ՄԵԾԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
Մարդ կրնայ «բարի «մարդ» անուանուիլ, կրնայ նաեւ «յաջող մարդ» ըլլալ, չարութիւններէ հեռու ապրիլ, խուսափիլ վատ գործերէ, կրնայ ո՛չ ոքի չարութիւն ընել, բայց եթէ գործնականապէս բարիք չընէր, անիկա «չէզոք անձ» մը կը նկատուի, որ կը նշանակէ՝ «ամուլ, անշահ եւ անօգուտ մարդ» ըլլալ։ Ամուլ մարդը անշարժ եւ անաշխատ մարդ է, որ եթէ վնաս չի պատճառեր ուղղակի, բայց օգուտ եւ բարիք ալ չ՚ունենար իր շուրջիններուն եւ անուղղակի կերպով վնասակար մէկը կ՚ըլլայ իր միջավայրին մէջ։ Անշահ եւ անօգուտ մարդը վնասակար մարդ է, քանի որ ընկերային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անհատ պարտականութիւն մը ունի եւ պէ՛տք է գործադրէ զայն հանրային օգտին համար։
Կան նաեւ օգտակար մարդիկ, որոշ չափով նպաստող հանրութեան, բայց անոնց այդ օգտակարութիւնը փոխանակ պարտականութիւն համարելու, անոնք կը պարծենան որպէս շնորհ մը ըրած ըլլան։
Եւ կան ոմանք ալ, որ ո՛չինչ կ՚ընեն, բայց միշտ հպարտ են իրենք իրենցմով, կարծես մեծագործութիւն մը կատարած ըլլային։ Ինքնագովութիւնը եւ մեծամտութիւնը իրենց միակ գործն է, այլապէս աննպատակ, անիմաստ կեանք մը կ՚ապրին անոնք…։
Արդարեւ, ինքն իրմով հպարտ, մեծամիտ մարդը թերեւս կը կատարէ մանր-մունր գործեր, որոնք այնքան ալ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ, երկրորդական արարողութիւններ են, ընդհանրապէս մարդոց պահանջներուն չեն համապատասխաներ, բայց ինքն իր մասին շատ բարձր կարծիք կը ստեղծեն։
Ինքնահաւան մարդը, պարծենալով եւ տեւական ինքզինք գովաբանելով, թէ ինք նման չէ ուրիշ մարդոց։ Այնպիսիներուն համար Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Ան ամբողջ աշխարհը դատապարտեց, իսկ իր անձը արդարացուց»։ Նման տրամադրուածութեամբ անշուշտ, մարդիկ ի վիճակի չեն կրնար ըլլալ ինքնաքննութեան եւ ինքնաքննադատօրէն վերաբերուիլ իրենց անձին, ներհայեցողութեամբ դիմաւորուիլ իրենց «Ես»ին հետ, եւ անդրադառնալ իրենց իրական վիճակին։ Անոնք քանի որ չեն անդրադառնալ իրականութեան, ապա ուրեմն չեն ապաշխարիր եւ չեն սկսիր բուն առաքինի կեանքի։ Հպարտ եւ մեծամիտ մարդը ինքզինք միշտ գագաթը կարծելուն՝ աստիճան մը իսկ վեր չի կրնար բարձրանալ եւ կը մնայ միշտ իրապէս բարձրերուն ստորոտը, եւ ցաւալին այն է, որ երբեք չ՚անդրադառնար իր իրական վիճակին, թերեւս ալ կ՚անդրադառնայ բայց ընդունիլ չ՚ուզեր իր վիճակը։
Ահաւասիկ, ա՛յս է հպարտ, մեծամիծ, ինքնահաւան մարդուն հոգեվիճակը։ Ինքնահաւան եւ մեծամիտ մարդուն բարոյական էութիւնը, բոլորովին անկենդան է։ Յիսուս յաճախ կ՚ազդարարէր այդպիսիները, հրապարակաւ սաստելով զանոնք. «Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչները եւ փարիսեցիները։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ընեն. որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր…» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 1-3)։ Բայց Յիսուս փարիսեցիին համար ըսաւ. «Մաքսաւորը տուն վերադարձաւ արդարացած, քան թէ փարիսեցին»։ Ուստի մաքսաւորին անկեղծ զղջումը ընդունեց Աստուած։ Եւ այսօր ալ կան փարիսեցիներ եւ մաքսաւորներ՝ եթէ ո՛չ անունով այլ՝ գործով։ Չէ՞ որ մարդուս գործը կը յայտնէ իր նկարագիրը։
