ՄԱՐԴ ՇԻՆԱՐԱՐ ԸԼԼԱԼՈՒ Է
«Որ ո՛չ կորուսանել զմարդկան ոգիս այլ կեցուցանել»։ (Գրիգոր Նարեկացի-Նարեկ, Բան ԽԱ)։
«Դուն որ եկար ո՛չ թէ կորսնցնելու՝ այլ ապրեցնելու մարդոց հոգիները»։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի այսպէս կ՚աղօթէ երբ ներում կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ։
Արդարեւ, Յիսուս ալ կ՚ըսէ՝ թէ ինք չէ եկած առողջներուն համար, այլ հիւանդներուն՝ որպէսզի բժշկէ զանոնք։ Ուստի «կորսուածներու առակներ»ուն մէջ ալ Յիսուս կը մատնանշէ կորսուածները փնտռելու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնն ալ մեզի ցոյց կու տայ թէ՝ որեւէ արժէք կորսնցնել դիւրին է, բայց զայն փնտռել եւ գտնել՝ դժուար, քանի որ կորսուածին արժէքը կրկնապատիկ կ՚աւելնայ քան ձեռքի տակ գտնուած ատեն ունեցած արժէքը։
Ահաւասիկ, այս առակներէն մին է նաեւ «անպտուղ կամ անբերրի թզենի»ին առակը։
«Տէ՛ր, թող այս տարի ալ մնայ, ես իր շուրջը գտնուող հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն» (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։
Ահաւասիկ կորսուածը վերագտնելու եւ մեռածը վերակենդանացնելու՝ կեանքի կոչելու աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը պատկերացնող առակ մը։ Արդարեւ թզենին պտղառատ ծառ մըն է, նաեւ մարդոց օգտակար՝ շուքի համար, մանաւանդ տաք կլիմայի մէջ ապրողներու համար։
Թզենին եղած է նաեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ։ «Եւ Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա եւ Իսրայէլ, Դանէ մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթին տակ եւ իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր», (Գ ԹԱԳ. Դ 25)։
Բայց եթէ ծառ մը անպտուղ է եւ անբերրի անշահ, անօգուտ ծառ մըն է։ Ուստի պարտէզի մը մէջ, անպտուղ ծառը պարզապէս տեղ կը գրաւէ եւ միւս պտղաբեր ծառերուն աճումին արգելք կը հանդիսանայ՝ անոնց աւիշը քաշելով եւ օգտուելով։ Մակաբո՛յծ մըն է անպտուղ ծառը։
Արդարեւ, անպտուղ ծառը կը նմանի այն մարդուն՝ որ կ՚ապրի աշխարհի վրայ, բայց ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունի ոչ իր նմաններուն եւ ոչ ալ Աստուծոյ գործին եւ պարզապէս կ՚ապրի մարդոց թիւին վրայ թուա-նըշան մը աւելցնելու համար։
Այսպիսի մարդիկ եւս «մակաբոյծ»ներ են՝ որոնք «ընկերային գող»եր կ՚անուանէ Ժ. Ժ. Ռուսօ։
Այդ «մակաբոյծ»ները ո՛չ մէկ օգուտ ունին մշակոյթին, ընկերութեան, ժողովուրդին եւ եկեղեցիին։ Անոնք կ՚ապրին միայն ուտելու համար եւ բեռ կ՚ըլլան մարդկային ընկերութեան վրայ, նման այն անպտուղ, անբերրի ծառին, որ բեռ է պարտէզին եւ պարտիզպանին վրայ։ Ուստի եթէ պտղատու ծառ մը դադրի պտուղ արտադրելէ, իր օգտակարութեան վե՛րջ տուած կ՚ըլլայ…։
Պարտիզպանը երբ տեսնէ անպտուղ ծառը իր պարտէզին մէջ, յուսախաբ կ՚ըլլայ եւ անոր գոյութենէն կը սկսի ցաւ զգալ այլեւս։ Ուստի կը մտածէ արմատախիլ ընել անպտուղ ծառը։
Ընկերային կեանքի մէջ ալ կարելի է տեսնել «անպտուղ ծառ»ի օրինակով մարդիկ, որոնք դիրք մը գրաւած՝ պարզապէս իրենց հասակը կը ցուցադրեն, տեղ կը գրաւեն եւ ըսել կ՚ուզեն, որ իրենք հո՛ս են, եւ արգելք կը հանդիսանան իրապէս օգտակար տարրերու գործունէութեան։
