ՄԱՐԴՈՒՍ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։ Աստուած իր զօրութիւնը մարդուն տրամադրութեան տակ դրած է, առանց միջամտել ուզելու իր սեփական կամքին ազատութեան։
Ուստի մարդուն «կամքի ազատութիւն»ը՝ այսպէս, որեւէ տեսակ զօրութեան մը գործածութեան պատասխանատուութիւնը, ուղղակի՛ իր վրայ դրուած է։ Եւ ապրող էակներու մէջ միայն մա՛րդն է, որ «կամք» ունի։ Իսկ միւսները եւ բնութեան մէջ ամէն երեւոյթ «անկամ ծառաներ»ն են Աստուծոյ կամքին։ Ըսենք՝ միջնորդներ Աստուծոյ կամքին յայտնութեան։ Անոնք կ՚ընեն ի՛նչ որ Աստուած կը հրամայէ իրենց ընել։ Այս իմաստով անոնք Աստուծոյ կամքին արտայայտութեան փոխանցողներն են։
Աստուած անշուշտ մարդուս ալ կը հրամայէ, բայց կը յարգէ անոր ազատութիւնը՝ հնազանդելու Անոր հրամանին կամ չհնազանդելու։
Այս կը նշանակէ՝ թէ «Զօրութիւն»ը նոյնն է, «գործադիր»ը՝ տարբեր։ Ահա՛ թէ ինչո՞ւ ա՜յնքան աննման են գործադրուած զօրութեան արդիւնքները, ա՛յնքան աննման՝ որքան է բարին՝ չարին նկատմամբ։
Զօրութիւնը սակայն «չար»ին ձեռքը կրնայ «չարի՛ք» ըլլալ։ Զօրութիւնը կամ բարիի գործակից է կամ չարիքի, ըստ բարութեանը կամ չարութեանը զօրութիւնը գործածող ձեռքին՝ միջոցին, զոր օրինակ, մարդուն համար։
Այս կէտին, ազատութեան եւ մեղքի յարաբերութիւնը կ՚արժէ ուսումնասիրել։
Մեղքին իրողութիւնը, եւ աւելի յատուկ կերպով սկզբնական մեղքին, չի՛ լուսաբանուիր եթէ ոչ աստուածային Յայտնութեան լոյսին տակ։ Առանց ճանաչումին, զոր ան կու տայ մեզի Աստուծոյ մասին, կարելի չէ յստակօրէն ճանչնալ մեղքը։ Այս պարագային՝ մարդս կը փորձուի բացատրել զայն միայն իբրեւ «աճումի թերութիւն», իբրեւ հոգեբանական տկարութիւն, իբր սխալմունք, իբր անխուսափելի հետեւանք ընկերային անհամապատասխան կառոյցի, եւ այլն։
Մարդուն մասին՝ մի՛այն «աստուածային ծրագրին ճանաչում»ովը կարելի է հասկնալ, թէ մեղքը զեղծո՛ւմն է ազատութեան, զոր Աստուած տուած է ստեղծուած անձերուն, որպէսզի անոնք կարենան սիրել զԻնք եւ սիրել զիրար։
Քրիստոս, Իր մինչեւ մահ հնազանդութեամբ Իր աշակերտները «արքայական ազատութեան» պարգեւին հաղորդ դարձուց «որպէսզի իրենց անձնուրացութեամբ եւ կեանքին սրբութեամբ իրենց անձերէն վանեն մեղքին գերիշխանութիւնը»։
Քրիստոս, Իր փառաւորեալ Խաչով ձեռք ձգեց փրկութիւնը բոլոր մարդոց. «Քրիստոս մեզ ազատագրեց որպէսզի ազատ մնանք» (ԳԱՂ. Ե 1)։ Անոր մէջ, մարդ կը հաղորդուի «ճշմարտութեան որ մեզ ազատ կը դարձնէ» (ՅՈՎՀ. Ը 32)։ Սուրբ Հոգին տրուեցաւ մեզի, եւ ինչպէս կ՚ուսուցանէ Առաքեալը. «հոն ուր Հոգին է, հոն ազատութիւնն է» (Բ ԿՈՐ. Գ 17)։ Մարդիկ, այժմէն իսկ կը փառաւորեն իրենք զիրենք Աստուծոյ որդիներուն ազատութեամբը. (ՀՌ. Ը 21)։
