ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ
Հռոմայեցիներու նամակին Դ գլխուն մէջ Առաքեալը կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալ»ու վարդապետութիւնը վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքին Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդա՛ր» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար։
Գործի փոխարէն բան մը տալ պարտք վճարել է եւ ո՛չ թէ շնորհ ընել։ Առաքեալը մէջ կը բերէ նաեւ Դաւթի խօսքը՝ թէ. Երանի՜ այն մարդուն, զոր Տէրը կ՚արդարացնէ անոր մեղքերուն ձրի թողութիւն տալով։ Աբրահամ ունէր այս երանութիւնը յառաջ քան թլփատութիւնը. ուստի եւ միայն թլփատուած մարդուն արտօնութիւնը չէ՛ այս երանութիւնը։ Թլփատութիւնը տրուեցաւ Աբրահամի ի նշան անոր հաւատքով արդարանալուն եւ իբրեւ կնիք այն խոստումներուն, զորս առաւ Աբրահամ Աստուծմէ իբր «հայր հաւատացեալներուն», այսինքն իբր գերազանց օրինակ՝ թէ Հրեային եւ թէ հեթանոսին այն հոգեւոր օրհնութիւններուն՝ որ միա՛յն հաւատքով կը ստացուին։
Նոյնպէս եւ աշխարհը ժառանգելու համար Աբրահամի եւ անոր սերունդին տրուած խոստումները օրէնքին տրուելէն «մօտաւորապէս» 430 տարի առաջ էին. (ԳԱՂ. Գ 17), եւ այս խոստումները պիտի կատարուին ո՛չ թէ օրէնքը պահողներուն, այլ անոնց որ Աբրահամի հաւատքին պէս հաւատք, այսինքն վստահութի՛ւն ունին Աստուծոյ նկատմամբ, իբրեւ կարող գրեթէ մեռեալ արգանդ մը որդեծնութեան յարմար ընելու, եւ մեզ արդարացնելու համար յարուցանելու Տէր Յիսուս որ իրապէս մեռեալ էր. (ՀՌՈՄ. Դ 23-25)։
«Արդ, ի՞նչ ըսինք Աբրահամի, մեր ազգին նախահօր մասին. ի՞նչպէս արդարացաւ» (ՀՌՈՄ. Դ 1)։ Այս հարցումը կարելի է երկու իմաստով առնուի. նախ՝ թէ ի՞նչ գտաւ Աբրահամ որ մարմնի կողմանէ մեր նախապետն էր, երկրորդ՝ թէ ի՞նչ գտաւ Աբրահամ մարմնի կողմանէ։
Եթէ վերջին իմաստով կ՚առնուի, պէտք է բաղդատել այս համարը (ՓԻԼ. Գ 3-4) եւ (ԳԱՂ. Գ 3), եւ այլն, համարներուն հետ…։
«Գործերով արդարանալ»ը պարծենալու եւ հպարտանալու պատճառ կ՚ըլլայ, բայց Աբրահամ չունէր պարծենալու պատճառ, քանի որ անոր արդարանալը հաւատքո՛վ էր. ո՛չ թէ գործերով. (ՅԱԿ. Բ 14-26)։ Ուստի Աստուծոյ առջեւ արդարանալը եւ անշուշտ արդարացեալը կը նմանի այն մարդուն որ ստացուածք մը իբրեւ պարգեւ կ՚ընդունի, առանց որեւէ բան վճարելու։
Արդարեւ, մենք չենք կրնար Աստուած մեզի պարտական ընել։ Հարկ է որ փրկութիւնը ընդունինք իբրեւ շնորհ եւ ողորմութիւն, եւ փրկութիւնը Քրիստոսի միջոցով իբրեւ պարգեւ ընդունի՛լն է հաւատքը։
«Մեղք չի սեպեր». երբ Աստուած կը տեսնէ մեղքը, չի կրնար զայն իբր «մեղք» չնկատել եւ չատել, եւ սակայն կրնայ ներե՛լ զայն, եւ մեղաւորին հետ վարուիլ իբրեւ անմեղի մը հետ։