Այդպիսիներ ընկերութեան մէջ տեղ գրաւել, իրենքզիրենք ցուցադրել կ՚ուզեն եւ այդքանով ալ չեն բաւարարուիր եւ ուրիշներուն աւիշը կը ծծեն։ Ահաւասիկ, ճիշդ անոնք՝ որոնք «ընկերային գող»եր կ՚անուանէ Ժ. Ժ. Ռուսօ։ Մինչդեռ անոնք եթէ հրաժարին իրենց գրաւած դիրքէն՝ արդիւնաւէտ եւ պտղատու, բերրի անձերով փոխարինուին, օգտուողը մարդկային ընկերութիւնը կ՚ըլլայ։ Ուրիշներուն օգտակարութիւնը խափանելը եւ ժամավաճառութիւնը ամենամեծ չարիքն է մարդկային ընկերութեան հանդէպ։
Ընկերութեան հանդէպ իւրաքանչիւր անհատ պարտք մը, պարտականութիւն մը ունի իր կարողութեան, կարելիութեան եւ տարողութեան համեմատ. բայց անպայմա՛ն պարտք մը ունի։ Եւ այն որ անտարբեր է իր պարտքին եւ պարտականութեան, կ՚ապրի պարզապէս «կոչեցեալ մարդ»՝ անպտուղ ծառին նման, որ ծա՛ռ է, բայց ծառ ըլլալու հանգամանքէն զուրկ է։ Ուստի Քրիստոս կ՚ըսէ՝ թէ ինք որթն է եւ մարդիկ ճիւղերը։
Ամուլ՝ քիչ արտադրող, ստերջ կեանքը պարապ կեանք մըն է՝ մակաբուծութիւն՝ ինչ որ աղէտ մըն է մարդկային ընկերութեան համար։
Ուստի աւելի երանելի է տալը քան առնելը, եւ անոնք որ միայն առնել գիտեն, իրենց «մարդ» կոչումին անհաւատարիմ են, քանի որ մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան համար, աւելի տալո՛ւ քան առնելու։ Արդէն իւրաքանչիւր անհատ եթէ գիտնայ տալը, ամէն մարդ կ՚օգտուի եւ բնականաբար կ՚առնէ, ի՛նչ որ առնել կ՚ուզէ։ Արդարեւ, ամէն տուող՝ առնող մը ունի իր դէմը եւ փոխադարձաբար, առնողն ալ պէտք է տայ, այն ինչ որ ինք ունի։ Ընկերային կեանքը այս առեւտուրին վրայ է հաստատուած. առնելու եւ տալու, տալու եւ առնելու ներդաշնակութիւնն է, որ ընկերային երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն կը ստեղծէ։ Ընկերութեան մը մէջ եթէ առեւտուրի գործողութիւնը իրարու համեմատ եւ արդար է՝ այդ ընկերութիւնը առողջ, խաղաղ եւ երջանիկ ընկերութիւն մըն է։
Անպտուղ ծառը՝ ամուլ, անաշխատ, անգործ մարդու մը կը նմանի՝ հոգեպէս մեռած է, ինչպէս չորցած ծառ մը։ «Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար՝ կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի», (ՄԱՏԹ. Է 19)։
Ահաւասիկ, այս կէտին է որ հանդուրժողութեան արժէքը յայտնի կը դառնայ, որուն պէտք է ընկերանայ համբերատարութիւնը։ Արդարեւ, հանդուրժողութիւն եւ համբերատարութիւն երկու առաքինութիւններ են, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ մարդս կը կատարելագործեն։ Կորսուածը գտնելու, անպտուղը պտղաբեր դարձնելու համար, եւ ընդհանրապէս սխալը սրբագրելու, թերութիւնը լրացնելու, տկարութիւնը զօրացնելու համար անհրաժեշտ են՝ հանդուրժողութիւն եւ համբերատարութիւն՝ այս երկու առաքինութիւններով օժտուած ըլլալ։
Ո՛չ մէկ պարտիզպան կ՚ուզէ որ իր ծառը կորսուի, այլ կ՚ուզէ որ օգտուի անոր պտուղներէն, եւ այնպէս ալ՝ Աստուա՛ծ։ Աստուած «չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի, այլ կ՚ուզէ որ ամէնքն ալ գան ապաշխարութեան» (Բ ՊԵՏՐ. Գ 9)։ Եւ անոնք որ կ՚ապաշխարեն կը փրկուին, անոնք որ կորսուած էին կը գտնուին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 1, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024