ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԸ ՍԻՐԵ՛Մ…

Յաճախ մարդ կը տարակուսի սիրոյ արտայայտութեան մասին, թէ ո՞րն է ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը եւ ո՞րը՝ կարծեցեալ եւ խաբէական՝ սո՛ւտ սէրը։

Ուրիշ առիթներով ալ յիշած էինք այն ստուգանիշը՝ ուր կարելի է զանազանել ճշմարիտ սէրը եւ սուտ սէրը։ Եթէ կ՚ըսենք. «Որովհետեւ կը սիրե՛մ», ահաւասիկ այս ճշմարիտ սէր է՝ առանց նախապայմանի, առանց պատճառի, առանց կախում ունենալու արտաքին ազդեցութեան մը եւ առանց կախում ունենալու ուրիշ զգացումի մը…։ Իսկ եթէ կ՚ըսենք. «Կը սիրեմ, որովհետեւ…», ասիկա յարաբերական սէր մըն է՝ ո՛չ անկեղծ, ո՛չ ճշմարիտ։

Արդարեւ, սէրը կը բխի մաքուր եւ աննենգ սրտէն, եւ ուրեմն կախում չունի ուրիշ զգացումէ մը։

Սէրը Աստուծմէ է։ Սէրը ընդոծին է. բնական եւ պա՛րզ։ Չվերածնած սիրտը, ուրեմն կարող չէ՛ ծնանիլ եւ արտադրել սէր։ Ան կը գտնուի միայն մաքուր սրտի մէջ՝ այն սրտին մէջ ուր Յիսուս կը թագաւորէ։ «Մենք կը սիրենք, քանզի առաջ Ան մեզ սիրեց», կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։ Բայց ասիկա պէտք չէ կարծել՝ թէ մենք կը սիրենք զԱյն, «որովհետեւ Ան կը սիրէ մեզ…», այլ այն իմաստով, թէ Ան է որ իր անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրով մեզ կ՚անդրադարձնէ սիրոյ եւ կը հրաւիրէ սիրե՛լ։

Ուստի աստուածային շնորհքով վերանորոգուած սրտին մէջ՝ սէրը բոլոր գործերուն պատճա՛ռն է։ Սէրն է որ կը բարեփոխէ նկարագիրը, կը կառավարէ շարժառիթները, կը պատրաստէ բարիքները, կ՚իշխէ կիրքերուն վրայ, կը նուաճէ թշնամութիւնը, ատելութիւնը եւ նենգամտութիւնը, վերջապէս՝ կ՚ազնուացնէ զգացումները։

Այդ ճշմարիտ սէրը՝ հոգիին մէջ սնուցուելով՝ կը քաղցրացնէ կեանքը եւ դիւրատար կ՚ընէ զայն, եւ ազնուացուցիչ ազդեցութիւն մը կը սփռէ իր շուրջը։ Երջանկութեան նախաքայլը եւ ապահով, անվտանգ ճամբա՛ն է սէրը։

Այս իմաստով, երկու սխալներ կան, որոնց դէմ Աստուծոյ զաւակները, եւ մանաւանդ անոնք որ նոր կ՚ապաւինին Անոր շնորհքին, մասնաւորապէս պարտին զգոյշ կենալ։

Առաջինը այդ սխալներուն՝ իրենց գործերուն նայիլն է, ընդհանրապէս աշխարհային զբաղումներով տարուիլ։ Արդարեւ, աշխարհային զանազան գործեր, զբաղումներ կը խափանեն եւ կը քօղարկեն հոգեւոր ճշմարտութիւնները։

Ամէն ինչ որ մարդ կ՚ընէ, կամ ընել կը կարծէ առանց Քրիստոսի՝ եսասիրութեամբ եւ մեղքով է ապականած, քանի որ ան կը կարծէ ինքնաբաւ ըլլալ, ինչ որ անկարելի է իրեն համար։