Արդարեւ, Քրիստոսի շնորհքը մեր ազատութեան հետ ինքզինք բնաւ մրցակից չի դարձներ, երբ ազատութիւնը կը համընկնի ճշմարտութեան եւ բարիին զգացումին հետ, զոր Աստուած դրած է մարդուն սրտին մէջ։ Ընդհակառակն, ինչպէս որ քրիստոնեայ փորձառութիւնը մանաւանդ աղօթքին մէջ կը վկայէ, մենք որքան աւելի հնազանդ ըլլանք շնորհքին դրդումներուն, այնքան աւելի մեր մէջ կ՚աճին մեր ներհուն ազատութիւնը եւ մեր ինքնավստահութիւնը նեղութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին ճնշումներուն եւ ստիպողութիւններուն դիմաց։
«Աստուած մարդը անձնիշխան թողուց» (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ ազատօրէ՛ն փարիլ իր Արարչին եւ հասնիլ երանաւէտ կատարելութեան։ Ուստի ազատութիւնը կարողութիւն է գործելու կամ չգործելու եւ ինքնակամ գործեր կատարելու։ Ազատութիւնը իր արարքին կատարելութեան կը հասնի, երբ ուղղուած է դէպի Աստուած, գերակայ Բարին։ Ազատութիւնը կը յատկանշէ յատուկ կերպով մարդկային արարքները։ Ան, մարդ արարածը կ՚ընէ պատասխանատո՛ւ իր արարքներուն, որոնց ան հեղինակն է կամովին։ Իր ազատակամ գործելը իրեն կը պատկանի իբր իրեն յատուկ։
Ազատութիւնը գործածելու իրաւունքը՝ պահանջք մըն է անբաժանելի արժանապատուութենէն, մանաւանդ կրօնական եւ բարոյական մարզին մէջ։ Բայց ազատութեան կիրարկումը չ՚ենթադրեր իրաւունքը ամէն բան ըսելու եւ ամէն բան ընելու։ Ազատութիւնը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, «հայրն է իր արարքներուն»։ Մարդկային արարքները, որոնք ազատօրէն ընտրուած են յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։ Անոնք «բարի» են կամ «չար»։
Արդարեւ, սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները, ինչպէս՝ միջավայր, ընկերային ճնշում, ստիպում կամ հարկադրանք գործելու, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն։ Կան արարքներ, որոնք իրենք իրենցմէ եւ յինքեանս, անկախաբար պարագաներէն եւ դիտաւորութիւններէն, ծանրօրէն արգիլուած են իրենց առարկային պատճառով, այսպէս հայհոյութինը եւ սուտ երդումը, մարդասպանութիւնը, եւ այլն։ Արտօնուած չէ չարիք մը ընել անկէ բարիք յառաջ բերելու համար։
Բնութեան մէջ ամէն զօրութիւն Աստուծոյ ներկայութեան հաւաստիքն է, Աստուծոյ զօրութեան իմանալի յայտարարութիւնն է եւ ամէն ինչ կը խոնարհի այդ զօրութեան առջեւ։
Եւ ամէն զօրութիւն Աստուծոյ ծառաներէն մէկն է, այսպէս անդիմադրելի զօրութիւն մըն է, որքան աւելի, եւ անհունօրէն աւելի՛ զօրաւոր Ինքն՝ Աստուած։ Ա՛ն է աղբիւր եւ բաշխիչ զօրութիւններու, որոնք կը յայտնուին շնչաւոր եւ անշունչ բնութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 13, 2019, Իսթանպուլ