ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՋԱԾ ՀԱՑԸ
«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։
Յիսուսի շուրջ յաճախ կը հաւաքուէր մեծ բազմութիւն մը, ոչ միայն Իր ուսուցումը լսելու, այլ որովհետեւ ականատես կ՚ըլլային բազմաթիւ հրաշքներու՝ հիւանդներու բժշկութեան եւ նաեւ հացերու եւ ձուկերու բազմացմամբ, քանի անգամներ հազարաւորներ կերակրած ըլլալուն։
Այս կը նշանակէ՝ թէ մարդ աւելի շատ հաւատք կ՚ընծայէ այն պատճառով, որ տեսանելի եւ շօշափելի դրուագներու ականատես է եղած։
Մինչդեռ Յիսուսի խօսքը յստակ է. «Ով որ հաւատայ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ»։
Յիսուսի այս խորիմաստ խօսքին մէջ կարելի է նկատել ջինջ եւ անսակարկ՝ անխախտ, հաստատուն հաւատք մը, եւ ո՛չ թէ կարգ մը «պատճառ»ներու բերմամբ ստեղծուած հաւատք մը, որ կարելի է նիւթ դառնայ տարակուսանքներու եւ վարանումներու։
Արդարեւ, բժշկուողը կամ կշտացողը բնականաբար կը հաւատայ, քանի որ ան ականատես է եղած եւ ապրած, բայց իրական հաւատքը կը կայանայ բժշկուելու եւ կշտանալու հաստատ յոյսին մէջ։
Ուստի, յոյսին ստեղծած հաւատքը հաստատ հաւատք մըն է՝ իրողութեան հետեւանքով ստեղծուած հաւատքի մը նկատմամբ։ Եւ ուրեմն, հաւատքը պէտք է կանխէ իրողութիւնը եւ զօրացած ըլլայ յոյսով։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք։ Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ» (ՅՈՎՀ. Զ 26-27)։
Եւ շարունակելով Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ» (ՅՈՎՀ. Զ 35, 40-41, 48, 51, 54, 58)։ Արդարեւ, հացը, մարդուս կեանքին համար, մարմնին՝ ֆիզիքական էութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ է։ Բայց մարդ միայն մարմին չէ, այլ նաեւ հոգի՛, եւ ուրեմն հոգիին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար ալ անհրաժեշտ է «երկնային Հաց»ը, հոգեւոր հացը, որ է, Յիսուս Քրիստոս։ Ահաւասիկ, «հաց»ը որ գործածուած է հոս փոխաբերաբար, որպէս կեանք տուող, կենդանի պահող, Յիսուս Ի՛նքն է, որ կը ներկայացուի «Մարմին»ով եւ «Արիւն»ով։ Արդարեւ, Յիսուսի ամբողջ երկրային կեանքը կը բացայայտէ մարդկութեան թերութիւնները եւ տկարութիւնները՝ որոնց հետեւանքն է անհաւատութի՛ւնը։ Մարդիկ անհաւատ են, քանի որ անոնք հոգւով եւ միտքով անկատար են, թերի են եւ տկարութիւններ ունին։ Մարդ կը հաւատայ միայն անոր՝ որ իր մարմնաւոր կեանքին օգուտ եւ շահ կ՚ապահովէ. ան կը տեսնէ միա՛յն նիւթապէս տեսանելին եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններուն կարեւորութիւն չ՚ընծայեր։ Մարդ իր «կարճատեսութեան» պատճառով կը հաւատայ միայն իր մարմնաւոր աչքով տեսածին եւ կ՚անտեսէ հոգեւոր աչքով միայն տեսանելի ճշմարտութիւնները։
Դիտենք մեր շուրջը սիրելի՜ բարեկամներ, որքան շատ կարելի է հանդիպիլ անձերու, որոնք «անուանեալ քրիստոնեայ»ներ են, եկեղեցի ալ կը յաճախեն ատեն ատեն, եւ կ՚ըսեն՝ թէ «հաւատացեալ» են… Կան նաեւ անձեր, որոնք եկեղեցի յաճախելու պահանջքը չեն զգար, ըսելով թէ՝ եկեղեցի երթալու պէտքը չունին, քանի որ իրենք սրտով արդէն կը հաւատան Աստուծոյ ճշմարտութեան, եւ արդէն այդ բաւարար է իրենց համար։
«Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի», կ՚ըսէ Յակոբոս Տեսառնեղբայր իր Ընդհանրական նամակին մէջ. (ՅԱԿ. Բ 14), եւ կը շարուակաէ. «Դուն կը հաւատաս թէ մէ՛կ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է… Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործելու մեռած է» (ՅԱԿ. Բ 19-20 եւ 26)։
Պարագան նոյնն է գիտութեան մէջ. մարդ երբ գիտուն ըլլայ, ամենագէտ, բայց երբ իր գիտութիւնը չտարածէ, ուրիշներուն օգտագործման չներկայացնէ, այդ գիտութիւնը ո՛չինչ կ՚արժէ…։
Անաշխատ, անգործ, ամուլ որեւէ արժէք՝ կը կորսնցնէ իր արժանիքը, քանի որ ո՛չ մէկ բանի, ոչ մէկու կը ծառայէ՝ անշահ, աննպատակ եւ անիմաստ իրողութիւն մը ըլլալով կը մնայ միայն։
Ուստի, մարդուս մարմնական-ֆիզիքական մարմինը կը գոյապահպանուի սնունդով, եւ սնունդն է որ ուժ եւ կարողութիւն կու տայ եւ այդ կ՚ապահովուի «հաց»ով՝ նիւթական, երկրային հացով։ Բաւարար սնունդը ուժ կու տայ մարդուս եւ կ՚ապահովէ անոր գործունէութիւնը։
Եթէ նիւթական հացը պակսի, մարմինը կը տկարանայ, կը հալի եւ կը մաշի եւ մարդ կը զրկուի իր ուժերէն, գործունէութենէն եւ մինչեւ իսկ մահուան պատճառ կը հանդիսանայ։
Երբ պարագան մարդուս ֆիզիքական-մարմնական կեանքի մասին է հացի պակասը, հապա հոգիին համար ի՞նչ պէտք է մտածել, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ նաեւ՝ հոգի՛։ Հոգին ալ սնունդի պահանջքը ունի, ան ալ ուժի եւ կարողութեան կը կարօտի՝ այնքան ատեն որ մարմնի մէջ, մարմնաւորին հետ գոյութիւնը կը շարունակէ։ Բայց ֆիզիքական մարմինը ժամանակաւոր է, իսկ հոգին՝ անժամանակ, եւ ուրեմն հոգին շատ աւելի կարեւոր է, քանի որ հոգին է որ մարդս կը տանի յաւիտենական-անժամանակ կեանքին։ Այս պատճառով բանական է եւ աւելի բնական, որ մարդ աւելի՛ եւս, առաւե՛լ եւս կարեւորութիւն ընծայէ հոգիին եւ խնամէ, հոգայ զայն։
Բայց մարդ միշտ, կամ ըսենք, ընդհանրապէս հակառակը կ՚ընէ եւ մարմնաւորին առաւել կարեւորութիւն կ՚ընծայէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 27, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024