Քրիստոսի շնորհքն է միայն՝ հաւատքի եւ մանաւանդ անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրով, որոնց կը միանայ յոյսը, անոնց միջոցով՝ որ կրնայ սրբացնել, վերանորոգել, վերակենդանացնել մարդը։ Եւ ո՛վ որ ջանք կ՚ընէ «սուրբ ըլլալ» ի՛ր իսկ գործերով՝ օրէնքը պահելով, անկարելիութեան մը կը ձեռնարկէ։ Կեանքը ցոյց կու տայ, թէ մա՛րդ ինքնաբաւ չէ եւ կը կարօտի անթերի եւ ամենազօրաւոր ուժի մը՝ վստահելի Անձի մը՝ որուն մէջ ապահով պիտի զգայ ինքզինք, որ է անտարակոյս Յիսուս Քրիստոս։

Միւս, առաջին սխալին յաջորդող եւ ոչ նուազ վտանգաւոր սխալն ալ այն է, որ Քրիստոսի հաւատքով՝ մարդիկ Աստուծոյ օրէնքը պահելէն ազատ կը կացուցուին. եւ եթէ քանի որ հաւատքով Քրիստոսի շնորհքին հաղորդ կ՚ըլլանք, մեր գործերը որեւէ առընչութիւն, որեւէ կապ չունին մեր փրկութեանը հետ։

Սակայն հոս, այս կէտին պէտք է նկատի ունենալ որ հնազանդութիւնը լոկ արտաքին «հաճոյակատարութիւն» մը չէ, այլ՝ «սիրոյ ծառայութիւն» մը։ Ճշմարիտ հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը սիրոյ մէկ արտայայտութիւնն է՝ անկեղծ սիրոյ արդիւնքը։

Աստուծոյ օրէնքը բուն իսկ Իր բնութեանը արտայայտութիւնն է՝ սիրոյ մեծ սկզբունքին մարմնացո՛ւմը, եւ հետեւապէս հի՛մը Անոր կառավարութեան երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։

Եթէ մեր սիրտերը վերանորոգուած են Աստուծոյ նմանութեամբը, եթէ աստուածային սէրը հաստատուեր է մեր հոգիին մէջ, ո՛չ ապաքէն Աստուծոյ օրէնքը պիտի գործադրենք մեր կեանքին մէջ։ Երբ սիրոյ սկզբունքը հաստատուի սրտին մէջ, երբ մարդ վերանորոգուի զինք Ստեղծողին պատկերին պէս՝ Անոր նմանութեամբ, նոր ուխտին խոստումը պիտի կատարուի. «Իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, եւ անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք…», (ԵԲՐ. Ժ 16)։

Եւ եթէ օրէնքը գրուած է մտքին մէջ եւ դրուած՝ սրտին մէջ, ո՛չ ապաքէն պիտի կանոնաւորէ կեանքը։ Հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ որոնք սիրոյ ծառայութիւնը եւ հպատակութիւնն են, ճշմարիտ նշա՛նն է աշակերտութեան եւ հետեւորդներուն։

Արդարեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Այս է Աստուծոյ սէրը՝ որ Անոր պատուիրանները պահենք»։ «Ան որ կ՚ըսէ թէ՝ Ես զԱյն ճանչցայ, եւ Անոր պատուիրանները չի պահեր, ստախօ՛ս է, եւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ», (Ա ՅՈՎՀ. Ե 3, Բ 4)։

 Փոխանակ մարդը ազատ կացուցանելու հնազանդութենէ, հաւատքն է՝ եւ միա՛յն հաւատքը՝ որ մեր հոգիները հաղորդ կ՚ընէ Քրիստոսի շնորհքին, եւ այդ շնորհքն ալ մեզ կարող կ՚ընէ հնազանդելու, ինչ որ կ՚ենթադրէ սիրել, քանի որ սէ՛րն է որ կը հնազանդեցնէ։

Բայց մեր հնազանդութեամբը չէ որ փրկութիւն կը ստանանք, քանի որ փրկութիւնը Աստուծոյ ձրի պարգե՛ւն է, որ հաւատքով կը ստացուի։ Սակայն հնազանդութիւնը հաւատքին պտո՛ւղն է։ Ահա՛ բուն փորձաքարը. եթէ Քրիստոսի մէջ կենանք, եթէ Աստուծոյ սէրը մեր մէջ բնակի, մեր զգացումները, մեր խորհուրդները, մեր գործերը՝ համաձայն պիտի ըլլան Աստուծոյ կամքին հետ, որ արտայայտուած է Իր սուրբ Օրէնքին պատուիրաններուն մէջ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 18, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018