«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԻՒԻ ՄԷՋ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ զգաստութիւնը չ՚արգիլեր պատուաւոր ճանապարհով փնտռել այն արտօնութիւնը կամ պաշտօնը, որուն պարտաւոր ենք: Քրիստոնէական զգաստութիւնը միայն կ՚արգիլէ մեծ նշանակութիւն տալ աշխարհային պատիւին եւ փառաւորութեան, ու զայն փնտռել բուռն կիրքով եւ անվայել միջոցներով: Այսպիսի չափազանց ցանկութիւնը կ՚անուանուի փառասիրութիւն, որ վտանգաւոր կիրք է եւ որու աղբիւրը մարդկային մեծամտութեան մէջ է, կամ այն թիւր դատողութիւններուն մէջ, որով ոմանք կը պարծենան, թէ մարդուն արժանաւորութիւնը պաշտօնի եւ մեծութեան մէջ է: Փառասիրութիւնը կը խաբէ մեզ եւ մենք կը կարծենք, թէ պատիւի հասնելով՝ երջանկութիւն կը գտնենք, մինչդեռ ընդհակառակը, աւելի կը նեղուինք, կը զզուինք, կը պարտուինք եւ կ՚իյնանք: Փառասիրութիւնը մեր սիրտը խռովութեամբ եւ տագնապով կը լեցնէ, առանց անդորրացնելու: Ան կը շիջեցնէ մեր մարդասիրութեան զգացումը եւ մեզ կը տանի դէպի անիրաւութիւն, որով հասարակութեան մէջ կռիւներ, պատերազմներ, յեղափոխութիւններ եւ ամէն տեսակի թշուառութիւններ կը յառաջանան: Մէկ խօսքով, փառասիրութիւնը կրօնքի ամենէն պարզ օրէնքները կ՚անդամալուծէ, որոնք կը պատուիրեն. «Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։ Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։ Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է» (Հռ 12.15-17). «Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (Գղ 5.26):
Մարդկային պատիւի ամենէն ցանկալի նշանը այն է, երբ յառաջ եկած է բարի գործերէ ու բարի անունէ, երբ իւրաքանչիւր ոք կը վկայէ, որ այս ինչ անձը պատուաւոր մարդ է, բարի քրիստոնեայ եւ ընկերականութեան օգտակար անդամ: Այս պատուանշանը կամ բարի համբաւը առաքինութեան լոկ արտաքին երեւոյթներով չի ստացուիր, այլ՝ սիրտի ճշմարիտ ազնուութեամբ եւ բարի ճանապարհով գործի դնելով ու շահեցնելով մեր տաղանդը, զոր Աստուած աւանդած է մեզի: Այս մասին է, որ Առաքեալը կը պատուիրէ. «Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի» (Փլպ 4.8): Երբ այսպէս կը վարուինք, առանց կոյր, կրքոտ եւ անիրաւ մարդոց հաւանութիւնը գրաւելու, այն ատեն կը մխիթարուինք աւելի բարձր եւ աւելի թանկագին հաւանութեամբ, որ պարտինք փնտռել մեր խիղճին եւ Աստուծոյ վկայութեան մէջ, Պօղոս առաքեալին հետ կրկնելով. «Ուստի ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։ Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ» (Ա.Կր 4.3-4): Ճշմարիտ եւ ամենէն հաստատ փառքին հասնելու միակ միջոցը՝ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները ճշդութեամբ կատարելն է, հնազանդելով եւ փափաքելով հաճոյանալ Աստուծոյ, ոչինչ համարելով մեր անձը, եւ խոստովանելով, որ բոլոր բարի տուրքերը եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները վերէն իջած են, եւ ասոր վերաբերելով այն բոլոր յոյսերն ու պսակները, զորս Աւետարանը մեզի կը խոստանայ: Ահաւասիկ ա՛յս է փառքի ամենէն մեծ աստիճանը, որու կրնանք հասնիլ աշխարհին եւ հանդերձեալին մէջ. «Եւ մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը։ Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ» (Բ.Կր 3.18):
