ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԹԱՔՍԻԻՆ ՄԷՋ
-Աղիւսագործների փողոցը գիտէ՞ք,- կը հարցնէ հայրենադարձը վարորդին:
-Աղջիկ ճան, էն փողոցի անուն չեմ իմանում, գուցէ մի որոշ կենտրոնի անուն տաք, որ գնամ,- կը պատասխանէ վարորդը:
-Մէկ վայրկեան, google-ով գտնեմ ու ձեզի ցոյց տամ:
Ու իսկոյն նամակով ղրկուած հասցէն համացանցային փնտռտուքով կը գտնէ ու՝
-Ահաւասիկ, հրամեցէք, այստեղ է, որ կ՚ուզեմ երթալ:
-Հա, քուր ջան, ասացէք Քէարբիճների փողոց, մենք էդպէս ենք անուանում էդ փողոցը:
-Բայց միեւնոյնն է,- զարմացած կ՚արտայայտուի հայրենադարձը մտքին մէջ իր գիտցած թրքերէն այս բառին հայերէն հոմանիշը գտնելով,- քէարբիճին հայերէնը աղիւս է, աղիւսագործներ...
... Ու լեզուներու հոմանիշները կը տողանցեն, ու կը բացայայտուի, որ աղիւս բառին թրքերէն ու ռուսերէն (кирпич) իմաստները՝ նոյնն են, ու՝
-Էնպէ՞ս է, չէի իմանում, որ աղիւսը քէարբիճն է, ես էլ կարծում էի, թէ աղիւսագործից է առաջ եկել Արուսեակ անունը, հահահա,- վարորդը կը շարունակէ կատակելով դարձնել մեքենային ղեկը:
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ
Հայրենադարձ կին մը հանրակառք կը բարձրանայ ու կը բազմի տատիկի մը կողքին: Ցրտաշունչ ձմրան նշմարները նկատելի են, պողոտային մերկացած ծառերուն տեսքն ու գունագեղ տերեւներուն վրայ անոնց սլացքը հրաշալի պաստառ մը կը գծէ եւ յարափոփոխ տեսարանները հանրակառքին երկու կողմերը կը զարդարեն: Ցրտահարած հայրենադարձը պահ մը նստելէ ետք կը ջերմանայ կարծես ու կը սկսի ըմբոշխնել արտաքին տեսարանը, բայց՝
-Ցուրտ ա, չէ՞,- զրոյցը կը սկսի տատիկը:
-Այո, կարծես ձիւն պիտի տեղայ,- կը պատասխանէ հայրենադարձը:
-Ձեր Սիրիայում էսպէս ցուրտ չէ՞ր լինի:
Կ՚ըլլար, բայց ոչ այս աստիճան:
-Ի՞նչ էք մտածում, չէ՞ք վերադառնայ. ասում են խաղաղել է էնտեղ, պատերազմը աւարտուել է, մարդիկ նախկինի նման աշխատում ու ապրում են. էստեղ ի՞նչ կայ, օր ու գիշեր աշխատես, չես կարա մի պատառ հացից էւել փող վաստկես. ես ձեր տեղը լինէի, մի րոպէ էստեղ չէի մնայ, կը գնայի: Համ էլ էնտեղ տուն ունէք, էնպէս չէ՞, ինչի՞ էստեղ վարձով նստէք, էն էլ ինչ թա՜նկ վարձ. մեր երեխէքն էլ չեն դիմանում, գնում են արտասահման, Ռուսաստան, որ փող աշխատեն...,- տատիկը նկատելով հայրենադարձին անտարբերութիւնը, հարցումին տարբեր շեշտ մը տալով,- դուք ինչի՞ համար չէք պատասխանում, չէ՞ք ուզում գնալ,- հետաքրքիր տատիկը պատասխան մը ստանալու համար կը հարցնէ:
-Մենք երթանք, երեխէքը գնան...,- կը կմկմայ հայրենադարձը, ու,- Մենք եկանք, որ դո՛ւք երթաք,- զայրացած կը պատասխանէ:
ՄԱՅԹԵԶՐԻՆ
Մաշտոցի պողոտային՝ մայթեզրի մը վրայ, խումբ մը աղանդաւորներ կանգնած, ցուցատախտակի մը վրայ շարած իրենց հրատարակութիւնները կը ցուցադրեն ու այսպիսով ընթացք կու տան իրենց քարոզարշաւին. ու ահա երիտասարդ մը, հոնկէ անցած միջոցին, ոտքի հարուածով մը կը գլորէ ցուցատախտակը, ուրկէ գիրքերը գետին կը թափթփին, սակայն երիտասարդը, սառնասրտութեամբ`դէմքին վրայ ոչ մէկ փոխուած արտայայտութեամբ, կը շարունակէ ճամբան, մինչ աղանդաւորներէն մէկը առձեռնով կը նկարէ երիտասարդը, որ սակայն դէմքը չ՚երեւիր:
Քիչ անդին, հայրենադարձ մը կը փրփրի ի տես այս երեւոյթին եւ կարծես դրդապատճառի մը կը սպասէր, որ ինք եւս իր զայրոյթը թափէր այս յոռի երեւոյթները հարուածելու, ու կը մօտենայ, թափթփած գիրքերը կ՚ոտնակոխէ եւ երբ կը նկատէ զինք նկարող մը՝
-Նկարէ՛, նկարէ՛, թող ամէն մարդ տեսնէ, որ ժողովուրդը դէմ է Եհովայի վկաներուն, դէմ է աղանդաւորներուն, թող վերջ գտնէ անոնց գործունէութիւնը հոս...,- կարմրած դէմքով կը գոռայ ան, մինչ չորս դին կանգնածները ակնապիշ կը հետեւին իրեն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