկալի՜ նորանշան արտուղութիւն՝ «anomalie» մը չկա՞յ, որ այս այդ տարիքին մէջ, ուր սովորաբար խաղ կը խաղայ տղան, աւելի՛ մեծ եւ աւելի՛ խորին կերպով յղացաւ, ի՛նչ որ վարպետները քսան դարու մէջ չէին կարողացած ընել։ Փասքալ մը ըլլալու համար, հիւա՛նդ մը ըլլալու է, -հիւանդ- բառին տալով իր բո՛ւն իմաստը, այսինքն՝ «արտականոն», «anormal» իմաստը։ Չեմ գիտեր, ներելի՞ է «այլասեռած», «dégénéré» բառը գործածել, որ Փրոֆ. Լօմպրոզօ կը գործածէ, քանի որ ատիկա ակամայ «սրբապղծութիւն» մը կը թուի։ Փոխանակ «այլասեռուած» ըսելու, աւելի պատշաճ պիտի ըլլայ ըսել. «կանխասեռուած», այսինքն՝ «progénéré»։ Եւ ուրեմն, հանճարեղ մարդուն մտածողութեան եղանակին մէջ տարապայման, արտասովոր եւ տարօրինակ՝ արտականոն բան մը կա՛յ։ Արդ, ճի՛շդ այս տարօրինակութեան հանգամանքն է, որ խենդերու մտածողութեան կերպին մէջ կը գտնուի։ Այլանդակ գաղափարներու յարակցութիւններն են, որ մարդս այսպէս կը խանգարեն, ինչպէս հաշիւի ներգործութիւնները եւ խելագարներու զառանցանքները։

«Արդարեւ, -մեծ մարդ-ը թէեւ տեղ տեղ յիմարի մը հետ մերձեցման քանի մը կէտեր կ՚ընծայէ, սակայն եւ այնպէս մասնաւոր հանգամանքով մը անկէ կը տարբերի։ Խենդին այլանդակ եւ արագ յղացումը ունի, բայց բան մը աւելի՛ ունի, եւ ա՛յդ է որ իր յղացումը կը բեղմնաւորէ, փոխանակ զայն անհեթեթ եւ ամուլ թողնելու՝ յստակութիւն եւ մեծութիւն մը տալով անոր…։

«Խենդերուն յաճախ ենթարկուած ուղղադատ -raisonnante- խելագարութեան հոգեբանական խորունկ, մանրակրկիտ եւ անողոք վերլուծութիւնը, անբաղդատելի ուժի աստիճանով մը Տոսթոյեւսքիի -Ոճիր եւ Պատիժ- . -Crime et Châtiment- հեղինակութեան մէջ կը գտնուի. այս կարող գրագէտին, որուն մտաւորական պակասութիւնը նուազ չէր Էտկար Ա. Փօ-էն. անոր ունեցածէն։ Իր գրքի անձնաւորութիւններուն ընծայած մէկ քանի դատողութիններուն այլանդակութիւնը բոլորովին յիմարի մը վայել է։ Ասոր հետ մէկտեղ, այս գրքին մէջ անկարելի չէ գտնել գռեհիկ ուշիմութենէ աւելի բարձր կորովամտութիւն մը։

«Եթէ այն հանճար չէ, գոնէ հանճարին շատ մօտ է»։

Այս առթիւ պէտք է յիշենք, որ տիեզերահռչակ հանճարներ իսկ ունեցած են իրենց «այլանդակ» եւ «յիմար» գործերու արտադրութիւնները, ըսենք. «յիմարաբանութիւն»ները՝ «sottises», զոր օրինակ՝ Longfellow, Glenau, Wilkins, Bernardin de Saint-Pierre, De Maistre, Dupanloup, Jules Noriac, Wagner, Montesquieu, Bonaparte, Victor Hugo, եւ այլն։ Եթէ նոյնիսկ «հիւանդ ստեղծագործութիւն» ըլլայ՝ ստեղծագործութիւն մը պէտք է վայելէ իր արժէքը, քանի որ ան մտքի արտադրութի՛ւն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2018, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018