Հպարտութիւնը մեծամիտ դատողութիւն կամ համարում է, որ հպարտները իրենց վրայ ունին, ծածկելով իրենց պակասութիւնները եւ մեծցնելով իրենց տաղանդներն ու առաքինութիւնները, այնպիսի յատկութիւններ հռչակելով, որ չունին, եւ մոռնալով փառաւորել զԱստուած, որ բոլոր կատարելութիւններուն Պարգեւիչն է: Հպարտութիւնը բազմաթիւ նշաններով կը ճանչցուի, բայց այս նշանները ամէն անգամ ճիշդ ու պարզ չեն, այլ՝ փոփոխական, ըստ իւրաքանչիւր մարդու բնաւորութեան: Այս նշանները դիտողութեան արժանի են. ինչպիսիք են՝ իր անձին մասին խօսիլ սիրելը, գովեստի ցանկալն ու գովեստ խնդրելը, այս գովեստներով խնդալն ու ուրախանալը, թուլանալն ու ցածնալը պատուանշան ու աստիճան ստանալու համար, չկամենալը իր պակասութիւնները տեսնելու, չհամբերելը իր կրած յանդիմանութեան կամ նախատինքներուն, յաճախ ուրիշներուն թերութիւնները քննելն ու խնդամտիլը, իր անձը բոլոր մարդոցմէ նախապատիւ համարելը եւ փափաքիլը արտաքնապէս շքեղ ու փարթամ երեւելու: Հպարտութիւնը կը ծագի ու կը զօրանայ թիւր դատողութենէ եւ կոպիտ մոլորութենէ: Հպարտութիւնը կը խանգարէ մեզ՝ մեր անձը ճանչնալու: Հպարտութեամբ մեր պակասութիւնները կը մոռնանք, մեր յանցանքները եւ մեր բոլոր ցածութիւնները, որպէսզի կարենանք մի քանի ունայն սնապարծութիւններ շահիլ. ինչպիսիք են՝ գեղեցկութիւն, հարստութիւն, ազգաբանութիւն, որոնք ունայն են եւ անցողական ու չեն կրնար երբեք ճշմարիտ արժանաւորութիւն համարուիլ մարդուն համար, որովհետեւ իրենց մէջ հաստատուն եւ վայելուչ պարծանաց հիմնական տարրերը չունին: «Հպարտութիւնը մարդուն համար չէ», կ՚ըսէ Սողոմոն իմաստուն:
Հպարտութիւնը խիստ կորստական հետեւանքներ ունի: Հպարտութիւնը յանցաւոր եւ ապերախտ կը ցցնէ մեզ Աստուծոյ առջեւ, Որմէ ստացած ենք ամէն բարիք եւ որ պարտաւոր ենք մեր բոլոր սիրտով փառաւորել: Հպարտութիւնը կրօնական զգացումին մեծ արգելք է, որովհետեւ, քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը կը մտածէ բնաւ չմտածել, այլ՝ մեր սիրտը, մեր միտքը եւ մեր կամքը աստուածային կամաց հնազանդեցնել, ճանչնալ մեր մեղքերը եւ այն դատապարտութիւնը, որուն արժանացած էինք, դիմել Աստուծոյ ողորմութեանն ու շնորհքին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով: Հպարտ եւ ամբարտաւան սիրտը այս կանոններուն կ՚ընդդիմանայ. ամբարիշտը նոյնիսկ ո՛չ այլ ինչ է, երթ ոչ անսանձ եւ կատաղի հպարտ, որ չ՚ուզեր ո՛չ մէկ լուծ կրել, չ՚ուզեր ճանչնալ ո՛չ մէկ իշխանութիւն եւ կ՚ուզէ հետեւիլ միայն իր ցանկութիւններուն եւ կիրքերուն: Հպարտութիւնը անիրաւ կը դարձնէ մարդը իր ընկերոջ նկատմամբ: Հպարտը սառնութեամբ կը նայի իրմէ բարձր բաներուն ու չարաչար կ՚ատէ. ան անխնայ կերպով կ՚աշխատի նուաստացնել ինչ որ բարձր է, եւ այս մասին ի գործ կը դնէ ամէն տեսակի անարգ միջոց. չարախօսութիւն, բամբասանք, կռիւ, վէճ եւ խռովութիւն: Ան կը ձգտի միայն բարձրանալ, ինչ ճանապարհով ալ ըլլայ: Հպարտը երբեք իրաւունք չի տար տաղանդին եւ արժանաւորութեան, այլ՝ անդադար վէճեր ու գանգատներ կը վառէ ու կը բորբոքէ: Ան գերդաստանի միութենէն քաղցրութիւնն ու պատիւը կը խլէ եւ ինք դիւրագրգիռ է ամէն տեսակի թեթեւ անպատուութեան համար: Հպարտը խստութեամբ կ՚իշխէ եւ զզուանքով կը հնազանդի, եւ հետեւաբար ան հասարակութեան համար պատիժ է: Հպարտը նոյնիսկ ինքն իր անձին համար վնասակար է, անմիտ ձեռնարկութիւններ հնարելով թէ՛ իր անձը եւ թէ ուրիշներունը մեծ դժբախտութեան կ՚ենթարկէ: Արգելք կը հանդիսանայ մանաւանդ ուղղութեան եւ զղջումին, որով մարդիկ կրնան Աստուծոյ ողորմութիւնը գտնել՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Սուրբ Գիրքը այսպէս կը խօսի հպարտութեան մասին. «Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն եւ իրենց առջեւ խոհական են» (Ես 5.21). «Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Իմաստունը իր իմաստութիւնով թող չպարծի ու զօրաւորը իր զօրութիւնը թող չպարծի, հարուստը իր հարստութիւնով թող չպարծի. բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ՚ընեմ. քանզի Ես ասոնց կը հաճիմ»» (Եր 9.23-24). «Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի թէ Աստուծմէ բան առած չէ» (Ա.Կր 4.7). «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա.Պտ 5.5): Սուրբ Գիրքը պարզապէս կը հաստատէ, թէ ինչպէ՞ս Աստուած սաստիկ կերպով կը պատժէ հպարտ փարաւոնը, Նաբուգոդոնոսորը: Հպարտը շատ անգամ արտաքնապէս շռայլ կ՚երեւի, հագուստի մէջ՝ պճնասէր, տան մէջ՝ շքեղասէր, ձի եւ կառք պահելու մէջ՝ զարդասէր, հիւրասիրութեան եւ մեծարանաց մէջ՝ չափազանց մսխող: Շռայլութիւնը մեր կարողութենէն վեր ծախսերու կ՚ենթարկէ մեզ, մեր հարստութիւնը կը վատնէ եւ աղքատութեան դուռը կը հասցնէ: Շռայլութենէ հեռանալու համար պարտինք հետեւիլ այս կանոններուն:
ա) Մեր ծախսերը պէտք չէ որ մեր եկամուտէն աւելի ըլլայ եւ կամ հաւասար, որովհետեւ մեր եկամուտին մէկ մասը պարտաւոր ենք ի գործ դնել մարդասիրութեան համար, իսկ միւս մասը մեր ձախորդ օրուան եւ կամ անակնկալ պատահարներուն համար պահպանել:
բ) Պէտք է մտադրութիւն դարձնել մեր ընդունակութեան եւ վիճակին վրայ, մեր կացութեան եւ աստիճանին վրայ, որպէսզի չկարողանան նախատել մեզ, որպէս թէ մեր անձը չենք ճանչնար, եւ մեր կարողութենէն վեր գործ կը բռնենք: Այս մէկը կրնայ հասարակութեան վնասել, նախանձ ու ատելութիւն զարթուցանել մեզի հաւասար մարդոց մէջ եւ խանգարելով ընկերականութեան կարգը՝ զզուանք պատճառել մեզմէ մեծերուն:
գ) Պարտինք յարգել մեր բնակած երկրին սովորութիւնը եւ ընդհանրապէս սիրել ու պատուել ինչ որ օգտաւէտ է եւ վայելուչ, որպէսզի վնասակար օրինակ չտանք մեր հայրենակիցներուն. որովհետեւ, մարդասիրութիւնը կը պահանջէ մեզմէ հեռացնել ամէն բան, ինչ որ կրնայ մեր ընկերոջ գայթակղութիւն պատճառել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 28
Վաղարշապատ