ՊԷՅՐՈՒԹԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ Կ՚ՈՒԶԵՆ ԵՐԵՒԱՆ ԳԱՂԹԵԼ. Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Բազմաթիւ հարթակներու վրայ վերջին ամիսներուն ընթացք առաւ խօսակցութիւն մը, որուն հիմամբ մեծ թիւով լիբանանահայեր մտադիր են լքել իրենց ծննդավայրը եւ հաստատուիլ հայրենիք՝ Հայաստան։

Այս նիւթի վերաբերեալ խօսակցութիւնները մեծ աշխուժութիւն կ՚արձանագրէին յատկապէս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» զուգահեռ։ Որքանով այդ մէկը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքին հետ, որուն հիմամբ եղած յեղափոխութիւնը առիթ պիտի ստեղծէր, որպէսզի լիբանանահայեր աւելի մեծ հաւատք ունենային Հայաստանի նկատմամբ՝ ցարդ պարզ չէր, սակայն բացորոշ իրականութիւն էր, որ զանազան հանագամանքներու բերումով լիբանանեան «հայրենիք»ը հայերուն համար սկսած է դառնալ «չարաբախտ երազի» երկիր մը։ Խօսքը այդ երկիրը քայքայած քաղաքացիական պատերազմէն ետք ընթացք առած փուլին մասին է, որ կը յատկանշուէր ընկերային անարդարութեամբ, կենսոլորտի, քաղաքացիական անհանդուրժողութեան եւ դաւանական խտրականութեան բաւական բարդ հարցերով։ Հարկ է յիշեցնել, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան հայութիւնը իր ամենատարբեր շերտերով յաջողեցաւ պահպանել իր չէզոք դիրքերը՝ հանրութեան կողմէ ալ արժանի դառնալով համակ սիրոյ եւ յարգանքի։ Լիբանանի մէջ հայութեան որդեգրած կեցուածքը կը պսակուէր յաջողութեամբ ու այդ առումով ալ լիբանանցիներ ամրագրելով հայութեան դրական կեցուածքը, այդ մօտեցումին կու տային «դրական չէզոքութիւն» խորագիրը։

Այսօր անցեալի Լիբանանը չկայ այլեւս։ Երկիրը կանգնած է բաւականին բարդ խնդիրներու, քաղաքական-դաւանական բաժանումներու, աւելի՛ն, կենսոլորտային բարդ հարցերու առաջ եւ այդ առումով ալ առկայ հարցերը կը ստիպեն, որ մարդիկ, լիբանանցի քաղաքացիներ ստիպուած ըլլան վերատեսութեան ենթարկել իրենց մօտեցումները ու այդ պատճառով ալ վճիռ տալ երկրէն ընդմիշտ հեռանալու։

Ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը օրինակ մըն է, այն հարիւրներէն, որոնք այսօր վճռած են ամէն գնով լքել Լիբանանը եւ այս պարագային հաստատուիլ Հայաստանի մէջ։

*

Ստորեւ պէյրութահայ Ռոպերթ Պզտիկեանին հետ կատարուած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը, ուր երիտասարդ հայորդին կը խօսի Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին, առկայ հարցերուն, ինչպէս նաեւ իր այդ երկրէն հեռանալու որոշումին մասին։

-Վերջին շրջանին շատ կը լսենք, որ լիբանանահայեր կ՚ուզեն վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ, որքանո՞վ ճիշդ են այս խօսակցութիւնները եւ ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին։

-Այո՛, այդպէս է, Հայաստան տեղափոխուելու շարժումը զարմանալի ձեւով շատ աշխուժացած է։ Վերջին երկու-երեք ամիսներու ընթացքին արդէն Երեւան հաստատուեցան իմ ծանօթներէն շատեր, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են: Կրնամ ըսել, թէ Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը կ՚առնեն մեծ մասամբ 18-էն 30 տարեկանները, որոնց համար անշուշտ աւելի է դիւրին է։ Իսկ մեծահասակները քիչ մը վախով կը մօտենան տեղափոխութեան։ Անշուշտ կան չափահասներ ալ, որոնք իրենց ընտանիքներով արդէն իսկ փոխադրուած են Երեւան: Եթէ կայ որոշ վերապահութիւն մըն ալ, այդ մէկը կապ ունի Հայաստանի պայմաններուն ծանօթ չըլլալուն հետ։ Սակայն ընդհանրապէս երբ առաջին անգամ Երեւան կ՚այցելեն, անոնց մօտեցումը կը փոխուի, կը սկսին մտածել՝ եթէ ոչ հաստատուելու, գոնէ հող մը կամ տուն մը գնելու մասին:

Իմ կարծիքով՝ այն լիբանանահայերը, որոնք փափաք ունին հայրենադարձուելու, պէտք է ջանք ընեն, աշխատանք տանին այդ ուղղութեամբ եւ չլսեն՝ Հայաստանի մէջ գործ չըլլալու մասին յաճախ կրկնուող խօսքերը, որովհետեւ ամէն մարդ իր անձնական փորձը ունի այդ առումով: Շատեր կան, որ հիմա Հայաստանի մէջ իրենց Լիբանանի կեանքէն աւելի նուազ պայմաններու մէջ կ՚ապրին, այդուհանդերձ գոհ են, կ՚ըսեն, որ կ՚ուզեն Հայաստանի մէջ շարունակել իրենց կեանքը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ այլեւս միայն նիւթականի կամ ապրուստի հարցերը չկան, այլ կան ընկերային խնդիրներ:

-Քու կարծիքով՝ ի՞նչն է պատճառը, որ Լիբանանի վիճակը լաւ չէ կամ՝ վատ է։

-Ինչպէս ըսի, միայն Լիբանանի տնտեսական անկայունութեան կամ նիւթական խնդիրները չեն, հարցը անկէ ա՛լ աւելի խոր է, առաւելապէս ընկերային բնոյթ ունի։ Պէյրութի մէջ ստեղծուած միջավայրի խնդիրն է եւ հոս հարց մը կը ծագի, թէ մենք որպէս լիբանանահայեր այսօր կրնա՞նք այդ միջավայրին մէջ ապրիլ, թէ ոչ, այդ է հարցումը։ Կառավարութիւնը այսօր իր քաղաքացիներուն արժանապատուօրէն ապրելու դիւրութիւններ կ՚ապահովէ՞, թէ ոչ։ Ենթադրենք դուն ապրեցար, բայց յետոյ՝ քու զաւակդ պիտի կարենա՞յ ապագայ ունենալ այդ քաղաքին մէջ, թէ ոչ։ Ասոնք են անպատեհութիւնները:

-Որո՞նք են այն պայմանները, որոնք պատճառ կը դառնան ըսելու, թէ Լիբանանի մէջ կեանքի մակարդակը վատացած է։

-Այսօր Լիբանանի մէջ ամենապարզ մարդկային կարիքները չեն ապահովուած։ Մենք ամէն ինչին փոխարինող միջոց գտած եւ մենք մեզ համոզած ենք, որ սովորական է այս վիճակը, բնական է. բայց այդպէս չէ: Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւնը, ջուրը, հեռախօսը, համացանցը լուրջ հարցեր են եւ մաս կը կազմեն քաղաքացիներու առօրեայ մտահոգութիւններուն, մինչ շատ այլ երկիրներու մէջ քաղաքացիները նման հարցերու մասին չեն մտածեր: Օրինակ՝ համացանցի հասանելիութեան պարագան, կամ մանաւանդ ելեկտրականութեան հարցը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մնալ տագնապալի։ Պատկերացուցէք, որ պետութիւնը օրական կտրուածքով միայն 4-6 ժամ ելեկտրականութիւն կը տրամադրէ ու այդ պատճառով ալ քաղաքացին կը ստիպուի ապօրինի եւ անձնական ընկերութիւններէ ելեկտրականութիւն գնելու: Իսկ երկրի չքաւոր դասակարգը, որ այսօր մեծ տոկոս կը կազմէ Լիբանանի մէջ, այդ այլընտրանքային միջոցներէն օգտուելու կարելիութիւն չունի։ Այս բոլոր խնդիրներու անլուծելի մնալու կողքին, միւս կողմէ օտարերկրացիներու եւ փախստականներու թիւը կը շարունակէ աճիլ։ Այսօր Լիբանանի բնակչութեան 30-40 տոկոսը օտարներ են: Այս կէտին խնդիրը օտարի հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը չէ, բայց անոնց մեծ քանակութեամբ ներկայութիւնը քաղաքի ընդհանուր միջավայրին, մթնոլորտին վրայ սկսած է ազդել, Պէյրութի դիմագիծը սկսած է աղաւաղուիլ: Եւ այս մէկը դարձեալ կ՚ուզեմ շեշտել, այդ օտարները չսիրելու կամ անոնց ներկայութիւնը չհանդուրժելու հարց չէ, խնդիրը այն է, որ այդ օտարերկրացիները բազմազան են, տասն տեսակ ժողովուրդ իրարու հետ կ՚ապրին, իրենց համար նոր տեսակ ընկերութիւն մը (Society) կը ստեղծեն։ Մինչ այդ կը ստեղծուին «նոր տեսակի» մարդիկ, որոնք ո՛չ մտածելակերպ ունին, ո՛չ կը մտածեն քաղաքին մասին… Նման միջավայրը եւ մթնոլորտը արդէն օտար է բնիկ լիբանանցիին համար:

-Իսկ համայնքին մէջ ի՞նչ կը խօսուի, քու կարծիքով՝ լիբանանահայութիւնը ի՞նչ կը մտածէ: Ի՞նչ կը լսես համայնքի զանազան շրջանակներէն:

-Հայկական համայնքը, իմ կարծիքով, միասնական ըլլալու հարց ունի տակաւին, անջատողական մտածելակերպ կայ հայութեան մէջ, որպէս համայնք կեդրոնացուած չենք, նոյնիսկ Պուրճ Համուտը, որ հայերու կեդրոնն էր, այլեւս այդպէս չէ, եթէ համայնքի ղեկավարները կը փորձեն ինքզինքնին համոզել, թէ Պուրճ Համուտը հայերուս կեդրոնն է, բայց գետնի վրայ իրավիճակը այդպէս չէ: Շատ բան փոխուած է, հայութիւնը անցեալին ինքզինք ապահովուած կը զգար իր տարածքէն ներս, բայց այսօր այդպէս չէ, հայութեան թիւն ալ նօսրացած է. այսօր բազմաթիւ օտարներ կան Պուրճ Համուտի մէջ։ Իսկ որպէս օրինակ կրնամ յիշել անցեալ ամիս պատահած միջադէպը, որու ընթացքին հայ մը սպաննուեցաւ։ Այդ մէջադէպը պարզ դէպք մըն էր, երկու հայու միջեւ ալ կրնար պատահիլ, հարցը այն չէ, խնդիրը այն է, որ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխելու մասին, ապագայի մասին մտածող չկայ եւ այստեղ յանցաւորը միայն ղեկավարութիւը չէ, այլ նաեւ ժողովուրդը, որ իրենց տուները օտարներու վարձու կու տան:

-Վերոյիշեալ կարեւոր տուեալ մը ըսիր, թէ մեծամասնութեամբ երիտասարդները կը հեռանան Պէյրութէն։ Քու կարծիքով՝ այս ընթացքով լիբանանահայութիւնը կը տուժէ՞:

-Վերջին տարիներուն լիբանանահայութիւնը շատ տուժեց եւ երկար ժամանակի վրայ աւելի պիտի տուժէ։ Նուազած է համայնքի թիւը, գաղթողները ընդհանրապէս երիտասարդեր են եւ անոնց քանակը օրէ օր կը շատնայ, նոյնիսկ Լիբանանը շատ սիրողները սկսած են մտածել Հայաստան փոխադրուելու մասին, այսինքն գաղութի ապագան խոստմնալից չէ, մարդիկ ամէն գնով կ՚ուզեն երթալ, թէկուզ իրենց վիճակը չի ներեր։ Շատեր կ՚ուզեն լքել Լիբանանը, քանի որ քաղաքը իրենց նուազագոյն կարիքները չի կրնար հոգալ։ Անշուշտ այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել, որ մեզի՝ հայերուս համար անկախ հայրենիք մը ունենալու փաստը մեծապէս կը դիւրացնէ Լիբանանէն վերջանականապէս հեռանալու մասին որոշում առնելու ընտրանքը։ Մենք այլ ուղղութիւն պէտք չէ ունենանք եւ անպայման մեր բոլորին ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ դէպի Հայաստան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018