ՍՈՓՐԱՆՕ ՆԱԹԱԼԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՇԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր անուններէն սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Էլմատաղի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ։ «Ծովափներէն տպաւորութիւններ» խորագրեալ այս երաժշտահանդէսը նախատեսուած էր թատերական շանի ձեւաչափին մէջ, տաւիղի նուագահանդէսով հանդերձ։ Ելոյթը մաս կը կազմէր ծրագրի մը, որու նպատակն է տարբեր նուագարաններով ու համատեղումներով իրականացնել ռեսիթալներու շարք մը։ Բեմայարդարումով, տարազներով եւ ընդհանուր դրուածքով այս երաժշտահանդէսը ունկնդիրները տարաւ 1900-ական թուականներու Ֆրանսայի մէջ տան մը հիւրասենեակը։
Նաթալի Պօղոսեան շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանէր Իսթանպուլի Պետական օփերայի արուեստագէտներէն Գէորգ Դաւիթեանի հետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ դերասանուհի Շահիքա Թեքանտի «Սթիւտիօ» թատերախումբի դասընթացքներուն ալ կը մասնակցէր։ Այս բոլորէն վերջ իր առաջին կարեւոր նուագահանդէսը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Երեկոյթի ընթացքին առաջին անգամ հնչեցին Արտաշէս Ակօշեանի տաւիղի յօրինումները։ Տաւիղի նուագները կատարեց Մերիչ Տէօնիւք։ Յայտագրին մէջ իր բաժինը ունէր դերասան Ուղուր Մութլու։ Ձեռնարկի գեղարուեստական ղեկավարն էր Էմէլ Փիլաւճը։