«Նշան» եւ «կնիք». Աբրահամ դեռ չթլփատուած արդարացաւ իր հաւատքովը, եւ առաւ թլփատութիւնը իբր արտաքին նշան Աստուծոյ բարեկամ ըլլալուն։ Թլփատութիւնը նաեւ տեսանելի կնիք էր Աստուծոյ ուխտին Աբրահամի հետ. (ԾՆՆԴ. ԺԷ 10-14)։ Այսպէս թլփատութիւնը Մովսէսէն առաջ ըլլալով ունի նշանակութիւններ, որ տարբեր են այն նշանակութիւններէն, որով կ՚առնուի ըստ Մովսիսական օրէնքներուն։ Զոր օրինակ, կը յիշուի իբրեւ «նշան մաքրութեան», «հնազանդութեան», «նուիրման եւ սրտի», «շրթանց», «ականջի», եւ այլն, սրբութեան. (ՀՌՈՄ. Բ 29), (ՓԻԼ. Գ 3), (ՂԵՒ. ԻԶ 41), (Բ ՕՐ. Ժ 16), (Բ ՕՐ. Լ 6), (ԳՈՐԾ. Է 51)։
Քրիստոնէական տնտեսութեան տակ մկըր-տութիւնը թլփատութեան տեղը բռնած է, եւ Պօղոս առաքեալ, (ԿՈՂ. Բ 11-12) համարներուն մէջ ցոյց կու տայ՝ թէ ասոնց երկուքն ալ միեւնոյն նշանակութիւնը ունին։ Եւ ասկէ կը հետեւի, թէ հիմա ալ անոնք, որ Աբրահամի պէս, Աստուծոյ հետ ուխտի կը մտնեն եւ Աստուծմէ կ՚ընդունուին այն ուխտին, երբ իրենց զաւակները Աստուծոյ կը նուիրեն, կրնան անոնց վրայ դնել այն ուխտին արտաքին նշանը եւ կնիքը, որ հիմա մկրտութի՛ւնն է, ինչպէս որ Աբրահամի պատուիրուեցաւ թլփատութիւնը դնել նշան իր զաւակներուն վրայ։ Մովսիսական օրէնքներու տակ Հրեաներու բոլոր ազգը սոյն կերպով Աստուծոյ հետ ուխտի մտաւ. ուստի եւ բովանդակ ժողովուրդը Եկեղեցւոյ բոլոր առանձնաշնորհութիւններուն եւ խորհուրդներուն մասնակից եղաւ, եւ ամէնուն զաւակները կը թլփատուէին։
Բայց Աւետարանին տնտեսութեանը ներքեւ այսպէս չէ։ Հիմա Եկեղեցին բաղկանալու է այնպիսի անձերէ միայն որոնց սրտերը մաքրուած են Քրիստոսի վրայ հաւատքով. (ԳՈՐԾ. ԺԵ 8-9), իրենք ալ իրենց մեղքերուն վրայ ճշմարտապէս եւ անկեղծութեամբ ապաշխարած եւ ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղները բերած են. (ՄԱՏ. Գ 8-12), եղած են ընտիր տեղ մը, սեփական ժողովուրդ մը, սուրբ ազգ մը, եւ իրենց վարքով կը քարոզեն անոր առաքինութիւնները որ կանչեց զանոնք խաւարէն Աստուծոյ սքանչելի՜ լոյսին. (Ա ՊԵՏ. Բ 9-10)։ Եւ այսպիսի անձեր Աստուծոյ զաւակները կոչուելու արժանի են, քանի որ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտ եղած են կենդանի հաւատքով եւ հնազանդութեան ճշմարիտ հոգւով. (ՅՈՎՀ. Ա 12-13), (ՀՌՈՄ. Ը 9-14), ուստի եւ իրաւունք ունին Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուելու եւ անդամակցելու անոր։
Անոնք միայն՝ որ դաւանութիւն եւ ստոյգ վկայութիւն կու տան՝ թէ վերոյիշեալ յատկութիւնները ունին, արժանի են ընդունուելու Եկեղեցւոյ մէջ, եւ վայելելու անոր մասնաւոր արտօնութիւնները, որոնց մին է՝ զաւակները մկրտութեամբ Աստուծոյ նուիրել։
Եւ եթէ տղու մը հայրը կամ մայրը Աստուծոյ եւ Եկեղեցիին հետ ուխտի մտնելով Տէրունական Սեղանին մօտենալու իրաւունք ստացած չէ, տղուն մկրտութիւնը նշանակութիւն պիտի չունենայ, եւ թէ համաձայն չէ Սուրբ Գիրքին։
Անոնք եւ անոնց զաւակները, Աբրահամի պէս իրենց որդիներուն եւ իրենցմէ ետքը իրենց տանը պիտի պատուիրեն, եւ անոնք արդարութիւն, իրաւունք, ողորմութիւն ընելու եւ հաւատարիմ մնալու համար Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 26, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024