ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
«Որ զԲանն անեղական՝ զԷակն էից գոյացութեանց.
անճառաբար ծնար՝ մարմին եղեալ ի փրկութիւն եղականացս»
(Մեծ. Մեծի պահոց Բ կիւրակէի»
«Անեղ Բանը՝ արարածներու Արարիչը
անճառաբար մարմնացած ծնաւ ստեղծուածներուս փրկութեան համար»։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Սիրելի հաւատացեալներ,
Այս տարի եւս Աստուածայայտնութեան տաղաւարը հասաւ Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքներով լեցուած, վերածնունդ շնորհելու քրիստոնեայ հաւատացեալներուս։ Ամենայն խանդավառութեամբ կը պատրաստուինք տօնելու Մարդացեալ Փրկչի ծնունդը, որպէսզի Ան Աստուածային Փառքով յայտնուի ու իր պատգամը փոխանցէ Բեթղեհէմի մսուրին մէջէն։ Մոմերով ու կանթեղներով լուսազարդուած, փոքրիկ մսուրներով զարդարուած,. դալարազգայ ճիւղերով յարդարուած, խաչերով ու աւետարաններով փառաւորուած մեր տաճարները նոյնինքն կը յայտնեն, թէ որքա՜ն խորհրդաւոր փառք մը կը պարուրէ յայտնեալ Փրկիչը, մեր Աստուածը։ Հաւատացեալներու սիրտերը կ՚այլափոխուին Սուրբ Բեթղեհէմի ու այդտեղ կը վերածնին խոստացեալ Փրկչի աւանդած խորհուրդները։ Սիրոյ եւ խոնարհութեան ծնունդը տեղի կ՚ունենայ մարդոց սրտերուն մէջ։ Անտեսանելին Աստուած, մարդկութեան կոյր աչքերուն առջեւ կը ներկայանայ տեսանելիօրէն ու իր արտասուալից մանկական լացով կ՚աւետէ Աստուածային արդարութեան յայտնութիւնը։ Ո՜վ մարդկութիւն, ականջ տուր մեծ աւետիսին, քանզի «Անեղ Բանը՝ արարածներու Արարիչը անճառաբար մարմնացած ծնաւ ստեղծը-ւածներուս փրկութեան համար»։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Ս. Ծննդեան խորհուրդին մէջ ամենէն տեսանելի գաղափարը միշտ եղած է Խաղաղութիւնը, քանի յայտնուածը «Խաղաղութեան Իշխանն» է, ըստ Ս. Գիրքի ցուցմունքներուն։ Երբ մարգարէական գուշակութիւնը կ՚իրականանար, արդէն իսկ հովիւներ սկսած էին երկնային զօրքերու հետ երգել խաղաղութեան մեղեդին։ Բեթղեհէմի դաշտերուն մէջ, երկնքի եւ երկրի մեծագոյն միացեալ երգչախումբը ամենայն ներդաշնակութեամբ կ՚աւետէր Խաղաղութեան գալուստը։ Աւելի քան քսան դարեայ այս պատկառելի աւետիսը իր օրհնութիւնը բերելու պատրաստ, կը մօտենայ մարդկութեան, կը յայտնուի Քրիստոսի կարիքը ունեցող անհատներու կեանքէն ներս, խոստանալով՝ յայտնեալ Փրկչէն աւանդուած փրկութեան յոյսը։ Հիասքանչ տեսարանը յուսադրիչ է, իսկ աւետիսը՝ վեհ ու խորհրդաւոր։ Հապա տարիներ շարունակ արձագանգող խաղաղութեան եւ փրկութեան խօսքերը, արդեօք ինչո՞ւ տակաւին չեն փոխեր աշխարհի գլխիվայր գնացքը։ Ի տես այս տեսարանին, մարդկութեան մտքերուն մէջ Քրիստոսի իշխանութիւնը հարցադրելու նպատակաւ միշտ ծագում առած է հետեւեալ հարցումը. Արդեօք Քրիստոս այդքան զօրաւոր չէ՞։ Բայց, այս պղտորիչ ձայնին դիմաց, հաւատքի կեանքի մէջ հաստատ քրիստոնեայ հաւատացեալներ միշտ գտած են իրենց տրուած սուրբ, անփոփոխ եւ հզօր պատասխանը. «Լոյսը աշխարհ եկաւ, սակայն մարդիկ խաւարն աւելի սիրեցին՝ քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին. Որովհետեւ ով որ չար բան կ՚ընէ, կ՚ատէ լոյսը եւ չի գար լոյսին, որպէսզի իր գործերը իր դիմացը չդրուին» (Յովհ. 3.19-20)։ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը, կը յիշեցնէ Խաղաղութեան Իշխանին եւ այս աշխարհի իշխան՝ Սատանային անուրանալի տարբերութիւնն ու Բարիին մղած մեծ պայքարը ընդդէմ չարին։ Քրիստոս նոյնինքն Իր խօսքով կը շեշտադրէ լոյսի եւ խաւարի, բարիի եւ չարի մրցակցութիւնը։ Իսկ շեշտադրումը կը հաստատուի, այս աշխարհի պղտորիչ ուսուցումներուն դէմ Քրիստոսով ոտքի կենալու, փրկութեան աւետիսը լսելու վրայ. «Չեկայ, որ աշխարհը դատապարտեմ, այլ՝ որպէսզի փրկեմ աշխարհը» (Յովհ. 12.47)։
Մարդակործան հրապուրիչ ուսուցումներն ու աշխարհաքանդ գաղափարները բնաջնջելու իշխանութիւնը ընդհանրապէս վեր են մեր կարողութեան սահմաններէն։ Կամայ եւ ակամայ, կրնանք խորհիլ իւրաքանչիւր յուսալքիչ դէպքի մասին, նման՝ պատերազմներու, բայց գործնապէս զանոնք չենք կրնար հեռացնել մարդկութեան իրականութենէն։ Արդ՝ ի՞նչ է քրիստոնեայի ուղեցոյցը այս պարագային. Մարդկային կարողութիւնը լաւապէս օգտագործել իր եւ պատկանած հաւաքականութեան հոգեւոր փրկութեան համար։ Կարողութիւն չունինք աշխարհի տարածքը փոխելու առհասարակ, բայց կրնանք դարմանել մեր սխալները ինքնաքննութեամբ, սրբել՝ մեր հոգին Աստուծոյ խօսքով եւ ի լրումն այդ բոլորին ըլլալ՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու պատրաստ սպասաւորներ։
Ստեղծուածներու փրկութիւնը կը սկսի նախ հաւատալով Քրիստոսի փրկարար զօրութեան, առանց նկատի ունենալու լեզուներու, վայրերու, դիրքերու, գիտութեան, նիւթականի տարբերութիւնները։ Յիշե՛նք Պօղոս առաքեալի եւ Շիղայի առջեւ սարսափելով ինկած բանտապետին հարցումը. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ փրկուիմ» ու անոր տրուած պատասխանը. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիս դուն եւ քու ամբողջ տունդ» (Գործք 16.30-31)։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը մատնանշէ, թէ Աստուած երբեք ու երբեք չէ լքած իր ստեղծած մարդը, նոյնիսկ Իրմէ հեռացած մարդկութիւնը։ Հետեւաբա՛ր, հաւատանք արարածներու Արարիչին՝ Մարմնացեալ Փրկչին խօսքերու զօրութեան ու փորձենք մեր անհատական կեանքը ձեւաւորել Քրիստոսի ներկայութեամբ։ Ս. Ծննդեան տաղաւարին Բեթղեհէմի մսուրը լաւ սկզբնակէտ մըն է այս ուղղութեամբ մտածելու եւ յայտնուած Փրկչի Աստուածային ներկայութեան առջեւ երկրապագելու։
Սիրեցեալ ժողովուրդ մեր,
Աստուած, այս տարի եւս արժանացնէ բոլորս մեր եկեղեցիներուն մէջ մասնակցելու փառաշուք արարողութիւններու, Հայ Եկեղեցւոյ փառապանծ անցեալէն բղխած շարականներով, մեղեդիներով ու տաղերով գովաբանելու Աստուծոյ Միածին Որդին։ Երբ կը մասնակցինք, մեր զգացած անհատական գոհունակութեան առընթեր մտածենք նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի յառաջդիմութեան մասին։
2019-ի Ս. Ծննդեան տաղաւարի տօնակատարութեան օրերուն, մենք թէ՛ պիտի միանանք երկինքի մեծապայծառ աւետիսի ցնծութեան եւ թէ պիտի սկսինք նշել Ամենայն հայոց երաժշտութեան առաքեալ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։ Հայ Եկեղեցւոյ եւ մշակոյթին օրհնաշատ սպասաւորի կեանքը, իր ամբողջ էութեամբ ցոյց պիտի տայ, թէ Աստուծոյ նախախնամութիւնը միշտ գործած է մեր եկեղեցիէն եւ ժողովուրդէն ներս։ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութեանց մէջէն Աստուած յայտնուած է Հայոց՝ ըսելու համար, թէ Հաւատա՛, Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիս դուն եւ քու ամբողջ տունդ։ Մեծ Վարդապետը, Ս. Էջմիածնի սրբաշունչ մթնոլորտին ներքեւ զգաց Աստուածայայտնութեան իմաստը։ Գեղջուկ ու որբացեալ Փոքրիկն Սողոմոն, ի տես պատմութեան, հաւատալով Քրիստոսին՝ դարձաւ Մեծն Կոմիտաս։ Ան փրկուեցաւ Աստուծոյ զօրութեամբ, եւ փրկեց հայոց անթիւ մեղեդիները, որոնց գագաթնակէտն է Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը։
Տաղաւարի սեմին, լսենք Իր պատգամը, որուն մէջ բացայայտօրէն կը թելադրէ ընդմիշտ վառ պահել զգալու մեր. կարողութիւնը, «Մահուան արժանի է այն ժողովուրդը, որ զուրկ է գեղարուեստէ, որովհետեւ ժողովուրդ մը՝ որ գեղարուեստ չունի, կը նշանակէ, թէ զգալու կարողութիւն չունի։ Եւ ի՞նչ է ժողովուրդ մը՝ որ չի զգար»։ Օրհնեա՜լ ըլլայ յիշատակը, որ փրկութեան աւետիսը քարոզեց եւ իր երաժշտական աստուածաշնորհ պարգեւը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդին։
Սիրեցեալ գատըգիւղիք,
Կոմիտաս Վարդապետի վերջին անգամ ծունկի եկած ու «Տէր Ողորմեա» երգած Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պատմական խորանին առջեւ, աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած վասն անսասանութեան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ եւ իր հաւատաւոր հօտին, Արամեան-Ունճեան վարժարանին եւ աշակերտութեան ու Արամեան սանուց միութեան համար։ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի իր շնորհները առատացնէ Գատըգիւղի ընտանիքին վրայ։ Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները։
Տիրոջ փառաւոր ծնունդը, մեր անհատական, եկեղեցական, դպրոցական, ընկերային եւ միութենական կեանքին համար ըլլայ վերստին ծնունդի առիթ, որպէսզի հետեւինք բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին։ Յիշենք Փրկչի զօրութիւնը եւ զգանք Քրիստոս Թագաւորի կենսունակ ներկայութիւնը։ Այն ատեն միայն Խաղաղութեան Իշխանը պիտի ծիածանի մեր հաւաքական կեանքէն ներս, հաճութիւնը պիտի վերահաստատուի մեր շուրջ եւ Աստուծոյ լիակատար պարգեւներէն մեր մասն ու բաժինը պիտի ստանանք։
Բեթղեհէմի մանուկը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ բոլորիս ու առաջնորդէ Իր օրհնեալ ներկայութիւնը փառաւորելու, միասնական ոգւով, անշահախնդիր հաւատքով։
ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