ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

Նախորդող չորս գրութիւններով անդրադարձանք աղօթքի ինչութեան մասին, մեր մտածումներուն հիմնական աղբիւր ունենալով Մատթէոսի աւետարանին մէջ արձանագրուած մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ աղօթքի մասին կատարած ուսուցումը:

Այդ ուսուցման վերջին հատուածին մէջ Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդոց կը սորվեցնէ հետեւեալ աղօթքը: Իր աշակերտներուն դիմելով կ՚ըսէ. «Ուրեմն այսպէս աղօթեցէք.

Հայր մեր երկնաւոր,

սրբաբանուի՛ անունդ.

թող գայ արքայութիւնդ,

թող կատարուի Քու կամքդ,

ինչպէս որ երկինքի մէջ՝

նոյնպէս ալ երկրի վրայ։

Ամենօրեայ մեր հացը

այսօր եւս մեզի տուր։

Ներէ՛ մեր յանցանքներուն,

ինչպէս որ մենք կը ներենք

անոնց՝ որոնք մեզի դէմ

նոյնպէս յանցանք գործած են։

Եւ թոյլ մի՛ տար,

որ փորձութեան մէջ իյնանք.

այլ մեզ չարէն ազատէ՛։

Որովհետեւ Քուկդ են միշտ

արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն» (Մտ 6.9-13):

Տիրոջ սորվեցուցած այս աղօթքը յետագային կոչուեցաւ «Տէրունական աղօթք»: Տէրունական, այսինքն՝ Տիրոջ կողմէ աւանդուած, Տիրոջ կողմէ սորվեցուած աղօթք: Իսկ ժողովրդական լեզուին մէջ, այս աղօթքը կոչուեցաւ «Հայր մեր», նկատի ունենալով աղօթքին առաջին երկու բառերը: Լուսահոգի Զարեհ Ազնաւորեան սրբազանը հետեւեալ բացատրութիւնն ալ կու տայ. «Եթէ այս աղօթքին ուրիշ բացատրութիւն մը ուզենք տալ՝ կրնանք «Եկեղեցւոյ աղօթք» ալ կոչել: «Հայր մեր»ով Եկեղեցին իր ամբողջութեան մէջ կ՚աղօթէ: Այսինքն՝ երբ «Հայր մեր»ը կ՚ըսենք, ոչ թէ միայն մենք անհատապէս Աստուծոյ հետ դէմ առ դէմ կը գտնուինք, այլ նաեւ Եկեղեցւոյ միւս անդամներուն հետ մեր միասնութիւնը կը զգանք: Աստուած մեզ առանձին-առանձին չէ կանչած, այլ՝ մեզ իբր ժողովուրդ կանչած է»:

Դարեր շարունակ Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ անդրադարձած են այս աղօթքին եւ մեկնած ու բացատրած են զայն: Այս եւ յաջորդող գրութիւններով, հիմք ունենալով նոյնինքն Եկեղեցւոյ հայրերուն մեկնութիւնները, մենք եւս պիտի փորձենք բացատրել «Տէրունական աղօթք»ը, որպէսզի զայն մեքնայականօրէն չարտասանենք, այլ՝ գիտակցութեամբ, հասկնալով իւրաքանչիւր բառը կամ նախադասութիւնը, որ կ՚արտասանենք:

«Հայր մեր երկնաւոր»:

Այսպէս. Տէր Յիսուս այս աղօթքին սկսաւ, ըսելով՝ «Հայր մեր երկնաւոր»: Ասով մեզի պարզ կը դառնայ, որ Աստուած՝ մեր Արարիչը, մեր Ստեղծողն ու Տէրը ըլլալէ անդին եւ վեր, մեր բոլորին Հայրն է, որ երկինքին մէջ կը բնակի: Մեր բոլորին Հայրը ըլլալու հանգամանքը կը խօսի այն ճշմարտութեան մասին, որ մենք՝ ֆիզիքապէս տարբեր անհատներ եւ տարբեր ընտանիքներու անդամներ ըլլալով, հոգեւորապէս՝ ներքին կապով իրարու քոյրեր եւ եղբայրներ ենք, ըստ մեր Տիրոջ աւանդածին, որովհետեւ Տէրը երբ աղօթքի սկսաւ ըսաւ՝ «Հայր մեր»: Երբ Հայր կ՚ըսենք, միաժամանակ կը հասկնանք, որ կան նաեւ զաւակներ, այլ խօսքով՝ ընտանիք: Այստեղ զգոյշ պէտք է ըլլանք սակայն այն մոլորութենէն, որ այսօր որոշ արեւմտեան աղանդաւորական շարժումներ որդեգրած են, սխալ կերպով ընկալելով «Հայր մեր»ի իսկական իմաստը: Ըստ այդ աղանդներու մեկնութիւններուն, եթէ հայր կայ, ուրեմն անպայման որ մա՛յր պէտք է ըլլայ՝ կ՚ըսեն, եւ այսպիսի սխալ եւ թիւր ըմբռնումներով կը տարուին ըսելու նաեւ «մայր մեր», ինչ որ բացարձակապէս սխալ եւ այլանդակութիւն է, որովհետեւ մեր Ուղղափառ Վարդապետութենէն գիտենք, որ Սուրբ Երրորդութիւնը սեռի խնդիր չունի, այսինքն՝ արականի կամ իգականի խնդիր չկայ այնտեղ:

Այստեղ մեր միտքերուն մէջ հետեւեալ հարցադրումը կը ծագի. «Լաւ, եթէ Սուրբ Երրորդութեան համար սեռի խնդիր չկայ, ինչո՞ւ համար ուրեմն մեր Տէրը Յիսուս, երբ այս աղօթքը սորվեցուց, «Հայր մեր»ի փոխարէն «Աստուած մեր» կամ «Տէր մեր» չսորվեցուց»: Պատասխանը շատ պարզ է. մեր Տէրը սորվեցնելով մեզի «Հայր մեր» ըսել, ատով ցոյց տուաւ Արարիչ Աստուծոյ սէրն ու հոգածութիւնը Իր արարածներուն հանդէպ, այն սէրն ու հոգածութիւնը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին չէր խնայած Իր ձեռագործներուն փրկութեան համար (Տե՛ս Յհ 3.16): Այս արտայայութեամբ տակաւին, մեր Տէրը մեզի սորվեցուց, որ Աստուած՝ մեր Արարիչը, հօր նման կը խնամէ մեզ եւ կը հոգայ մեզմէ իւրաքանչիւր մասին: Աւելի՛ն. այս արտայայտութեամբ մեր Տէրը մեզի սորվեցուց, որ մեր Արարիչը մեզմէ հեռու, մեզմէ օտար մէկը չէ, Որմէ պէտք է վախնանք, կամ զգուշանանք, ընդհակառակը, ինչպէս երբ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին որեւէ դժուարութեան հանդիպինք, առանց մտածելու, վախնալու կամ զգուշանալու մեր երկրաւոր հայրերուն կը դիմենք, այդ կերպով նաեւ պէտք է վարուինք մեր Երկնաւոր Հօր հետ, որովհետեւ Ան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու: Այս ուղղութեամբ դարձեալ մեր Տէրն է վկայութիւն տուողը, երբ կ՚ըսէ. «Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ։ Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր Երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք Իրեն կը դիմեն» (Մտ 7.9-11). մեր Տիրոջ խօսքերէն յստակ կ՚երեւայ, թէ ինչպէս որ մեր երկրաւոր հայրերը կը հոգան մեր լաւութեան մասին, նոյնքանով եւ աւելի մեր Երկնաւոր Հայրն է, որ կը հոգայ մեր մասին: Տարբերութիւնը այստեղ այն է, որ մեր երկրաւոր հայրերը ընդհարապէս կը հոգան մեր երկրաւոր կարիքներու մասին եւ շատ քիչ պարագաներու է, երբ մեր երկրաւոր հայրերը հոգ կը տանին մեր հոգիի փրկութեան մասին, մեզ խրատելով ու դաստիարակելով այնպէս, որպէսզի կարողանանք հասնիլ երկնային անվախճան երջանկութեան եւ մեր Երկնաւոր Հօր տեսութեան, եւ երանելի՜ են այն զաւակները, որոնք նմանատիպ հայրեր ունին: Բայց մեր Երկնաւոր Հայրը, մեր ֆիզիքական կարիքները հոգալէ անդին եւ աւելի կը հոգայ մեր յաւիտենական կարիքները, այլ խօսքով՝ մեր հոգիի յաւիտենական երջանկութեան մասին կը մտածէ:

Արդարեւ, երբ «Հայր մեր երկնաւոր» կ՚ըսենք, ատով՝

ա) Նախ եւ առաջ կը խոստովանինք, որ Աստուած մեր բոլորին Հայրն է, եւ մենք իրարու քոյր ու եղբայրներ ենք:

բ) Կը խոստովանինք ու կը դաւանինք, որ մենք մեր Փրկիչին ու Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի եղբայրներն ու քոյրերն ենք: Իսկ եղբայրներն ու քոյրերը միշտ կ՚աշխատին, որպէսզի իրենց եղբայրներն ու քոյրերը հանգիստ ըլլան, չնեղանան, մեր գործած սխալներուն պատճառով չտառապին: Եւ այս առումով մեր՝ որպէս եղբայրներն ու քոյրերը Քրիստոսի, մեր պարտաւորութիւնն է հետեւիլ Անոր ուսուցումներուն եւ կատարել կամքը Անոր՝ որ զԻնք ղրկած էր մեզի, մեր փրկութեան համար:

գ) Կը պարտաւորուինք մեր կեանքը ապրիլ այնպիսի ձեւով, որպէսզի կարողանանք հասնիլ մեր Երկնաւոր Հօր ու ապրիլ Անոր ներկայութեամբ, որովհետեւ ո՞ւր որ է մեր Հայրը, մենք եւս պէտք է այնտեղ ըլլանք. «Հա՛յր, անոնք որոնք Ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ Ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ» (Յհ 17.24):

դ) Մեր իրարու քոյր ու եղբայր ըլլալու պարագան կ՚իրականանայ ու իրաւական հանգամանք կը ստանայ, Սուրբ Աւազանէն՝ Մկրտութեան Աւազանէն մեր վերստին ծնունդով, որով անքակտելի կերպով՝ Սուրբ Միւռոնի դրոշմով կը կապուինք իրարու:

ե) Թէ Անոր բնակավայրը երկինքն է, հակառակ այն իրողութեան, որ Ան ամէն տեղ է: Այստեղ պէտք է զգոյշ ըլլանք սակայն եւ սխալի մէջ չիյնանք, կարծելով թէ Աստուած նիւթական՝ ֆիզիքական մարմին ունի եւ որոշ տեղ մը՝ ունի բնակավայր մը, ուր կը բնակի: Ո՛չ, որովհետեւ Աստուած Ինք ամբողջ տիեզերքը Իր մէջ կը պարունակէ եւ Ինք ամբողջ տիեզերքին մէջ է:

Հիմա տեսնենք, թէ մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ի՞նչ կ՚ըսեն այս նախադասութեան մասին:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կ՚ըսէ. «Բնոյթով պարզ է, բայց շատ աւելին է միտքերու բարձրութեամբ. դէպի վեր նայիլ կու տայ եւ կը սորվեցնէ, որ Աստուած է բոլորին Հայրը: Որդիները Հօր կը դիմեն. գութի կարօտն է, որ կը ստիպէ զիրենք, եւ կարօտի կամքը Հօրը կը տանի դէպի ողորմութիւն եւ գութ: Որդիները պէտք է Հօր կամքին համաձայն ըլլան, ապա Հայրը, ըստ որդիներու կամքին, անոնց պէտքերը կը հոգայ եւ իր ամբողջ հարստութեան ժառանգորդ կը դարձնէ զանոնք»: Եւ ....Աստուծոյ՝ մարդոց հայր ըլլալու այս պարգեւը շատ աւելի մեծ է, քան մարդոց [տրուած] միւս բոլոր պարգեւները: Հրեշտակները այս [Հայր մեր] ըսելու իրաւունք չունին. անոնք թէեւ հզօր են եւ հոգեւոր, բայց սպասաւորներ են, որդիներ չեն: Զգուշացի՛ր, ո՜վ մարդ, ինչպիսի՜ պատիւով մեծարուեցար, մինչեւ իսկ համարձակութիւն ունեցար զԱստուած քեզի Հայր անուանել. մտածէ՛, Հօր պատիւին համեմատ դուն քեզ կերպարաւորէ՛, որպէսզի երկնաւորներն ու երկրաւորները իմանան, որ իսկապէ՛ս Աստուծոյ որդի ես»:

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Յիշեցէ՛ք, որ երկինքին մէջ Հայր ունիք: Յիշեցէ՛ք, որ ձեր Ադամ հօրմէն ծնաք մահուան համար. իսկ Հօր Աստուծմէ վերստին կը ծնիք կեանքին համար: Հետեւաբար, ինչ որ կ՚աղօթէք, ձեր սիրտերով աղօթեցէք»:

Որոգինէսը կ՚ըսէ. «Եթէ մենք հարազատ, օրինական որդիներ չենք, հետեւաբար զգուշանանք Անոր այս անունը տալէ: Այդ պարագային, մենք փորձութեան մէջ կ՚իյնանք՝ մեր բոլոր մեղքերուն վրայ ամբարշտութեան մեղքը եւս աւելցնելով»: Եւ «...Չերեւակայենք, հետեւաբար, որ մենք պարզապէս աղօթքի բանաձեւ մը սորվեցանք, զայն որոշակի ժամուան մը ընթացքին արտասանելու համար: Եթէ իսկապէս կ՚իրագործենք զայն, ինչ որ ըսինք պատուիրանի մասին, ուստի պէտք է անդադար աղօթել, մեր ամբողջ կեանքը չընդհատուող աղօթք մը պէտք է ըլլայ եւ պիտի հռչակէ մեր Հօր մասին, որ երկինքին մէջ է: Մեր քաղաքը այլեւս երկրի վրայ պիտի չըլլայ, այլ՝ երկինքին մէջ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, որովհետեւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուած պիտի ըլլայ այն մարդոց մէջ, որոնք երկնային Բանին պատկերը կը կրեն իրենց հոգիներուն մէջ, եւ այդպիսով իրե՛նք եւս երկնայիններ պիտի դառնան»: Եւ «...Ես բացատրեցի «Հա՛յր մեր երկնաւոր» խօսքը, որպէսզի մերժեմ այն մարդոց պարզունակ ըմբռնումը, որոնք զԱստուած կ՚երեւակայեն երկինքին մէջ՝ ինչ որ տեղ, եւ որպէսզի մերժեմ այն սխալ կարծիքը, թէ Աստուած նիւթական վայրի մը մէջ կը գտնուի (ինչը կը նշանակէ, թէ Ան մարմին ունի եւ այդ պատճառով ալ բաժանելի, նիւթական եւ ապականացու): Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարմին բաժանելի, ապականացու եւ նիւթական է: Անհրաժեշտ է ուրեմն իմանալ, որ Աստուած նիւթէն տարբեր բնութիւն մը ունի...: ...Աստուածաշունչը պէտք է մեկնաբանել իր հոգեւոր բարձր իմաստով, երբ կը թուի թէ այն մեզի կը սորվեցնէ, թէ Աստուած ինչ որ տեղի մէջ կը գտնուի»:

Ներսէս Լամբրոնացին կը գրէ. «Ով որ «մէկը» որպէս հայր կ՚ընդունի, ինքզինք որդիութեան սահմանին տակ կը դնէ: Ասոնց միջեւ թշնամութեան ոխ չ՚արմատանար, այլ՝ եթէ որդին ստահակութիւն կը ցուցաբերէ, հայրը բնական գութով եւ իմաստութեամբ կը ներէ եւ ներողամտութեամբ անոր միշտ իր ենթակայութեան տակ կը պահէ»: Եւ «...Ուստի, մեղքերով ապստամբելու պարագային, քրիստոնեան չի՛ զարհուրիր, այլ՝ բնական գութը յիշելով, աներկիւղ պատկառանքով Հօր դիմելով՝ կ՚ըսէ. «Հայր մեր, երկնաւոր»: Այսինքն՝ թէեւ երկինքն ու երկիրը փառքովդ ու զօրութեամբդ լեցուն են, սակայն Դուն՝ էութեամբ անհաս Ինքնութիւնդ, բազմած ես սեփական Աթոռիդ՝ երկինքին մէջ: Լսէ՛ հառաչանքս այդտեղ՝ երկինքին մէջ, ուր որ մեզ մարմնակից Որդիդ մտաւ մեզի համար մտաւ որպէս Քահանայ եւ Բարեխօս. լսէ՛ ինծի համար Անոր ըրած [խնդրանքը], նաեւ իմ խնդրանքը, որ Քեզի հետ կը զրուցեմ, որպսզի Ան դէպի Քեզ առաջնորդէ»:

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Ինչո՞ւ կ՚ըսէ. «Երկնաւոր»:

«Հայրն Աստուած վեր է աշխարհէն. պարզապէս գերազանցօրէն բարձր է բոլոր աստուածութիւններէն կամ աստուած համարուած բոլոր փայտեղէն, քարեղէն, պղնձեղէն կամ ոսկեղէն կուռքերէն: Աստուած անոնցմէ վեր Էութիւնն է:

««Երկնաւոր»ը նաեւ կը թելադրէ՝ երկրէն անջատուած իմաստը: Նոյն իմաստն է, որ կը կրկնուի «Սրբաբանուի՛ անունդ»ի առիթով: Աստուած Անջատուածն է: Ան նիւթական եւ անմաքուր իրականութիւններէն վեր եւ զատ Էութիւնն է»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ, 7 օգոստոս 2018

Հինգշաբթի, Օգոստոս 9, 2018