ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«RESPECT» («ՅԱՐԳԱՆՔ»),
ԱՐԵԹԱ ՖՐԱՆՔԼԻՆ
Յաճախ կը պատահի, որ մեր լսած երգը նորէն ու նորէն լսենք, օրեր, ժամեր, տարիներ անցընենք այդ երգին ընկերակցութեամբ, յուզուինք, ուրախանանք, տխրինք, սիրահարինք, հիասթափինք անոր լուռ ընկերակցութեամբ: Կան երգեր, որոնք տեսած են մեր կեանքի գրեթէ բոլոր փուլերը յաջորդաբար եւ աւելի շատ յուշեր կը պահեն իրենց մէջ, քան մենք: Երբեմն ալ անոնք մեր միակ ընկերներն են օրուան այս կամ այն ժամուն կամ կեանքի մէկ կարեւոր շրջանին: Կան երգեր, որոնց տարիքը աւելի մեծ է, քան մերը: Կան նաեւ երիտասարդները: Անոնց բոլորին կը կապէ մէկ բան. անոնք դարձած են պատմութիւն: Լաւ երգը լաւ գինիի նման չի հիննար, այլ, մեծցնելով տարիքը, աւելի լաւը կը դառնայ անկէ:
Օրեր առաջ հերթական անգամ, սովորութեան համաձայն, բացի երգացանկս ու միացուցի սիրելի երգերէս մէկը (կարծեմ արդէն միլիոներորդ անգամ): Բառերը, որոնք առաջինէն մինչեւ վերջինը անգիր գիտէի, կպչուն միտքի նման սկսան անընդհատ պտըտիլ շուրջս: Որոշեցի անպայման գիտնալ երգի ստեղծման պատմութիւնը, հեղինակին զգացողութիւնը, ներքնաշխարհը՝ երգը արարելու պահուն: Եւ, ի զարմանս ինծի, յայտնաբերեցի, որ երգը, պատմութիւն ըլլալէ բացի, ունի նախապատմութիւն, ինչ որ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ զայն ու կը բացայայտէ բոլորովին ուրիշ տեսանկիւնէ:
Այսպէս եւ ծնաւ շարքը գրելու եւ, սիրելի ընթերցող, քեզի հետ բացայայտումներս կիսելու միտքը, ուր յաճախ լսուած ու ընտանիքի անդամ դարձած երգերու մասին կը պատմեմ այն ինչ իրենք կը թաքցնեն մեզմէ, կամ պարզապէս կը լռեն: Երգեր, որոնք երաժշտութեան պատմութեան մէջ իրենց հետքը ձգած են եւ դասուած «անմահներու» շարքին:
Այսպէս ծնաւ «Երգի մը Պատմութիւնը» շարքը, որուն երկրորդը այսօր կը հրամցնենք քեզի:
*
Ռիթմ եւ պլուզ ոճի այս երգը գրած է Օթիս Ռետինկ 1965 թուականին: Թողարկուած է Միացեալ Նահանգներու առանձին ձայնասկաւառակի մէջ: Երկու տարի անց «Respect»ը լայն տարածում գտաւ եւ շարունակ հնչող երգերէն դարձաւ Արեթա Ֆրանքլինի կատարումէն ետք: Այդ ժամանակէն ի վեր ան կը համարուի Արեթայի այցեքարտը:
Երգի ստեղծման պատմութիւնը կը սկսի թմբկահար Էլ Ճեքսոնի հեգնական մէկ արտայայտութենէն, որ իբր թէ Ռետինկին ըսած է. «Ինչո՞ւ համար կը բողոքես: Դուն անընդհատ շրջագայութիւններու մէջ ես: Այն ամէնը՝ ինչ կրնայ քեզի պէտք ըլլալ, քիչ մը յարգանքն է, երբ տուն կը վերադառնաս»:
Ներշնչուած այս խօսակցութենէն՝ Ռետինկ կը գրէ «Respect»ը («Յարգանք»), որ, ինչպէս ինք յետոյ կը յիշէ, «խլեց իրմէ ընդամէնը մէկ օր՝ գրելու համար, 20 վայրկեան՝ գործիքաւորման համար եւ մէկ փորձ՝ ձայնագրելու համար»:
Երգը նախատեսուած էր այլ երաժիշտի համար, որ, սակայն, չկրցաւ յաջողիլ: Ռետինկ որոշեց անձամբ կատարել երգը, որ մտաւ իր «Otis Blue» ալպոմի երգացանկին մէջ: Հետեւաբար երգը դարձաւ «Օթիս»ի ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն մէկը, զոր ան նոյնիսկ կատարեց Մոնթերէյի ռոք-փառատօնի ժամանակ:
Բայց այդ յաջողութիւնը չէր համեմատուեր Արեթայի կատարումին յաջորդած յաջողութեան: Ան դարձաւ Ֆրանքլինի առաջին միջազգային կատարումը, որ ընդգրկուեցաւ բրիտանական ցանկի թէժ տասնեակին մէջ՝ Ֆրանքլինը հռչակելով ՍՈՈՒԼԻ ԹԱԳՈՒՀԻ: Ժամանակին հետ երգը վերածուեցաւ սեռերու հաւասարութեան համար պայքարի իւրօրինակ քայլերգի եւ հնչեց բազմաթիւ գեղարուեստական շարժանկարներու մէջ: Ֆրանքլինի կատարմամբ ձայնագրութիւնը արժանացած է երկու «Կրեմմի» մրցանակի:
Բնօրինակին մէջ տղամարդը կը խընդ-րէ կնոջմէ «յարգանք» ցուցաբերել (նկատի ունենալով ֆիզիքական սէրը), որուն դիմաց ան կը փակէ աչքերը կնոջ թերութիւններուն վրայ: Արեթան փոփոխութեան ենթարկեց բնագիրը՝ զայն վերածելով ուժեղ կնոջ մենախօսութեան, ուր ան յարգանք կը պահանջէ իր անձին հանդէպ: Արեթայի տարբերակը յաճախ կը կատարեն իգական սեռի իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած միջոցառումներու ժամանակ:
Արեթա Ֆրանքլին ռիթմ եւ պլուզ, սոուլ եւ կոսփել ոճերուն մէջ երգող ամերիկացի երգչուհի է, որ իր գործունէութեան ընթացքին վայելեց հռչակի եւ յաջողութեան տասնեակ տարիներ: Բացառիկ ճկուն եւ ուժեղ երգեցողութեան համար զինքը կ՚անուանեն ՍՈՈՒԼԻ ԹԱԳՈՒՀԻ: Իր կտրուկ, վստահ երգեցողութիւնը նորարարական գործիքաւորումներու ուղեկցութեամբ յիրաւի կը համարուի դասական սոուլ ոճի չափանիշ:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան