ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ
Այս օրերուն, երբ նոր տարին կը մօտենայ ու հինը կամաց-կամաց ինքզինք հաւաքելով կը պատրաստուի հեռանալ եւ այսպէսով՝ պատմութեան անցնիլ, այս առթիւ առաջին իսկ հերթին, կը մտաբերեմ մեր բոլոր այն մշակութասէրներն ու հայ գիրի ու գրականութեան լուռ կամ աղմկոտ գնահատողներն ու քաջալերողները, այլ խօսքով՝ հայ մամուլի եւ գիրքի տարածման հետեւող եւ նպաստող ընթերցող մեր հայրենակիցները, որոնք իրենց ընթերցումներով տարի մը եւս հայ գիրի տարածումն ու պահպանումը ապահովեցին։
Այսօր, նման մտածումներովս կ՚ուզեմ որսալ ուրախութիւնը այն մէկուն ներկայութեան, որուն հայ ընթերցող անունը կու տանք:
Ու նորութիւն մը բերած պիտի չըլլամ, երբ յեշեմ, որ հայ գրողը, ըլլայ ան հայ մամուլի անխոնջ խմբագիր, թղթակից կամ աշխատակից եւ տակաւին մտաւորական եւ կամ զանազան առիթներով գրաւոր կերպով իր միտքերը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնող եւ բաժնող գրիչ, եթէ չ՚ունենար ճերմակ թուղթին վրայ սեւով գրուած իր տողերը կարդացողը կամ ընթերցողը, հաւատացէ՛ք ժամանակ մը վերջ, հայ գիրի ակօսները վար ու ցան ընողներու թիւը պիտի նօսրանար։
Ահա կ՚ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։
Ու մատս դնելով օրերու բազկերակին վրայ, նաեւ աւելցնեմ, որ ինծի համար շատ հետաքրքիր մէկն է մեզի ծանօթ եւ անծանօթ այս մեր հայ անհատ ընթերցողը, որ միշտ «կը խածնէ» միտքս եւ կը գրաւէ ուղեղս։ Որովհետեւ անոր կերպարը շատ աւելի լայն սահմաններ ունի, քան ինչ որ գիտեմ:
Այս մէկը կարծեմ բարերար եւ սոսկ գնահատումէ մը աւելի է, որ հասցէագրած եմ մեր այս հայ գիրի հաւատարիմ հայուն։
Գիտենք եւ լաւատեղեակ ենք, որ մարդիկ ընդհանրապէս կ՚ընթերցեն իրենց ազատ կամ նոյնիսկ զբաղ ժամերուն։ Իրենց նախասիրութեան համաձայն, լրագիր կամ ամսաթերթ կը կարդան, հատոր կամ վէպ կ՚ընթերցեն: Կը կարդան, երբեմն արագ եւ յաճախ ալ թերեւս դանդաղ։ Կը կարդան, թերեւս միայն յօդուածներու վերնագիրները: Վերջապէս կը կարդան, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր խմորն ու ճաշակը։ Որովհետեւ կը սիրեն կարդալ եւ հետեւիլ։ Բայց հայ թերթ կարդացողներու պարագային, անոնք հայ թերթ կը կարդան որովհետեւ կը հաւատան, որ հայ լուրը հայ ընթերցողին հասցնող հայ մամուլը, իրենց մտքին թելը կը բռնէ եւ այս ձեւով զիրենք ազգին խուլ ցաւերուն եւ նոյնպէս ալ ուրախ կանչերուն կը միացնէ:
Իսկ գիրքի կամ հատորի պարագային՝ իրենց ընթերցումով, ապրումները ժողվելով միատեղ կամուրջ մը կը նետուի հեղինակին եւ իրենց միջեւ։ Այս պարագային ընթերցումը, միտք կը փոխանցէ։ Կարծիք կը կազմէ եւ գաղափարները լճացումէ կը փրկէ։
Ասոնք բոլորն ալ ձեւով մը կեանք կը կարդան։ Գունաւոր կենդանութիւն։ Որովհետեւ կը հաւատան, որ առանց ընթերցողի գիրքը, էջերու վրայ տողերու հաւաքածոյ մըն է։ Ուրեմն՝ գիրք, օրաթերթ, ամսաթերթ, հեռաձայնային եւ կամ ֆէյսպուքեան պատգամներ այս բոլորը կը պատկանին ընթերցող հասարակութեան: Միւս կողմէ կրնանք նաեւ հաստատել, որ եթէ մեր մամուլը կ՚ապրի, սա կը նշանակէ, որ ունի իր հաւատարիմ պահակը՝ ընթերցողը:
Պատիւ իրեն։
Բայց անկախ այս բոլորէն, անշուշտ այս սիւնակին գլխաւոր միտքը չէ կեդրոնացած ակամայ ընթերցողի ճակտին, այլեւ անպայման՝ ա՛յն մէկուն, որ միշտ կը հետեւի հայ մամուլին։ Ան հայ թերթ կը գնէ կամ նամակատան եւ այլ միջոցով զայն կը ստանայ։ Կամ՝ հայերէն գիրք կը գնէ եւ միշտ ներկայ կ՚ըլլայ անոր հրապարակային շնորհանդէսներուն եւ գինեձօններուն:
Մէկ խօսքով, դրական կերպով կը քաջալերէ:
Ահա այս մէկն է իրաւ ընթերցողը, որուն բացակայութեան հաւատացէ՛ք ամէն «բան պիտի խամրէր, լճանար, չորնար»:
Տակաւին կը յիշեմ, երբ տարիներ առաջ այս երկիրը նոր հաստատուեցանք, զարմանքով կը տեսնէի օդակայաններու կամ հանրային պարտէզներու նստարանները գրաւող մարդիկ՝ իրենց ժամերը ընթերցելով կը վատնէին: Մեծ եւ պզտիկ։ Հասկնալի էր, որ այս երկրի կեանքի պարզ ոճին մաս կը կազմէր այս մէկը: Անմիջականութիւն մը:
Կարդալ։ Ընթերցել։ Կը հաւատամ, որ գիրք կամ թերթ կարդալու հաճոյքը մտքի վայելք ալ է: Կը նորոգէ գաղափարները։ Մէկ խօսքով «ճառագայթ» մը, որ ամէն մտահոգ կամ գիտակից միտք կ՚ուզէ փնտռել: Կը փնտռէ: Անոր համար է, որ հաճոյքով «կը ճաշակէ» իր կարդացած տողերը: Իր միտքով կը սկսի հարստանալ: Տեսակ մը «ծարաւ»ը յագեցնող հետաքրքրութիւն:
Արդ գրիչը, ըլլայ ան հայ կամ օտար, նոյնն է, իր հրապոյրը կը ստանայ իր ընթերցողէն:
Այս բոլորը յաճախ կը զգանք, բայց յաճախ ալ չենք հասկնար, որ ընթերցելը ոգի ալ է եւ նոյնիսկ երկնքի եւ լոյսի պատուհանները բացող ջերմութիւն՝ ինչպէս ըսած են իմաստունները։ Չեմ փորձեր աշխարհը համոզել։
Իսկ այս օրերուն… ժամանակը արդէն արագացած է եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է։ Վախս է, որ առանց ընթերցողի, վաղը հետզհետէ հորիզոնները պիտի նեղնան։ Ուստի հայ գիրին ու գիրքին կողքին նաեւ անհրաժեշտ է, ունենալ հայ ընթերցողի տեւական ներկայութիւնը, որպէսզի շարունակենք պարիսպը։
Բայց կան…, փառք Աստուծոյ տակաւին կան ընթերցողներ, որոնք հաւատարմօրէն կը շարունակեն իրենց այս օրինակելի ընթացքը։ Անկասկած, որ այս վերջինները իրենց ներուժը ստացած են մեր մշակոյթէն, իրենց կորովը՝ հայ լեզուէն, հայ գիրէն եւ գրականութենէն։
Միւս կողմէ, իսկապէս, կը կարծեմ, որ ամէն առիթով գնահատելով հայ ընթերցողը, մենք մեր տարբեր ժողովուրդ մը ըլլալը կը հաստատենք։ Հայը երբեք անտարբեր չէ եղած իր զաւակներուն ստեղծագործ ճիգերուն հանդէպ։ Հայ գրական երեւակայութեամբ զբաղուողները տակաւին կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, այնքան ատեն, որ իրենց կողքին ունին հայ հաւատարիմ ընթերցողները։
Արդ, եթէ մեր կեանքին մէջ երախտագիտութեան գիտակցութիւնը եւ արժէքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը յատուկ բարեմաստութիւններ են եւ մարդը բնորոշող ազնիւ տարր, ուստի այս երկար նախաբանէս ետք, սէրս ու յարգանքս՝ արժանաւորին, այս պարագային հայ ընթերցողին, որուն գիտակցութիւնը հոգեկան վայելք եւ խանդավառութիւն կը շնորհէ հայ գրիչին։
Եւ աւելին՝ կառչած մնալով եւ ճանչնալով ճշմարտութիւնը, ի սրտէ բիւր յարգանք՝ հայ ընթերցողին ու նաե՛ւ շնորհակալութիւն ե՛ւ բարերար գնահատում ու երախտագիտութիւն՝ որպէսզի հայ գիրին եւ գրականութեան երազը իր ներկայութեամբ եւ զօրակցութեամբ տեւական եւ ամուր կեանքով ապրին։
Կրկնելու գնով աւելցնեմ, որ հայ միտքն ու ջիղը միշտ լծուած են աշխատանքի։ Էականը զանոնք քաջալերողն է։
Ուստի վարձքդ կատար սիրելի եւ յարգելի հայ ընթերցող։ Քեզի միշտ բարի ընթերցում։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