ԱՐԴԵՕՔ ՍՈՒՐԻԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱ՞Յ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԾՈՑԸ

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ «ՇԱՐԺՈՒՄ»՝ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՆԴԷՊ

Վերջին օրերուն բազմաթիւ արաբական զանգուածային լրատուութեան միջոցներ քննարկման առարկայ կը դարձնէին Սուրիոյ Արաբական Լիկայի ծոցը վերադառնալու նիւթը։ Խնդիրը այն էր, որ բազմաթիւ Արաբական ծոցի երկիրներ կը վերաբանային իրենց դեսպանատուները Դամասկոսի մէջ։

Հարցի էութիւնը միայն դիւանագիտական «չոր» պատգամներ չունէր, այլ նաեւ աւելի խորքային եւ վճռորոշ փուլի մը մասին էր խօսքը, որուն հիմքով ալ արաբական երկիրները պիտի անցնէին Դամասկոսի հետ իրենց «սառեցուած» յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին։

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենասկզբնական շրջանին, յատկապէս, Արաբական ծոցի երկիրները «միահամուռ» կեցուածք մը որդեգրեցին եւ վեթոյի քաղաքականութիւն կիրառեցին այդ երկրի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան եւ նախագահ Պեշար Էսատի վարչակարգին դէմ։

Այս շեշտակի եւ ծայրայեղական տեսակէտներէն ետք, այդ երկիրներու ղեկավարները կարեւոր ճիգեր կը գործադրէին Սուրիան պատժելու համար Արաբական Լիկայի շրջանակներներէն ներս։ Անոնց իրականացուցած քայլերուն հետեւանքով Սուրիան «կը հեռացուէր» այդ լիկայէն եւ անոր դիրքը արաբական այդ մարմնին մէջ ցարդ կը շարունակէ մնալ թափուր։ Իսկ յստակ էր նաեւ, որ սիւննի աշխարհի գլխաւոր ուժը՝ Սէուտական Արաբիան եւ անոր «արբանեակ» տէրութիւնները բուռն պայքար կը մղէին ոչ միայն Սուրիան Արաբական Լիկայէն հեռու պահելու նապատկով, այլեւ՝ ամէն գնով տապալելու Դամասկոսի վարչակարգը։

Մեզմէ շատերուն համար յստակ էր Արաբական ծոցի երկիրներուն որդեգրած ընթացքը, որովհետեւ այդ բոլորը անշուշտ կապ ունէր Պեշար Էսատի արաբներուն համար ոչ-նպատակայարմար տեսակէտներուն եւ Իրանի հանդէպ վերջինիս ունեցած կեցուածքներուն հետ։

Անշուշտ արաբները առանձինն պիտի չկարողանային «հրահրել» վերջին ութ տարիներու պատերազմը։ Անոնք իրատես քայլով մը եւ մէկդի դնելով արաբական «եղբայրութեան» ամէն ձեւի մօտեցումները՝ կ՚անսային ամերիկեան «կոչեր»ուն։ Ի յայտ կու գար միացեալ շահերու եւ միացեալ նպատակի ընդհանուր պատկերացում մը, որուն հիմնական թիրախն էր «արաբական գարուն» կոչուած ռազմավարութիւնը հասցնել Դամասկոս։

Ճիշդ է, որ գարնան հետ ոչ մէկ աղերս ունեցող եւ, աւելին, խստաշունչ ձմեռը յիշեցնող այդ ռազմավարութիւնը կը հասնէր Սուրիա, սակայն եօթ-ութ տարիներու պայքարէ ետք այդ «առաջադրանք»ը փշուր-փշուր կ՚ըլլար Դամասկոսի պարիսպներուն առջեւ։

Ի հարկէ, սա անպայման հաստատել չէ, որ այս կերպով Սուրիոյ մէջ յաղթող կողմը եղաւ երկրին նախագահն ու իր իշխանութիւնը, բայց աւելի քան բացայայտ է, որ այդ երկրին մէջ «մեծ փոփոխութիւն» յառաջ բերել փորձող բոլոր ուժերը պարտուեցան։

Միացեալ Նահանգներ, որ ցայսօր ալ չ՚ընդունիր իր պարտութիւնները, սակայն սկսած է հասկնալ, թէ Սուրիոյ այսօրուան իշխանութիւնը առնուազն անփոխարինելի է եւ այդ մօտեցումը «գրկել»ով կը փորձէ ամէն գնով ուժերու նոր դասաւորում առաջարկել։

Այս ծիրին մէջ կ՚իյնայ անշուշտ ամերիկեան զօրքերու հիւսիսային Սուրիայէն հեռացնել-չհեռացնելու «խաղ»ը, որուն առաջին «ցնցումներ»ը ցարդ ալ կը շարունակուին։ «Թունդ» արաբներուն Սուրիոյ հանդէպ առկայ տեսակէտները եւ այսօր այդ տեսակէտներուն մէջ կամաց-կամաց տեղի ունեցող փոփոխութիւնները անշուշտ պէտք է տեղադրել այս ծիրին մէջ։ Սուրիան այսօր կը մտնէ նոր ժամանակաշրջան մը, որուն գլխաւոր կէտը ռազմական գործողութիւններու դադրեցումն ու ապա տագնապը անկեղծօրէն քաղաքական բեմահարթակ տանելու դրոյթն է։ Վստահաբար արաբական ափին վրայ տեղի ունեցած զարգացումները կապ ունին այս ընդհանուր համայնապատկերին հետ։

ԱՌԱՋԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԱՇՏՆ Է

Սուրիոյ եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն, աւելի ճիշդն ըսած՝ սիւննի գլխաւոր տէրութիւններուն միջեւ շփման գլխաւոր գօտին Լիբանանն է։ Հոն է, որ կան, գոյութիւն ունին Մերձաւոր Արեւելքի երկու հիմնական իսլամ ուժերու ներկայացուցչական կողմերը։ Խօսքը անշուշտ սիւննի եւ շիի Ռիատի եւ Թեհրանի մասին է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ներկայայցուցչական քաղաքական խումբը։ Մինչ Ռիատ կը ներկայանայ Սաատ Հարիրիի եւ անոր գաղափարակից ուժերով, անդին՝ լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմի երկրորդ գլխաւոր ուժը կը համարուին շիիները, որոնք կը ներկայանան «Հիզպուլլահ»ով եւ «Ամալ» շարժումով։

Ի դէպ, պէտք է այստեղ նշել, որ հակառակ արաբական կողմին Լիբանանի կառավարութեան վրայ եղած ամէն տեսակի քաղաքական ճնշումներուն, Լիբանան կարողացաւ իր կապերը պահել Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ։ Երկրին մէջ եղան ու ցարդ ալ կան կողմեր, որոնք կտրականապէս դէմ են Պեշար Էսատի իշխանութիւններուն, սակայն այդ ուժերը չեն կրնար ներկայանալ որպէս երկրի մեծամասնութիւնը հանդիսացող եւ քաղաքական հիմնարար կամք արտայայտող ուժեր։

Սուրիոյ դէմ առկայ քաղաքական յստակ կեցուածքներուն մէջ եւս կ՚երեւի որոշ աղօտութիւն մը։ Խնդիրը այն է, որ Պէյրութի սիւննիներու առաջնորդ՝ Սաատ Հարիրին իր անցեալի քաղաքական «հմայք»ը չունի, չունի նաեւ իրեն համար «նախատեսուած» Ռիատի երբեմնի նեցուկը։ Այստեղ հաշուի պէտք է առնել նաեւ, որ Ռիատի եւ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները։

մեծ ցնցում ապրեցան գրեթէ տարի մը առաջ, երբ Ռիատ «այցելած» Սաատ Հարիրի անսպասելիօրէն կը յայտարարէր իր հրաժարականը. բան մը, որ մեծ ցնցում կը դառնար ոչ միայն լիբանանեան, այլեւ՝ շրջանային եւ նոյնիսկ եւրոպական մակարդակներու վրայ։

Ճիշդ է, որ Հարիրի շրջան մը «առեւանգուած» մնալէ ետք Պէյրութ վերադարձաւ, սակայն յայտնի կը դառնար, որ ան նախկինը չէր։ Այդ մէկը աւելի պարզ եւ յստակ ձեւով «կ՚արտացոլար» անցեալ մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, երբ Հարիրի եւ իր քաղաքական խումբը կ՚արձանագրէին մեծ նահանջ՝ համեմատած անցեալ ընտրութիւններուն։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք պէտք է անպայման հաստատել, թէ այսօր յատկապէս սիւննի լիբանանեան ճակատին վրայ առկայ է «հասկնալի» անորոշութիւն մը, որ պայմանաւորուած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքէն ներս առկայ որոշ տարաձայնութիւններով եւ մամուլին համար ցարդ չերեւցող անորոշութիւններով։

