ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։ Ան վարուեցաւ մարդոց նման եւ խոնարհեցուց իր անձը եւ հնազանդեցաւ մինչեւ մահ, եւ մահ Խաչին վրայ. (ՓԻԼ. Բ 5-8)։
Աստուծոյ միածին Որդիին ճշմարիտ Մարդեղութեանը նկատմամբ զատորոշող նշանն է. «Դուք այս նշանով ճանչցէք Աստուծոյ Հոգին. ո՛վ որ կը դաւանի մարմինով աշխարհ եկած Յիսուս Քրիստոսը, ան Աստուծմէ է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 2) խօսքը։ Քանի որ «Ան յայտնուեցաւ մարմինով» (Ա ՏԻՄ. Գ 16)։
Քրիստոսի ծննդեան ութերորդ օրը՝ յունուար 13-ին, որ այս տարի կը հանդիպի կիրակի օրուան, Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնն է։
Անշուշտ, այս տօնին, եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ նախորդ օրը՝ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, կը կատարուի նախատօնակի արարողութիւն։
Հրեաներու մօտ սովորութիւն էր արու զաւակներուն ծնելէն ութ օր յետոյ թլփատել տալ, որպէսզի անոնք ստանան Աբրահամեան սերունդի եւ աստուածային ուխտի կնիքը։ Եւ այդ պահուն կը կատարուէր նաեւ նորածինին անուանակոչութիւնը։
Հրէական օրէնքի համաձայն (ԾՆՆԴ. ԺԷ 12) եւ (ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԺԲ 3)՝ Սուրբ Ծննդեան ութերորդ օրը, Յովսէփ եւ Մարիամ, որպէս բարեպաշտ հրեաներ, Մանուկը տարին տաճար, թլփատել տուին եւ անունն ալ դրին Յիսուս, որ եբրայերէն կը նշանակէ Փրկիչ։ Փրկիչ. «անէծքէն, մեղքերէն, կուռքերէն, դժոխքէն եւ ամէն տեսակ վտանգներէն, որոնցմէ ալ մեր Տէրը մեզ փրկեց եւ սատանայի խոցոտած մեր վէրքերը բուժեց», իսկ Քրիստոս յունարէն՝ Օծեալ։
Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատգամին համաձայն՝ Մանուկը կոչեցին Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Ա 21)։
Այս մասին կը վկայէ նաեւ Ղուկաս աւետարանիչ. «Ութ օր ետք, երբ Մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած» (ՂՈՒԿ. Բ 21)։
Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս թլփատութեան կարիքը չունէր՝ Անոր համար թլփատութիւնը անհրաժեշտութիւն մը չէր։ Ուստի, Անոր թլփատութիւնը ո՛չ թէ անհրաժեշտութիւն, այլ հաստատուած օրէնքը յարգելու, անոր հնազանդելու եւ զայն կատարելու համար էր՝ որպէս տիպա՛ր ժողովուրդին՝ թէ պէտք է յարգել եւ հնազանդիլ տուեալ օրէնքի տրամադրութիւններուն։ Ան թլփատուեցաւ, որպէսզի հաստատէ Աբրահամի հետ Աստուծոյ ուխտի ճշմարտութիւնը, քանի որ չհեռացաւ Իր իսկ դրած Օրէնքէն, չուրացաւ Օրէնքը, քանի որ զայն դրաւ համայն մարդկութեան համար։
Յիսուս թլփատուելով իսկ ցոյց տուաւ Իր ճշմարիտ մարդեղութիւնը՝ ճշմարտապէս մարդանալը կատարեալ մարդեղութեամբ, կատարեալ մարմնացումով։ Ան կատարեց հինը ամբողջութեամբ եւ ապա Նորի սկիզբը դրաւ, այսինքն՝ մկրտութեան եւ շնորհի, որպէսզի Ինքն ըլլայ Սկիզբը եւ Վախճանը. (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Ա 17) ո՛չ միայն ըստ Աստուածութեան, այլեւ ըստ մարդկութեա՛ն։
Սակայն Տէրը մկրտութեամբ արգիլելով «մարմնաւոր» թլփատութիւնը՝ փոխարէնը տուաւ «հոգեւոր» թլփատութիւն՝ որը մեզի համար օրինադրուեցաւ Սուրբ Պօղոսի միջոցով. «Որովհետեւ արտաքնապէս Հրեայ եղողը չէ՛ իսկական Հրեան, ո՛չ ալ մարմնական թլփատութիւնն է իսկական թլփատութիւնը, այլ՝ ներքնապէս Հրեայ եղողն է Հրեան, եւ իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին համաձայն ապրիլն է եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին համաձայն ապրիլը։ Այդպիսին մարդոցմէ չէ՛ որ կը գովուի, այլ՝ Աստուծմէ» (ՀՌՈՄ. Բ 28-29)։
Արդարեւ, քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական շրջանին նորադարձ հրեայ քրիստոնեաները կը շարունակէին պահել այդ սովորութիւնը, բայց Սուրբ Պօղոս առաքեալ արգիլեց զայն։
Քրիստոնեաներու համար Անուանակոչութեան տօնը յիշատակ է «հոգեւոր թլփատութեան»՝ սրտի՛ թլփատութեան, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Պօղոս առաքեալ Հռոմէացիներու գրած իր նամակին մէջ. «Այլ, ներքնապէս Հրեայ եղողն է Հրեան, եւ իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է, այսինքն Սուրբ Հոգիին համաձայն ապրիլն է եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին համաձայն ապրիլը» (ՀՌՈՄ. Բ 29)։ (Մասամբ օգտուեցանք՝ Կարինէ Սուգիկեանի «Անուանակոչութիւն» ուսումնասիրութեան մէջ տուած տեղեկութիւններէն)։
Արդարեւ, «Յիսուս» եբրայերէն կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ»։ Աստուած այսպէս Յիսուսի մէջ փրկութեան Իր ամբողջ պատմութիւնը կը վերաքաղէ ի նպաստ մարդոց։ Յիսուսի անունը կը նշանակէ, թէ նոյնինքն Աստուած՝ Աստուծոյ Անունը ներկա՛յ է անձին մէջ Իր Որդիին, որ մեղքերուն ընդհանրական եւ վերջնական փրկութեան համար մարդացաւ։ Ան միայն փրկութիւնը բերող աստուածային անունն է, որուն որովհետեւ ամէնքը կարող են դիմել, քանի որ «Մարդեղութեամբ» միացաւ բոլոր մարդոց, այնպէս որ, «Միայն անո՛վ կրնանք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միա՛կն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ» (ԳՈՐԾ. Դ 12)։
Ուստի որեւէ անուն կը ներկայացնէ անձը՝ իր ամբողջ էութեամբ։ Այս իմաստով կը նոյնանան «անուն» եւ «անձ»՝ որոնք մարդուն կու տան անհատականութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024