ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:

Նախորդ գրութեամբ փորձեցինք տեսնել, թէ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ՚ըսէ փորձութեան մասին եւ քանի մը մէջբերումներ կատարեցինք, տալով որոշակի բացատրութիւններ մէջբերուած համարներուն վերաբերեալ: Արդարեւ, Աստուածաշունչին տուած լուսաբանութիւններուն շնորհիւ յստակ դարձաւ մեզի համար, թէ ի՞նչ է փորձութիւնը եւ ուրկէ՞ կու գայ փորձութիւնը:

Այս գրութեամբ, վերադառնալով մեր հիմնական նպատակին, որ է՝ բացատրել Տէրունական աղօթքը, պիտի փորձենք բացատրել «եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛» վերջին խնդրանքը: Այս խնդրանքը իր մէջ երկու երեսակներ ունի.

ա) Փորձութեան չենթարկուելու խնդրանք:

բ) Չարէն ազատելու խնդրանք:

ա) Փորձութեան չենթարկուելու խնդրանք. նախորդ խնդրանքին մէջ մեր գործած սխալներուն համար ներողութիւն խնդրեցինք, որով համարձակութիւն ստանալով, այս անգամ կը դիմենք մեր Երկնաւոր Հօր, որպէսզի թոյլ չտայ, որ փորձութեան մէջ իյնանք:

Քրիստոնեայ մարդուն համար փորձանքները անխուսափելի են եւ քրիստոնեայ հաւատացեալը չի՛ կրնար զերծ մնալ փորձութիւններէն, այնքան ատեն, որ որոշած է Աստուծոյ կամքին մէջ մնալ եւ աշխարհի վրայ իր ժամանակաւոր կեանքը ապրիլ՝ Աստուածահաճոյ կերպով: Փորձութիւններու ծնունդը կարելի է նկատել, մարդ արարածին աստուածային պատուիրաններուն եւ թելադրութիւններուն հակառակելու եւ չհնազանդելու պարագան: Երբ մարդ չի՛ հնազանդիր եւ կ՚անտեսէ ի վերուստ իրեն տրուած պատուիրաններն ու ուսուցումները, այդ կերպով ինքզինք փորձութեան կ՚ենթարկէ: Այսպէս, օրինակ, երբ մարդ իր ընկերոջ որեւէ մէկ օգտագործած իրը հաւնի. օրինակ՝ լաւ որակի գրիչ մը, պահու տակ մտածէ սեփականացնել, ատով ինքզինք փորձութեան ենթարկած կ՚ըլլայ, որովհետեւ Տիրոջ պատուիրանը, թէ՝ «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ որեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար» (Ելք 20.17), ճիշդ կերպով չէ հասկցած: Երբ մարդ անտեսէ այս պատուիրանը ըսելով՝ «եղածը ի՛նչ է որ, գրիչ մըն է, եթէ վերցնեմ, ինք տեղը տասը հատ ալ կրնայ ունենալ». այստեղ, սակայն, ունենալ կամ չունենալու հարցը չէ, այլեւ՝ աստուածային պատուիրանին հնազանդութիւնը եւ ճշգրիտ գործադրումը: Եթէ կը հաւատանք, որ Աստուած ամէն ինչի մէջ միայն մեր բարիքն է, որ կը կամենայ, հետեւաբար մեր առօրեայի ընթացքին ամէն ջանք պէտք է թափենք, որպէսզի հետեւինք Իր կողմէ մեզի տրուած պատուիրաններուն, ուսուցումներուն, թելադրութիւններուն, խրատներուն եւ նոյնիսկ հրահանգներուն:

Այս խնդրանքի առաջին մասը՝ «եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք», որով խորքին մէջ եթէ ուզենք՝ Աստուծմէ կը խնդրենք, որպէսզի մեզ առաւել եւս հաստատէ մեր հաւատքին մէջ, մեզի առաւել եւս իմաստութիւն շնորհէ, որպէսզի կարողանանք բարին ու չարը, լոյսն ու խաւարը, ճշմարիտն ու կեղծը (սուտը) իրարմէ զանազանել. բարին, լոյսն ու ճշմարիտը ընտրելով՝ քայլենք բարութեան, լոյսի եւ ճշմարտութեան ճանապարհներով, հասնելու համար գերագոյն Բարութեան, անմարելի Լոյսին եւ յաւիտենական Ճշմարտութեան: Մարդ երբ վստահ ըլլայ իր ունեցած հաւատարմութենէն Աստուծոյ նկատմամբ, այն ատեն համարձակութեամբ Դաւիթ սաղմոսասացի բառերով կը դիմէ Աստուծոյ՝ ըսելով.

«Տէ՛րն է հովիւս,

ուստի ոեւէ բանի կարօտ պիտի չմնամ։

Դալար արօտավայրերու մէջ կը մակաղեցնէ զիս,

հանգստարար ջուրերուն զիս կը տանի։

Կը վերանորոգէ զիս եւ ուղիղ ճամբաներէ կ՚առաջնորդէ,

որպէսզի իր անունը փառաւորուի։

Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ՚անցնիմ,

չարիքէ մը չեմ վախնար, Տէ՛ր, քանի դուն իմ հետս ես։

Քանի ցո՛ւպդ զիս կ՚առաջնորդէ եւ

գաւազանդ կը պաշտպանէ,

ես ինքզինքս ապահով կը զգամ։

Ինծի խնջոյքի սեղան կը պատրաստես

թշնամիներուս աչքին առջեւ.

իբրեւ պատիւ՝ անուշահոտ իւղով կ՚օծես գլուխս,

եւ բաժակս մինչեւ բերան կը լեցնես։

Տէ՜ր, վստահ եմ, որ բարութիւնդ եւ շնորհքդ

անպակաս պիտի ըլլան վրայէս՝

որպէսզի կեանքիս ամբողջ տեւողութեան տաճարիդ մէջ բնակիմ» (Սղ 23.1-6):

Այն մարդը, որ իր կեանքը Աստուծոյ յանձնած է, կատարեալ վստահութիւն ունի Աստուծոյ մարդասիրութեան եւ ողորմածութեան վրայ, իրեն հանդիպող բոլոր նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն մէջ հաւատքը չի՛ կորսընց-ներ, յոյսը չի՛ տկարացներ եւ չի՛ կասկածիր, ընդհակառակը, Յոբ Երանելիին եւ Յովսէփ Գեղեցիկին նման համբերութեամբ կը դիմակայէ ամէն տեսակի դժուարութիւն, միշտ յուսալով, որ Ամենակալը յարմար ժամանակին Իր արդարութեամբ պիտի օգնէ իրեն Իր նախախնամութեան համաձայն: Հետեւաբար, երբ մարդ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ թոյլ չտայ, որպէսզի փորձութեան մէջ իյնայ, այդպէսով Աստուծոյ օգնականութեանն է, որ կը դիմէ, որպէսզի Ամենաբարին Իր պահպանութիւնը բերէ իրեն վրայ, կարենալ տոկալու եւ յաղթահարելու ամէն տեսակի նեղութիւններու եւ փորձութիւններու:

Յակոբոս առաքեալ իր Ընդհանրական թուղթին մէջ փորձութեան տոկացողներուն մասին այսպէս կը գրէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զԻնք սիրողներուն» (Յկ 1.12). կը տեսնենք, թէ ըստ առաքեալին՝ փորձութեան համբերողին, տոկացողին եւ մա՛նաւանդ յաղթական դուրս եկողին, ի՜նչ երանութիւն կը սպասէ: «Յաղթական դուրս եկողը», կ՚ըսէ առաքեալը, շեշտելով յստակ ճշմարտութիւն մը, որ մարդ ինքնաքննութեամբ մի՛շտ պէտք է պատրաստ ըլլայ պայքարելու փորձութեան դէմ եւ յաղթելու, որովհետեւ մէկ փորձութիւն չէ, որ կը հանդիպի մարդուն, այլ՝ բազմաթիւ փորձութիւններ, այնքան ատեն որ ան հաստատ կերպով կը շարունակէ Աստուծոյ կամքին մէջ մնալ: Սակայն, պէտք է հաւատացեալ մարդը ուշադիր ըլլայ, որպէսզի հպարտութեան փորձութեան մէջ չիյնայ, որովհետեւ շատեր մէկ կամ երկու կամ նոյնիսկ երեք կամ աւելի փորձութիւններ յաղթահարելէ ետք, տարուած են մտածելու եւ նոյնիսկ կարծելու, թէ իրենք արդէն փորձութիւններուն յաղթելու վարժ դարձած են եւ ո՛չ մէկ փորձութիւն կրնայ զիրենք յաղթահարել: Այստեղ կ՚արժէ լսել, թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ կ՚ըսէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5). չարը՝ սատանան, շատ ատեն ճիշդ այդ պարագաներուն է, որ կը յաղթէ մարդուն, երբ ան կը հպարտանայ եւ կը սկսի ոգեւորուիլ իր տարած մի քանի յաղթանականերով: Այնպէս որ հաւատացեալ մարդը մի՛շտ պէտք է պատրաստ ըլլայ եւ իւրաքանչիւր յաղթահարած փորձութենէ ետք ինքզինք քննէ, որպէսզի հասկնայ, թէ տակաւին «Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը» կը զգա՞յ, եւ եթէ կը զգայ, դիմելով Անոր՝ ըսէ. «Տէր, անպիտան ծառայ մըն եմ, ինչ որ պարտաւոր էի կատարել՝ կատարեցի»:

բ) Չարէն ազատելու խնդրանք. Տէրունական աղօթքի վերջին խնդրանքի երկրորդ մասով, մեր Տէրն ու Փրկիչը կը սորվեցնէ մեզի Աստուծմէ խնդրել ըսելով՝ «այլ՝ մեզ չարէն ազատէ՛»: Ո՞վ է չարը. չարը սատանան է եւ անոր բոլոր արբանեակները: Լաւ Տէրը ինչո՞ւ կը սորվեցնէ մեզի Աստուծմէ խնդրել, որպէսզի մեզ «չարէն ազատէ»: Այս հարցումին պատասխանը կու տայ մեզի Պօղոս առաքեալ, երբ կ՚ըսէ. «Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք սատանային հնարքներուն դէմ դնել: Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ: Ուստի, Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենաք ետ մղել չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ընէք՝ կանգուն մնալու համար» (Եփ 6.11-13): Առաքեալին խօսքերը շատ պարզ ու յստակ կերպով կը բացատրեն մեզի, թէ ինչո՛ւ պէտք է Աստուծմէ խնդրենք, որպէսզի մեզ չարէն ազատէ: Սատանան՝ ամէն կերպով կ՚աշխատի, որպէսզի մարդիկը հեռացնէ Աստուծմէ, որպէսզի զանոնք յաւիտեանական դատապարտութեան արժանացնէ: Այդ կ՚ընէ նախանձի պատճառով, որովհետեւ չի՛ կրնար դիմանալ տեսնելու մարդը, թէ ինչպէս Աստուծոյ բարիքները կը վայելէ, մինչ ինք զրկուած ու դատապարտուած կը մնայ:

Երբ Աստուծմէ կը խնդենք, որպէսզի մեզ չարէն ազատէ, ատով Աստուծմէ զօրութիւն խնդրած կ՚ըլլանք, որպէսզի կարողանանք դէմ դնել ու պայքարիլ անոր դէմ: Այս ուղղութեամբ Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ եւ դէմ դրէք չարախօսին՝ սատանային, եւ հեռու պիտի փախչի ձեզմէ» (Յկ 4.7): Վերջին խնդրանքի առաջին մասը երբ բացատրեցինք վերի տողերուն մէջ՝ ըսինք, թէ երբ կը խնդրենք, որ Աստուած թյոլ չի տայ, որ փորձութեան մէջ իյնանք, ատով խնդրած կ՚ըլլանք հնազանդութիւն Իր պատուիրաններուն, ահաւասիկ առաքեալին այս խօսքերը կու գան նոյն ճշմարտութեան վկայութիւնը տալու, այս պարագային ամբողջ խնդրանքին կապակցութեամբ:

Չարէն ազատելու այլ հետաքրքրական կերպ մը կու տայ դարձեալ Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Բնաւ առիթ մի՛ տաք սատանային։ Ով որ գողութեամբ կ՚ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են։ Որեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն։ Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին։ Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար։ Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք ու հայհոյութիւն եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն։ Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի» (Եփ 4.27-32). պարզ ու յստակ է, երբ զգոյշ ըլլանք եւ չընենք այնպիսի բաներ, որոնք կը տրտմեցնեն «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար», այդպէսով մենք մեզ հեռու պահած կ՚ըլլանք չարէն եւ առիթ չենք տար անոր, որպէսզի մեզ փորձութեան մատնէ ու յաւիտենական հանգիստէն հեռացնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 17

Վաղարշապատ, 6 նոյեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018