Վերոնշեալ պարագաներէն ետք ի յայտ կու գայ, որ Ռիատի համար Պէյրութը կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ հետ անուղղակի շփումներու կամ այդ առումով որոշ պատգամներ յղելու գլխաւոր վայր։ Իսկ վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը եւ յատկապէս Պէյրութի մէջ գումարուելիք համաարաբական տնտեսական ֆորումին կապ-ւած զարգացումները ցոյց կու տան, որ արաբական գետնի վրայ եւ հակառակ առկայ քանի մը «ցոլքային» կէտերուն՝ Սուրիան կը շարունակէ համարուիլ սիւննի աշխարհին համար «անբաղձալի տարր» մը։ Անշուշտ այս տեսակէտը կը հիմաւորուի մամուլին եւ վերլուծաբաններուն համար երեւելի հարթակի վրայ ընթացող զարգացումներուն հետ, իսկ այն ինչ որ կը կատարուի քուլիսներու ետին, ապա այդ բոլորովին «այլ պատմութիւն» է, որ արժանի է մանրամասն եւ յստակ քննարկումներու։

ՊԵՇԻՐԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԻՆ ԾԱԼՔԵՐԸ

Անցեալ ամիս եւ բաւականին «անհասկնալի» պայմանաւորուածութիւններու հիմքով Սուտանի նախագահ Օմար Ահմէտ Հասան էլ Պգշիր կ՚այցելէր Դամասկոս։ Պեշիր կ՚ըլլար արաբական աշխարհը ներկայացնող այն գլխաւոր առաջին դէմքը, որ իր այցով «կը կոտրէր» Էսատի եւ անոր իշխանութեան հանդէպ առկայ «ամպարկոն»։

Յատկանշականը այն էր, որ թէեւ Պեշիր կը համարուէր Սէուտական Արաբիոյ «մարդ»ը, սակայն նման այցի մը մասին երբեք չէր խօսած եւ զանազան առիթներով ալ բուռն կերպով մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Էսատի հասցէին։

Արաբ վերլուծաբաններ արագօրէն կը քննարկէին այս այցին պայմանները, զայն համարելով աննախադէպ եւ բազմաթիւ առումներով ալ «խիստ» հետաքրքրական։ Այդ վերլուծումներուն մէջ «կարմիր թելի» նման կ՚անցնէր այն գիծը, որուն հիմամբ Պեշիր Դամասկոս կը հասնէր որոշ առաքելութեամբ։ Խօսքը Ռիատի կողմէ Էսատի իշխանութեան նկատմամբ տեսակէտի ու կեցուածքի յստակ փոփոխութեան մասին էր, որուն գլխաւոր «կնքահայր»ը պիտի դառնար Սուտանի թիւ մէկ քաղաքական դէմքը։ Անշուշտ այդ մէկը անպայման չէր նշանակեր, որ Ռիատ-Դամասկոս յարաբերութիւնները բարելաւում պիտի ապրէին շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, սակայն այնուամենայնիւ յայտնի էր, որ Պեշիր ունէր յստակ սահմաններով առաքելութիւն մը, ինչ որ այսօր արդէն աւարտած է։ Բազկերակի շօշափում, Էսատի կեցուածք, պայմանաւորուածութիւններու ընդհանուր ժամանակամիջոց եւ այլ ռազմավարական հարցեր։ Հաւանաբար այս հարցերն են, որոնք քննարկուեցան Դամասկոսի մէջ եւ որոնց բացայայտումը, կամ եղած զրոյցներուն ամբողջական բովանդակութիւնը պիտի շարունակէ մնալ որպէս «պետական գաղտնիք»։

Այս բոլորին զուգահեռ այսօր աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ արաբական աշխարհը եւ, ի մասնաւորի սիւննի աշխարհը, յստակ հետաքրքրութիւն մը ունի Էսատի իշխանութիւններուն նկատմաբ եւ այդ առումով որոշակի յստակ ու բացայայտ քայլեր երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ ամիսներուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019