ԴԷՊԻ ՆԵՄՐՈՒԹ
Ատըեամանեան շրջագայութիւնս խիստ ծանրաբեռնուած էր մարդկային շփումներով. hանդիպումներ ու հարցազրոյցներ՝ առաւօտէն իրիկուն, որոնցմէ դժգոհելու պատճառ չունէի անշուշտ. ընկերային մարդաբանութեան ուսանողիս համար տարրական սնունդ էր այդ ամէնը պարզապէս։
Ատըեամանեան յիշողութեանս մէջ կան սակայն մի քանի ժամեր, որոնց ընթացքին սեւեռումս ժամանակաւորապէս շեղած էր մարդէն, տեղւոյն հայերէն, նոյնիսկ Ատըեամանէն։ Ոտքերս ու հոգիս ուղեւորուած էին դէպի աւելի հին ու ծեր, աւելի բարձր ու վսեմ տիրակալն ու բնակիչը շրջանի՝ Նեմրութ լեռ։
«Ասկէ վերջ մինակդ շարունակէ», ինքնաշարժէն իջնելէ վերջ ըսած էր Գրիգոր աղբարիկ ու նստած շուքին, խնայելու համար ծունկերը։ Առանձին պիտի բարձրանայի վեր, դէպի բնութիւն ու պատմութիւն։
Համատարած սրճագոյն ու դեղինի վրայ իշխող սարը ի՛նք այդ չորութիւնը սփռողը ըլլար կարծես։ Անջրդի հող, աղմկոտ հով, այրող արեւ։ Ապրող ոչինչ, բացի անթիւ, անհամար մարախներէ, իրե՛նք ալ դեղին, իրե՛նք ալ յոգնած ու մեռնող։ Մարդկային քայլի տակ ճզմուած անշարժ դիակ մը՝ ամէն քանի մը աստիճակը մէկ։
Արեւը կ՚այրէր ծոծրակս, հովը կը թմբկահարէր ականջներուս մէջ, ոտքերս քիչ-քիչ կը յոգնէին մարախներով ականապատուած աստիճաններուն վրայ խուսանաւելով։ Բայց պէտք է վե՛ր նայէի, դէպի գագաթ, որ քիչ-քիչ կը մօտենար։ Ու նաեւ ետեւ, վար, ընկալել կարենալու համար բարձրութիւնը լերան. փոքրացող քանի մը ծառ հոս-հոն, անհետացող մարդիկ ու Գրիգոր աղբարիկ, եւ լայնցող, անվերջ ծաւալուող դաշտը հին Գոմմակենեայի թագաւորութեան։
Այսպէս կէ՞ս ժամ, թէ՞ աւելի, ի վերջոյ հասայ բարձունքին։ Հին հայկական չաստուածներն էին բազմած, լուռ ու քարամարմին։ Ոմանք գլխատուած, ինկած, բայց դեռ մնացող. մնայո՞ւն։ Արամազդ, Միհր, Վահագն... Ք.Ա. 62-րդ դարուն Անտիոք թագաւորի կողմէ պատուիրուած գերեզմանատան պահակներ։
Նայիլ չաստուածներուն, յետոյ հեռուն՝ Նեմրութի չորս դին սփռուած լեռնային ծովուն։ Յետոյ ետ՝ արձաններուն։ Բայց դարձեալ հեռուն, հիւսիս՝ Խարբերդ, արեւելք՝ Տիգրանակերտ, հարաւ՝ Ուրֆա, հիւսիս-արեւելք՝ Մալաթիա։ Եւ այսպէս շարունակ, պտըտիլ պատմութեան ու բնութեան միջեւ, մինչեւ արեւը պիտի սկսէր զարնել գանկիս ու ստիպել հրաժեշտ տալ Նեմրութին։
Այդ պահուն արդէն մարդն էր, որ վերադարձաւ։ 50-60 տարեկան զոյգ մը, եկած Խարբերդէն. ամուսինը մօտեցաւ ինծի ու պեխերուն տակէն խնդրեց, որ նկարահանեմ զիրենք։ Պատրա՛ստ, ժպի՛տ, նկա՛ր։ Բայց վերջը չէր։ Մարդը ուրտեղացի ըլլալս հարցուց։ Քանի մը ակնթարթ լռեցի, յետոյ հարցումէն անդին անցնելով ըսի, որ Լիբանանէն եմ, բայց հայ. իսկ նախնիներս՝ Ակնէն, ձեր Քեմալիյէն, հո՛ն այդ լեռներուն ետեւը տեղ մը։
Մարդը աչքերուս մէջ նայելով տատամսոտ ձայնով մը հարցուց. «Այդ դէպքերը իսկապէս պատահած են, չէ՞»։ Նեմրութի չոր գագաթին՝ չոր հաստատական պատասխան իմ կողմէս։
Եւ վերջ. վերադարձած էի մարդկութեան դաշտ։
Գրիգոր աղբարիկն ալ կը սպասէր. ուրեմն իջնել գագաթէն։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