Ուստի ինքնամեծարման, մեծամտութեան եւ ինքնագովութեան կիրքը ա՛յսօր ալ կը տիրէ մարդոց հոգիներուն, քանի որ մարդկային ընդհանուր բնութիւնը չի փոխուիր էապէս, կը մնայ միշտ նոյնը։
Հպարտութիւնը, մեծամտութիւնը չար ոգիի ներշնչման լեղի պտուղն է. ան սին եւ սուտ, չափազանցուած կարծիքը եւ համոզումն է սեփական անձի իրական կամ կարծեցեալ կատարելութիւններու մասին՝ միւսներու վիրաւորական ստորնացման հետ միատեղ։
Անիմաստ է հաշուելը, թէ քանի բարի գործ կատարած ենք մենք մէկ օրուայ եւ կամ մէկ տարուայ ընթացքին, որովհետեւ այն բոլոր բարի գործերը կը ծածկուին մեր բազմաթիւ մեղքերու տակ, ինչպէս վայրկեանը՝ յաւիտենականութեան, եւ յետոյ, այդ հաշիւները պէտք չեն Աստուծոյ։ Ան մեր սիրտը կը ցանկայ. (ԱՌԱԿ. ԻԳ 26)։ Կատարուած բարի գործերուն քանակին մասին մտածելը օրինապաշտութիւն կը բերէ՝ ձեւամոլութիւն, ինչպէս ան յատուկ է փարիսեցիներուն՝ փարիսեցիներու մտայնութեա՛ն։
Բայց Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը» (ՄԱՏԹ. Ե 20)։
Արդարեւ, քրիստոնէական բարեպաշտութեան ճշմարիտ սխրանքներու համար հարկաւոր է փարիսեցիի արտաքին բարի գործերուն միաձուլել մաքսաւորի ներքին խոնարհամտութիւնը։
Մեծամտութիւնը, հպարտութիւնը խտրականութիւն կը ստեղծէ մարդոց միջեւ, մինչդեռ խտրականութիւնը ներհակ է Աստուծոյ ծրագրին։
Հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։
Ուստի, ամէն տեսակ «խտրականութիւն» որ կը հայի անձին հիմնական եւ էական իրաւունքներուն կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային ընդհանուր կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ, եւ կամ ուսման աստիճանին վրայ, պէտք է զանցուի իբրեւ հակառակ Աստուծոյ ստեղծագործութեամբ հաստատած ընդհանուր ծրագրին։ Աշխարհ գալով, մարդը իր տրամադրութեան տակ չունի ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին բարգաւաճումին համար։ Ուստի ունի կարիքը ուրիշներուն։ Կը յայտնուին տարբերութիւններ, բայց այդ տարբերութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն, մարդկութեան կատարելագործման կը նպաստեն։ Եւ ուրեմն այդ բնական տարբերութիւններու մէջ մին միւսը չի կրնար ստորագնահատել կամ ստորադասել, քանի որ եթէ ունի առաւելութիւններ, ունի նաեւ թերութիւններ, տկարութիւններ՝ որոնք կը գտնուին ուրիշի մը մօտ։
Մարդ, քանի որ պահանջքը եւ կարիքը ունի ուրիշի մը, ապա ուրեմն չի կրնար ինքզինք կատարեալ, անթերի համարել եւ հպարտանալ, մեծամտութեամբ վարուիլ իր շուրջիններուն՝ իր նմաններուն հետ, որովհետեւ մարդ կոչուած է հաւաքական կեանք ապրելու, որուն բնական հետեւանքն է իրերօգնութիւն՝ ուր երբե՛ք տեղ չունի հպարտութիւնը եւ մեծամտութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2019, Իսթանպուլ