«ԻՆՉՊԷ՞Ս ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՓՈԽՈՒԻԼ»

«Դուն այն չես՝ որ կը խորհիս թէ կրնաս մնալ նոյնը մինչեւ վերջ. ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան»։
Ժողովրդային ասացուածք

Արնոլտ Շուացնեկըր ամերիկացի ծանօթ եւ համբաւ վաստակած Հոլիվուտի դերասան է, որ առաւելաբար կը մարմնաւորէ արկածախնդրական ժապաւէններ։ Եթէ ան ատակ է այդ տեսակի ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնելու, բայց նաեւ որովհետեւ կը յենու երեւի իր ֆիզիքական ուժին եւ մարմնի մկաններուն եւ անոնց ցուցադրութեանը։ Եւ իր այդ ուժը (եւ չափազանցուած ձեւով), ան դերեր կը ստանձնէ իր ֆիլմերուն մէջ, ուր կրնայ դէմ դնել ամբողջ բանակի մը եւ «ջախջախել» բոլորը։ Եւ ինչ խօսք, որ սինեմարուեստի սիրահարներուն մօտ ան ունի (եւ երեւի ունեցաւ) երկրպագուներ, որոնք կը հիանան իր խաղարկութեան, թէ՛ մկաններու ու ֆիզիքական ուժի ցուցադրութեանը։

Արնոլտ ժամանակ մը եղաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիայի նահանգի կառավարիչ։ Եւ իր այդ պաշտօնի եւ դիրքի օրերուն ան հիմնած է մեծ պանդոկ մը, որուն առջեւ նաեւ կառուցած է իր արձանը։ Երեւի յաւերժանալու եւ յաւերժացնելու համար իր անունը…։ Եւ արձանը, որ ցոյց կու տայ իր մկանները եւ մարմնի ուժը։ Այն՝ որուն վրայ ան հիմնեց իր բոլոր ասպարէզային այսպէս ըսած «յաջողութիւնները» եւ գոհացուց իր երկրպագուները։ Եւ այդ օրերուն, երբ տակաւին կառավարիչ էր, պանդոկի տնօրէնութիւնը չէր ուշացած իր հիացմունքը ցոյց տալու Արնոլտին եւ ըսած. «Երբ որ ուզէք գալ եւ հան-գըստանալ՝այս պանդոկը ձերն է»։

Եւ եկած է օրը։ Եւ տարիներու գլորումին հետ՝գլորած գացած է նաեւ Արնոլտի պատասխանատու պաշտօնը եւ դիրքը ու երեւի այսպէս ըսած իր ֆիզիքական ուժը եւ մկանները, որոնք կորսնցուցած են երբեմնի հիացմունքի այդ ուշադրութիւնը։ Եւ երբ Արնոլտ օր մը ուզած է պանդոկ իջեւանել՝ստացած է պատասխանը. «Պանդոկին մէջ տեղ չկայ»։

Արնոլտին բարկութիւնը (թէ նեղութիւնը) եւ կամ ալ սրտին ցա՞ւը։ Ան որոշած է իր արձանին տակ փռել վերմակ մը եւ պառկիլ նոյնինքն այդ տեղը…։ Այս ընելով, երեւի ուզեց ան արտայայտել իր զայրոյթը եւ բարկութիւնը։ «Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ», ըսած է Արնոլտ։

«Երբ պատասխանատու դիրքի վրայ էի», կը շարունակէ Արնոլտ, «մարդիկ զիս կը յարգէին։ Բայց հիմա որ դիրքի վրայ չեմ՝ մարդիկ զիս մոռցած են։ Մի՛ վստահիք ոչ ձեր դիրքին, ոչ ալ դրամին, ոչ ալ ուժին եւ ոչ ալ մտքին։ Ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան», եզրակացուցած է Արնոլտ։

Ուրեմն ի՞նչ բանի պէտք է վստահիլ…։ Եւ ի՞նչ բան կը մնայ յաւիտեան…։

Բայց կայ ուրիշ իրական կեանքէ տարբերակ մը, որ իմ փորձառութեան մէջէն է եւ ոչ ալ քաղուած ընկերային տեղեկատուութեան միջոցառումներէն՝ ինչպէս որ էր Արնոլտին պատմութիւնը։

***

Օգոստոս 2018, Ուելինկթըն, Նոր Զելանտա։ Պիտի խօսէի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ներկայութեան մասին, եւ Աստուածաշունչի առաքելութիւնը այդ տարածքաշրջանի մէջ։ Կազմակերպողը Նոր Զելանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր գրասենեակն էր եւ որուն հրաւիրուած էին մայրաքաղաքի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդ։ Ինծի նաեւ իմացուցին, թէ Նոր Զելանտայի Կաթողիկէ համայնքի Կարտինալ-առաջնորդ՝ Ճոն Տիու արքեպիսկոպոսը նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ ելոյթին։

Երբ սրահը սկսաւ լեցուիլ, բայց ես կ՚ուզէի տեսնել, թէ ո՞ւր պիտի նստէր կարտինալը, որովհետեւ ոչ մէկ տեսակի կարգադրութիւն տեղի ունեցած էր այս առընչութեամբ։ Բայց չէ՞ որ ես կու գայի Միջին Արեւելքէն ու տակաւին Պէյրութէն, ուր համայնքային դրութիւնը եւ անոր հետ առընչուած ամէն տեսակի «փրոթոքոլային» կարգավիճակները պէտք էր ըստ պատշաճի կազմակերպուէր։

Ելոյթէն տասը վայրկեան առաջ սրահէն ներս մտաւ կարտինալը։ Վիզէն կախած էր խաչը եւ ունէր կղերականի օձիքը։ Միայն այդքան։ Եկած էր իր անձնական ինքնաշարժով եւ առանց վարորդի։ «Կրցայ տեղ մը գտնել եւ ինքնաշարժս կառատունի մէջ շարել»,- ըսաւ կարտինալը,- «Բաւական խճողուած էր»։

Ինծի համար այս բոլորը նոր երեւոյթներ էին եւ երեւի տարօրինակ։ Եւ դարձեալ մեկնելով իմ միջինարեւելեան կենցաղէն եւ պատշաճեցումներէն։ Բայց պէտք էր սպասէի տակաւին աւելի անակնկալներու։

Կարտինալը առանց ուղեկցութեան նստաւ ժողովուրդին հետ եւ երրորդ շարքին մէջ։ Եւ ինձմէ խնդրուեցաւ, որ ես նստիմ առաջին շարքը, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ բեմ բարձրանալը, նկատի ունենալով որ պէտք էր դասախօսէի։ Բայց, ինչ խօսք, այդ մէկը եղաւ մեծ մարտահրաւէր մը՝ չըսելու համար ճգնաժամ։ Ես առաջին շարք, իսկ կարտինալը… երրո՞րդ։

Դասախօսութենէ ետք՝ կարտինալէն խնդրեցին, որ յատուկ աղօթք մը մատուցէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ներկայութեան համար։ Թէ՛ աղօթքը եւ թէ աղօթքին մէջէն դուրս եկած կարտինալին հոգին, ցոյց տուին անոր քրիստոնէական ու հոգեւոր զօրաւոր գիտակցութիւնը եւ հիմքը։ Շատ յստակ էր, թէ կարտինալին համար ի՛նչ էին իր կեանքի առաջնահերթութիւնները եւ թէ ի՛նչ արժէքներ կ՚ուզէր ան փոխանցել ժողովուրդին եւ համայնքին։

Ելոյթէն ետք ուզեցի խօսիլ կարտինալին հետ։ Ուզեցի լսել անոր կենցաղին, բայց նաեւ կեանքին եւ հաւատամքին մասին։ Եւ իր կեանքի կոչումը եւ ծառայութիւնը ան դրաւ նաեւ մէկ նախադասութեան մը մէջ, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Ես պարզ KIWI BLOKE մըն եմ»։ Քիուին՝ Նոր Զելանտայի ազգային խորհրդանիշ թռչունն է։ Իսկ Պլոքը՝ բարբառ է, որուն արտայայտութիւն-նշանակութիւնը կը պարփակէ որպէս «պարզ անհատ»։ Ան՝ կարտինալը Նոր Զելանտայի իր ժողովուրդին, ինքզինք խորհրդանշեց իր երկրի ազգային թռչունովը՝պարզ անհատն է…։

Ու դարձեալ հարցումը. «Ի՞նչ բանի վստահիլ»։

Վստահիլ անոր, որ կը փոխուի ժամանակի հետ եւ յաւիտեան չի մնար։ Թէ Այն՝ ու Անոր՝որ մնայուն Արժէք է եւ որ կը մնայ յաւիտեան։

***

2018 տարին արդէն անցաւ պատմութեան առանցքին։ Եւ այս շրջանին միշտ ալ հետամուտ ենք նայելու անցած տարուան եւ երեւի տարիներուն եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ շահեցանք ու կեանքէն ի՞նչ մնաց…։

Եւ այս հարցումներուն մէջէն կ՚արժէ միանալ մեծ բանաստեղծին եւ անոր նոյնքան մեծ հարցումին. «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց…»։ Բայց ունինք ապահովութիւնը, թէ այս հարցումը անպատասխան չմնաց։ Եւ դարձեալ բանաստեղծը՝ «այն որ տուի ուրիշին…»։

Եւ բանաստեղծին պատասխանը իրական է եւ ոչ երբեք երեւակայական եւ կամ անհասանելի։ Որովհետեւ կայ մեծ ապրող օրինակը «ուրիշին տալու» իրականութեանը մէջ։ Եւ այս՝ մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը՝ Աստուծոյ մարդեղութեամբ իրականացած օրինակն է։ Հոն ուր Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ իր կեանքը «ուրիշին տուաւ», որպէսզի «ուրիշ»ը աւելի նոր եւ աւելի տարբեր եւ յաւիտենական (ու ժամանակին հետ չվերջացող) կեանք մը ունենայ։ Եւ այս նոր կեանքը մեծ Արժէքի վրայ հիմնուած է՝ ուր «ուրիշը»՝ ես, դուն եւ բոլորս, այս Արժէքով կը նորոգուինք եւ նոր կեանք կը ստանանք ու կը դառնանք նոր ու նորոգուած մարդ։ Եւ այս Արժէքի կեանքի իւրացումովն  է որ մենք կը դառնանք «կարեւոր» անձեր՝ անկախ թէ ի՞նչ դիրքի ու համբաւի վրայ կը գտնուինք։ Եւ տակաւին որքա՞ն ընդունուած եւ կամ ոչ՝ մարդոցմէ ու հաւաքականութենէ։ Որովհետեւ այս նոր կեանքի Արժէքը «վստահելի» է եւ ժամանակի սլացքին հետ սահմանափակուած չէ։ Եւ որ նաեւ այս կեանքը անձնակեդրոն եւ ինքնամփոփ ու ինքը իր մէջ կեանք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Եւ «ուրիշին տալը» կը սկսի անձէն, որ կը նորոգուի եւ ապա կ՚անցնի ու կը փոխանցէ՝ իմա կը կերտէ նոյնը ուրիշին համար։ Կարելի չէ, որ եթէ անհատը ինք չէ նորոգուած, կրնայ նորոգել ուրիշը։ Եւ այս երկկողմանի իրականութեան մէջէն է որ պէտք է տեսնել, թէ քրիստոնէական «ուրիշի տալը»  կեանք մըն է, որ նաեւ կը նորոգէ մարդկութիւնը եւ հաւաքականութիւնը եւ ուր նոյն այս նոր ու նորոգուած մարդը անդադար կ՚արտադրէ Արժէքի վրայ հիմնուած նոր կեանք(եր) եւ այս իր համապարփակ հասկացողութեան մէջէն։

Արնոլտը իր ապրած փառքի օրերէն ետք ապրեցաւ ու երեւի տակաւին կ՚ապրի յուսախաբութիւնը…։ Նոյնինքն, իր իսկ շինած կեանքին եւ անոր համբաւին մէջէն, որ սահմանուած էր ժամանակի պայմաններուն մէջ։ Կարտինալը կ՚ապրի իր պարզ անհատի կեանքը, իր իսկ բառերով՝ «Քիուի Պլոքը»…։ Բայց կ՚ապրի կառչելով իր իսկ կեանքին համար հիմքը դարձուցած հաւատքովը։ Հաւատքի գիտակցութեամբը՝ որ կ՚անցնի բոլոր ժամանակները։

«Ինչպէս ժամանակները կը փոխուին»։ Այո, բայց կայ Արժէքը, որ չի փոխուիր։ Եւ բոլոր ժամանակներուն մէջէն եւ որ իրական դարձաւ Աստուծոյ աշխարհ գալովը։ Եւ նոր կեանքի գիտակցութեամբը։ Հոն ուր Քրիստոս՝ մարդեղացած Իր կեանքով՝ ստեղծեց նոր կեանքը մարդուն համար, որ յաւիտեան է եւ չի փոխուիր։

Եւ ընտրանքը մերն է։

Արնոլտին համբա՞ւը, ո՞ւժը՝ դի՞րքը ու անոր պատճառած յուսախաբութի՞ւնը, թէ՞ կարտինալին «պարզ մարդու» կեանքը, որ հիմնուած է նոր կեանքի Արժէքին ու անոր հաւատամքին եւ հիմքին վրայ։

Արժէքը՝ ու Արժէքի այս կեանքը. ինչ որ պէտք է ապրիլ, ապրեցնել եւ կերտել։ Կերտել նոր Արժէքի կեանքերը։

«Այն որ տուի ուրիշին»։ Քրիստոս մեզի տուաւ Արժէքի կեանք մը։ Եւ եթէ այս կեանքը մեզի համար է եւ որ նաեւ պէտք է տանք ուրիշին։ Բոլորին։

Եւ այս Արժէքով է, որ կեանքեր կը կերտենք։ Իմ, քու եւ անպայմանօրէն բոլորիս։ Եւ որ «ժամանակներու հետ չի փոխուիր…»։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019